Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռիփսիմեանցի Ամավերջի Հանդէսը` Ուրախութեան Եւ Հպարտութեան Առիթ Մը

June 7, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Ն.

Հոգելոյս նախկին տնօրէն մայր Արմինէ Մակարոսեանի յիշատակը յարգելէ ետք յոտնկայս եւ շրջանաւարտներէն տաղանդաւոր Ալեք Տոներեանին ջութակի վրայ յուզումնալից ապրումով հնչեցուցած «Տըլէ եաման»-ով, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանի կրթական տարեվերջի հանդէսին ներկաները` պաշտօնական հիւրերը եւ մանաւանդ ծնողները հաւանաբար արդար ուրախութեան եւ հպարտութեան զգացումներով դուրս եկան սրահէն, միանալու համար 13 շրջանաւարտներու աւանդական ցնծութեան` կարկանդակի հատումին, ընդունելութեան, հրավառութեան եւ շնորհաւորութիւններուն:

Արդարեւ, անոնք ուրախ էին եւ հպարտ` շրջանաւարտներու յուզումնախառն զգացումներով արտասանուած խօսքերուն, բարձրորակ ելոյթներուն ու գեղարուեստական բարձրաճաշակ կատարումներուն համար, որոնք վկայութիւնը հանդիսացան անոնց յանձնառութեան` կառչած մնալու իրենց արմատներուն, ինքնութեան եւ հայկական, քրիստոնէական ու մարդկային այն բոլոր արժէքներուն, որոնցմով թրծուեցան Հռիփսիմեանցի մէջ` իրենց վաղ մանկութենէն, նուիրեալ մայրապետներու շունչին տակ, եւ որոնք իրենց ապագայ յաջողութիւններուն գրաւականը պիտի հանդիսանան: Այս ճշմարտութեան մէկ վկայութիւնը տուաւ անցեալ տարեշրջանի վկայեալներու փունջը, որ յայտնուեցաւ գեղազարդ բեմին վրայ` վկայելու համար տարբեր` ֆրանսական, ամերիկեան եւ պետական համալսարաններու մէջ իրենց արձանագրած յաջողութիւններու մասին: Անոնք անգամ մը եւս երախտագիտութեամբ հաստատեցին, որ Հռիփսիմեանցին մէջ Հայ քոյրերուն եւ որակեալ ու նուիրեալ ուսուցչակազմին ջամբած հոգեմտաւոր պատրաստութիւնն է իրենց յաջողութեան մեկնակէտը:

Ինչպէս իր սրտաբուխ հուսկ բանքին մէջ հաստատեց ընկերային հարցերու նախարար տոքթ. Ռիշար Գույումճեանը, շրջանաւարտներուն գեղարուեստական ելոյթները, իրենց ուսումնառութեան զուգահեռ, ցոյց տուին տաղանդաշատ ազգի մը արժանաւոր զաւակները ըլլալնին:

Շրջանաւարտներուն վկայականները անձամբ յանձնելէ ետք, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի մայր Արուսեակ Սաճոնեանը արտասանեց իր սրտի խօսքը, որ իբրեւ պատգամ` անջնջելի պիտի մնայ ոչ միայն շրջանաւարտներու, այլ ներկայ ծնողներու մտքին մէջ: Արդարեւ, ան բարձր գնահատեց հայ ծնողներուն գիտակցութիւնը` իրենց զաւակներուն ուսումնառութիւնը եւ դաստիարակութիւնը վստահելու հայ դպրոցին, որ ազգապահպանման հիմնասիւներէն մէկն է: Մեծաւորուհի մօր խօսքը կոչ մըն էր` այսպիսի գիտակից հայ ծնողաց օրինակը վարակիչ տեսնելու:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1969)

Յաջորդը

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Միջ Միջդպրոցական Մրցանքներու Մրցանակաբաշխութիւն Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.