Գաղութային

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան Ներկայացուց «Լսողութեան Խանգարումներ Եւ Գլխապտոյտի Պատճառներ» Նիւթը

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան Ներկայացուց «Լսողութեան Խանգարումներ Եւ Գլխապտոյտի Պատճառներ» Նիւթը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին տասներորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2019-ին, «Լսողութեան խանգարումներ եւ գլխապտոյտի պատճառներ» նիւթով: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ անդրադարձաւ ականջի դերին ու կարեւորութեան, նաեւ` անոր վերաբերող առողջական հարցերուն, աւելցնելով, որ այս բոլորին մասին դասախօսելու համար հրաւիրուած է քիթի, կոկորդի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մնայուն Կապի Մէջ Է Վենեզուելայի Հայ Գաղութին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մնայուն Կապի Մէջ Է Վենեզուելայի Հայ Գաղութին Հետ

Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Վենեզուելայի հոգեւոր հովիւ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանին հետ, որ լայն բացատրութիւններ տուաւ երկրի իրավիճակին մասին: Բարեբախտաբար հայ համայնքը անմիջականօրէն աղերս չունի տեղի ունեցող ցոյցերուն հետ, եւ մեր ժողովուրդի զաւակները ապահով վիճակի մէջ են. ոմանք իրենց տուները կը մնան, իսկ ուրիշներ` եկեղեցւոյ մէջ: Հայր սուրբը...

125 Հազար Տոլարի Նպաստ`  Սուրիոյ Հայ Համայնքին

Միշէլ Բազումեանը Այցելեց Արամ Ա.ի

Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Ֆրանսայի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի փոխնախագահ Միշէլ Բազումեանը, որ, առաջին հերթին, յիշեալ կառոյցի ատենապետ Պետրոս Թերզեանին անունով զեկոյց մը տուաւ վեհափառին` հիմնադրամին կատարած աշխատանքներուն մասին, Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ: Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան հիմնադրամին կատարուած աջակցութեան եւ շեշտեց պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նպաստել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ հիմնադրամին...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կ՛ընդունի Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կ՛ընդունի Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը

Հինգշաբթի առաւօտուն, 2 մայիս 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ այս առթիւ սրբազան հօր նուիրեց «Յիսուս եւ տասներկու առաքեալները» գեղանկարը: Գրիգոր Ակոբեանը կը բնակի Մոնրէալի եւ Պէյրութի մէջ: Յառաջիկայ շաբաթ, սրբազան հօր հովանաւորութեամբ, ան ցուցահանդէս մը պիտի տայ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

Յիշատակի Օր Մը Թրիփոլիի Մէջ

Յիշատակի Օր Մը Թրիփոլիի Մէջ

Ապրիլ ամիսը մեր ժողովուրդի անբախտ ամիսը եղած է, ամէն հայ սրտի ցաւով կը յիշէ հայ ազգին տառապանքը: Թրիփոլիի ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղին վարչութիւնը իրմէ յաւիտեանս բաժնուած ընկերուհիներուն յիշատակը ոգեկոչեց 6 ապրիլ 2019-ին, ժամը 10:30-ին Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ականներ` իրենց պարագաներով, «Բերդավայր» կոմիտէէն ընկերներ եւ հաւատացեալներ: Եկեղեցւոյ խնկասեղանը ծածկուած էր ԼՕԽ-ի խորհրդանիշը կրող կապոյտ ծածկոցով եւ ճերմակ վարդերու փունջով:...

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին. Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին. Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ  կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 29 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Մարկօ Կոտալազեանը: Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Ապա Մարկօ Կոտալազեանը նշեց, որ 104 երկար տարիներ...

ԼՕԽ-ի Ննջեցեալ Բարերարներու Եւ Անդամուհիներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ

ԼՕԽ-ի Ննջեցեալ Բարերարներու Եւ Անդամուհիներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ

Շաբաթ, 27 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող հաւատաւոր անդամներ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մարդասիրական մեծ կազմակերպութեան` ԼՕԽ-ի ճամբով իրենց անմնացորդ լուման եւ ծառայութիւնը ներդրած ննջեցեալ բարերարներուն եւ անդամներուն: Արդարեւ, հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Վիգէն վրդ. Տալգըլըճեանը: Իր քարոզին մէջ ան ըսաւ,...

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան Եղեռնի 104-ամեակի ոգեկոչման հսկում: Հսկումին առաջին բաժինը, որ տեղի ունեցաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ, ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Պարոյր Սթամպուլեանը: Ան ըսաւ. «Մեզի համար փառաւոր անցեալը...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Աւանդներու Ակումբ.  «Զղջում, Հաշտութիւն, Հատուցում, Երբ Արդարութեան Կամարը Կը Թեքի Յաւերժութեան Կողմը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Աւանդներու Ակումբ. «Զղջում, Հաշտութիւն, Հատուցում, Երբ Արդարութեան Կամարը Կը Թեքի Յաւերժութեան Կողմը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին, հինգշաբթի, 25 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նոյն համալսարանին «Մունիպ եւ Անժելա Մասրի» շէնքի ճարտարագիտութեան դասախօսութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 104-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Նիւ Եորք համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութիւններու դասախօս, հրապարակագիր եւ խմբագիր ու «Ազատ ալիք» կայքի համահիմնադիր փրոֆ. Այտա Էրպալ տուաւ «Զղջում, հաշտութիւն, հատուցում, երբ...

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ` «Սետր»-ի Խորհրդաժողովի Մասին Դասախօսութիւն

«Սետր»-ի խորհրդաժողովի կայացման առաջին տարեդարձին առիթով Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց տնտեսական հարցերով Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Հաազար Քարաքալան` դասախօսութեամբ մը ներկայացնելու «Սետր»-ի հիմնական որոշումներուն եւ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ անոր ձգելիք ազդեցութիւններուն մասին: Դասախօսը ներկայացուեցաւ Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Արտա Էքմեքճիի կողմէ: Հաազար Քարաքալայի ներկայացումը կեդրոնացաւ «Սետր»-ի հիմնական 4 կէտերու վրայ, որոնց ընդմէջէն նպատակադրուած է շրջանցել երկրի...

Հանդիպում Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Հանդիպում Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները 9 ապրիլին հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Վահագն Մելիքեանի հետ, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր քաղաքի Հայաստանի հիւպատոսարանին 25-ամեակի տօնակատարութեան համար: ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցին եւ շրջանային ապահովական մտահոգութեանց վերաբերող հարցեր: Խորհրդակցութեանց ներկայ եղաւ նաեւ Լոս Անճելըսի...

Արցախի Մէջ Է ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի Ներկայացուցիչը

Արցախի Մէջ Է ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի Ներկայացուցիչը

Ապրիլ 10-ին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելած է ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեանը: Կեդրոնին մէջ կայացած է հանդիպում ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեանի եւ «Արցախ ֆոնտ»-ի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Տրդատ Մարտիրոսեանի մասնակցութեամբ: «Արցախ ֆոնտ»-ը Արցախի մէջ կը գործէ արդէն չորրորդ տարին, հիմնականին մէջ...

«Կամար»-ի Երկեակ Աստղերը` Կամիլա Եւ Արմինէ, Շողշողեցին Երաժշտասէր Հանրութեան Ներաշխարհը

«Կամար»-ի Երկեակ Աստղերը` Կամիլա Եւ Արմինէ, Շողշողեցին Երաժշտասէր Հանրութեան Ներաշխարհը

Լիբանանահայ եւ ոչ հայ երաժշտասէր հանրութիւնը 9 ապրիլի երեկոյ ապրեցաւ երաժշտական անկրկնելի պահեր: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ հովանաւորութեամբ անոր նախագահին` Պասսամ Սապայի, դաշնամուրային անմոռանալի համերգ մը տեղի ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ: Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան հմայեցին երաժշտասէր ունկնդիրները` զանոնք փոխադրելով դասական երաժշտութեան տիտաններէն` Պախի, Ֆրանսիս Փուլենքի,...

Հանդիպում-Զրոյց` Հայ Քաջ Տօ Մարտարուեստին Մասին

Հանդիպում-Զրոյց` Հայ Քաջ Տօ Մարտարուեստին Մասին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց` Հայ քաջ տօ մարտարուեստի հեղինակ մասթըր Միհրան Աղվինեանին հետ` մասնակցութեամբ մեծ թիւով երիտասարդներու, պատանիներու եւ դպրոցական աշակերտներու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յարութ Լափաճեանը, որ անդրադարձաւ այսօրուան ելեկտրոնային աշխարհին ստեղծած անախորժ վիճակին, երբ...

Աշակերտական Սուրբ Պատարագ Երկու Ազգային Վարժարաններուն Մէջ

Աշակերտական Սուրբ Պատարագ Երկու Ազգային Վարժարաններուն Մէջ

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի տնօրինումով եւ հանդիսապետութեամբ, հինգշաբթի, 28  եւ ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ  աշակերտական սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ:   Եղիշէ Մանուկեանի մէջ ս. պատարագը մատուցեց Առաքել քհնյ. Տմտմեանը, իսկ Միացեալ վարժարանին` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Սուրբ պատարագներու աւարտին, Նարեկ սրբազան հոգեւոր պատգամ մը ուղղեց աշակերտութեան` շեշտելով հաւաքական...

Մենք Ենք Մեր Գարունը

Մենք Ենք Մեր Գարունը

Բնութեան վերակենդանութիւնը խորհրդանշող գարնան եղանակը` գեղարուեստական իւրայատուկ ճաշակով ներկայացուեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտութեան կողմէ, կիրակի,  24 մարտ 2019-ին երեկոյեան, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, գեղարուեստական երեկոյին բացումը կատարեց Ժ. կարգի աշակերտ Սիւզան Սապունճեան, որ բնութեան զարթօնքը` գարունը նկատեց  թարմացումի, գեղեցկութեան, կենսունակութեան ու ջերմ զգացումներով լիցքաւորուելու առիթ, նաեւ պատկերաւոր նկարագրութեամբ ուրուագծեց բնութեան զանազան...

Դոկտ. Թամար Գապաքեան – Հաշէօլեան Ներկայացուց «Ախտաճանաչում. Դրական Մօտեցում` Առողջ Կեանքի Մը Համար» Նիւթը

Դոկտ. Թամար Գապաքեան – Հաշէօլեան Ներկայացուց «Ախտաճանաչում. Դրական Մօտեցում` Առողջ Կեանքի Մը Համար» Նիւթը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին իններորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 20 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Ախտաճանաչում. դրական մօտեցում` առողջ կեանքի մը համար»: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ըսաւ, որ ներկայիս բժշկական մասնագիտութիւններու մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի կանխազգուշական բժշկական դարմանումին, նաեւ...

Զոհրապի «Նայուածքը» Խորագիրը Կրող Անհատական Ցուցահանդէսը

Զոհրապի «Նայուածքը» Խորագիրը Կրող Անհատական Ցուցահանդէսը

Կազմակերպութեամբ «Էքզոտ» ցուցասրահին եւ «Զոհրապ» հիմնարկին, 18-27 մարտին «Էքզոտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Զոհրապի աքրելիք եւ փասթէլ գործերուն «Նայուածքը» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած էին մօտաւորապէս 50 պաստառներ: Աքրելիք գործերը կը ներկայացնէին քանի մը գիծերով գծագրուած իմաստալից դիմանկարներ, իսկ փասթել գործերուն թեման բնութիւնն էր: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան արուեստագէտներու միութեան տնօրէն Միշէլ Ռուհանա եւ միութեան անդամ Ֆուատ Շեհապ,...

Միսաք Թերզեան` Ուրախութեան Դեսպանը Իր «Անպաշտօն» Գեղանկարներուն Ընդմէջէն

Միսաք Թերզեան` Ուրախութեան Դեսպանը Իր «Անպաշտօն» Գեղանկարներուն Ընդմէջէն

Ամերիկահայ-լիբանանահայ այլաբանական արտայայտչապաշտական արդի արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, ծնած է Պէյրութ, 1949-ին, Մեծ եղեռնէ վերապրած ծնողներէ: Յաճախած է Կիւվտերի արուեստագիտական «էքոլ տ՛ար Կիւվտեր» դպրոցը` 1968-1969-ին եւ աւարտած է Լոնտոնի տպագրութեան «Լոնտոն քալեճ օֆ փրինթինկ» համալսարանը` 1971-ին: Իր առաջին մեծագոյն ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 1984-ին եւ այնուհետեւ մասնակցած է 133 ցուցադրութիւններու աշխարհի տարածքին: Թերզեանին գեղանկարները մաս կը կազմեն Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Միջին...

«Խաչիկ Պապիկեան» Միջաշակերտական Մրցանքները Սկիզբ Առին

«Խաչիկ Պապիկեան» Միջաշակերտական Մրցանքները Սկիզբ Առին

Շաբաթ, 16 մարտ 2019-ի յետմիջօրէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ  սկիզբ առաւ 2018-2019 տարեշրջանի «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներու տասներորդ տարուան առաջին մրցանքը` ասմունքի Ա. փուլը` մասնակցութեամբ 45 աշակերտներու: Ասմունքի Բ. եւ եզրափակիչ մրցանքը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 6 ապրիլին: Ինչպէս ծանօթ է, մրցանքները կ՛ընդգրկեն երեք մարզեր. ա.- Հայոց լեզու եւ գրականութիւն: բ.- Հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ կրօն:...

Page 9 of 68 1 8 9 10 68

Արխիւներ