Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Պատուաբեր Արդիւնքը

Մայիս 22, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ՏԱՔԷՍԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, ուրբաթ, 29 մարտ  2019-ին տեղի ունեցաւ միջդպրոցական երգի մրցում մը` նուիրուած հանրայայտ արուեստագէտ, երաժիշտ ու յօրինող Զաքի Նասիֆին:

Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահի մթնոլորտը աշխուժացած էր աշակերտներու խանդավառութեամբ, ինքնավստահութեամբ ու վճռակամութեամբ:  Մասնակից էին Լիբանանի տարբեր շրջաններէ ժամանած քառասունհինգ վարժարաններու երգչախումբեր, որոնց մէջ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը միակ մասնակից հայկական վարժարանը կը հանդիսանար:

Մրցոյթը կը բաղկանար երկու փուլերէ:  Առաջին փուլին վարժարանիս երգչախումբը մեկնաբանեց Զաքի Նասիֆի «Միլի եա ժաննաթ պիլատի» երգը, ապա` Ճան Նիւթընի «Էմէյզինկ կրէյս»-ը:

Խստապահանջ դատակազմին որոշումով երկրորդ եւ եզրափակիչ փուլ անցան տասնվեց դպրոցներ, որոնց մէջ նաեւ վարժարանի երգչախումբը` շատ լաւ գնահատումով:

Եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 մայիսին:  Մասնակից երգչախումբերը մեկնաբանեցին Զաքի Նասիֆի ստեղծագործութիւններէն «Եա ժպալ պիլատիլ խատրա» պարտադիր կտորը:  Բուռն մրցակցութեան մթնոլորտ կը տիրէր սրահին մէջ:  Վարժարանիս աշակերտները ելոյթ ունեցան բարձր արուեստով:  Անոնց մեկաբանութիւնը հարազատ էր:  Երգի բառերուն հետ հարազատ կը հնչէին նաեւ արեւելեան երաժշտութեան կշռոյթները:

Աշակերտներուն ելոյթը հաղորդական էր ու խօսուն:  Նուրբ եւ ուժգին վերիվայրումները զգացական ու ազգային վառ ապրումներով ոգեւորեցին մրցոյթի կազմակերպիչներն ու դատական կազմը:

Երգչախումբի ղեկավար ու խմբավար Շողիկ Թորոսեանը մասնագիտական հմտութեամբ եւ կատարեալ նուիրումով կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը եւ հասաւ բոլորիս ակնկալած պատուաբեր արդիւնքին:  Վարժարանիս երգչախումբը նուաճեց երրորդ դիրքը:  Երգչախումբին դաշնակի վրայ կ՛ընկերակցէր Համեստ Պոյաճեանը:  Երգերուն մշակումն ու դաշնաւորումը կատարած էր արուեստագէտ Էտի Թորիկեանը:

Յաւելեալ փորձեր, զոհողութիւն եւ մտահոգութիւն` բոլորն ալ վերացած էին փայլուն ու յաջող արդիւնքով:  Ներկաները յոտնկայս ծափողջոյններով գնահատեցին մրցանակակիր խումբերը:

Այս օրուան յիշատակը վառ պիտի մնայ մասնակիցներուն մտքերուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք գոհունակութեան, ցնծութեան եւ հպարտութեան զգացումներով լեցուած մեկնեցան սրահէն:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1969)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?