Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Ազգային միացեալ վարժարանի մանկապարտէզի 2018-2019 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանին «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ: Մանկապարտէզի Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն այս տարուան ներկայացման առանցքը կը կազմէր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը: Անոնք հետաքրքրական ձեւով հանդէս եկան «Կար ու չկար...» խորագիրը կրող թատերական կարճ ելոյթներով եւ սրահը լեցուցած հիւրերուն ու...


















