ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
Երբոր երազը կ՛ապրի,
Երբոր երազը անմահ է»
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Կեանքի փիլիսոփայութիւնն ու աստուածային նախախնամութիւնը երբեմն մեզ կը դնեն կատարուած իրողութեան եւ անհասկնալի երեւոյթներու դիմաց: Երբ մարդիկ երազներ կը հիւսեն ու ապագայատեսիլ ծրագիրներ կը մշակեն, դոյզն իսկ նկատի չեն ունենար, որ կեանքէն անակնկալ բաժանումով անոնք թերաւարտ պիտի մնան: Իբրեւ մարդ էակ` հարցադրումներ կը ներխուժեն մտահորիզոնիդ մէջ, որոնց պատասխանները, սակայն, անպայման համոզիչ չեն թուիր: Սակայն հարկ է մտածել այս երեւոյթին քողազերծուած իրականութեան մասին, թէ այս անհատը ի՛նչ կտակ եւ պատգամ թողուց իր անժամանակ մահով: Ի՞նչ էին այն մարդկային վեհ առաքինութիւններն ու ապրած իմաստաւորուած կեանքը, զորս կտակեց իր շրջապատին: Վերջապէս, ի՞նչ էր կեանքի հանդէպ փիլիսոփայութիւնն ու այն գաղափարները, որոնք կազմեցին իր կեանքին ուղեգիծը:
Մարդկային վեհ արժանիքներով եւ կեանքով եռուն երիտասարդ Քրիստափոր Օգնայեանը, կեանքի դարանակալ ծանր լախտի մը զոհը գնաց Պէյրութի մէջ, 2 հոկտեմբեր 2018-ին: Ան իր կեանքը ապրեցաւ քրիստոնավայել եւ ազգային դիտանկիւնէ: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ ընկերային ծառայողի ճամբով բազմահարիւր մարդոց օգտակար հանդիսացաւ` ամոքելով եւ թեթեւցնելով անոնց ցաւերը: Մարդկային յարաբերութեանց կայունութեան, անոր նիւթականացման եւ խաթարման համար բազմաթիւ յօդուածներով արձագանգեց թէ՛ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ եւ թէ՛ Դիմատետրի վրայ: Իր ազգային բազկերակը միշտ պատնէշի վրայ պահեց` անդամակցելով ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան: Ան հաւատաց նաեւ Հայ եկեղեցւոյ դերին եւ իբրեւ երիտասարդ` իր անմնացորդ ու գործօն բաժինը բերաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սուրբ խորանին: Ան անդամագրուեցաւ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան: Իր անժամանակ մահը ընդհատեց իր բերելիք հարուստ ժառանգութիւնը մարդկային արժէքներու գանձարանին մէջ: Քրիստափոր Օգնայեանի կարճ, բայց իմաստալից կեանքը կը մնայ յուշ եւ լուռ պատգամ` իր անմխիթար ընտանիքին, հարազատներուն եւ հարիւրաւոր բարեկամներուն` կեանքի այս թոհուբոհը արժեւորելու եւ զարդարելու ծառայութեամբ եւ մեր անմնացորդ ներդրումով:
Վաղամեռիկ Քրիստափոր Օգնայեանին յիշատակը վառ պահելու միտումով իր ընտանիքը փափաքեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ գործող ընկերային ծառայութեան գրասենեակը անուանել իրենց որդւոյն անունով, նկատի ունենալով, որ ան գործած է այս գրասենեակէն ներս: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր հաւանութիւնը յայտնեց եւ «Քրիստափոր Օգնայեան» ընկերային ծառայութեան գրասենեակին բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 10 մայիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Քրիստափոր Օգնայեանի հարազատներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Գէորգ Փոնթիկեանը: Ան նշեց, որ 2 հոկտեմբեր 2018-ին, 28 տարեկան հասակին Քրիստափոր Օգնայեան ծանր արկածի մը զոհ գնաց: Իր անակնկալ մահը ցնցեց ոչ միայն իր շրջապատը եւ ընկերային լայն շրջանակը, այլ նաեւ` բոլոր կարիքաւորներն ու անտեսուածները, որոնց ձեռք կ՛երկարէր Քրիստափոր եւ կը փորձէր անոնց ցաւերը մեղմացնել: Ան կը հասնէր` կարիքաւորին, ծերին, որբին, կարօտեալին եւ անոնց համար ապրուստի լաւ պայմաններ կը փորձէր ստեղծել:
Գէորգ Փոնթիկեանը նաեւ ըսաւ, որ Քրիստափոր հաւատարիմ մնաց իր կոչումին եւ հանրօգուտ առաքելութեան, պատնէշի վրայ մնաց` ձգտելով միշտ լաւագոյնին, ճիգ չխնայեց` չքաւորի մը նեցուկ կանգնելու, արցունք մը սրբելու, ծեր մը հոգալու, պարզապէս ծառայութեան գոհունակութիւնը ունենալու համար եւ այս բոլորը կատարեց առանց խտրականութեան: Քրիստափորը մօտէն ճանչցողները կը հաստատեն, որ բարի, կիրթ, հայրենասէր եւ մտածող երիտասարտ մըն էր: Ան անյագ ընթերցող էր եւ հետաքրքրրուած էր պատմական, կրօնական, գրական եւ փիլիսոփայական նիւթերով: Ան տիրապետած էր մայրենիին եւ տոգորուած էր մայրենի լեզուով:
Գէորգ Փոնթիկեանը մէջբերեց Քրիստափորի դիմատետրեան կարգ մը գրառումները եւ մատնանշեց, որ յուզմունքին մէջ ուրախութիւն գտնելը որոշ չափով առաւելութիւն մըն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարձր գնահատեց Օգնայեան ընտանիքը, որ սիրայօժար ստանձնեց նիւթապէս սատարել կեդրոնի ընկերային ծառայութեան աշխատանքներուն: Այս ձեւով Օգնայեան ընտանիքը ուզեց անմահացնել իր զաւակին անմար յիշատակը: Ան հաստատեց, որ կը գոյատեւեն այն ազգերը, որոնք գիտեն վառ պահել իրենց ննջեցեալներուն յիշատակը: Գէորգ Փոնթիկեանը յայտնեց, որ ընդառաջելով Օգնայեան ընտանիքի առաջարկին` այսուհետեւ կեդրոնի ընկերային բաժանմունքը պիտի անուանուի «Քրիստափոր Օգնայեան ընկերային ծառայութեան բաժանմունք»:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ բաժանմունքին քողազերծումը` ձեռամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեանի եւ Օգնայեան ընտանիքի անդամներուն:
Ապա բոլորը համախմբուեցան կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ուր յաւուր պատշաճի խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեանը: Ան նշեց, որ Քրիստափոր անունը ինքնին իրենց հոգիներուն մէջ մեծ նշանակութիւն ունի եւ կ՛արթնցնէ յարգանքի, զոհաբերութեան եւ ազգասիրութեան ամենաթանկ յոյզերը: Քրիստափորի մասին տրուած հարազատ արձագանգները թոյլ տուին զինք հարազատօրէն ճանչնալ եւ ընտանիքին մօտ զգալ: Ան ըսաւ նաեւ, որ Օգնայեան ընտանիքը սերունդներէ ի վեր անսակարկ ծառայած է ԼՕԽ-ին, յատկապէս հանգուցեալին մեծ մայրը իր նուիրաբերումով օրինակ ծառայած է շատերուն: Ապա Սիլվա Սապունճեանը թուեց Քրիստափորի` ազգին եւ եկեղեցւոյ գանձարանին մատուցած ծառայութիւնները ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան ճամբով: Հայ գիրի հանդէպ իր սէրը արտայայտած է` աշխատակցելով «Ազդակ» օրաթերթին եւ նպաստած է միջազգային եւ Հայ դատի նիւթերու պատրաստութեան:
Սիլվա Սապունճեանը իր խօսքը եզրափակեց եւ ըսաւ, որ Քրիստափոր շատ բան ունէր տալիք ազգին, սակայն չարաբախտ արկածը խլեց զայն իր ընտանիքէն, ԼՕԽ-էն եւ իր ընկերներէն:
Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեանը ԼՕԽ-ի անունով յուշանուէր մը յանձնեց Քրիստափոր Օգնայեանի մօր:
Աւարտին, Օգնայեան ընտանիքին անունով շնորհակալական խօսք արտասանեց Սալբի Աննայեանը եւ կարդաց ինքնաբուխ արտասանութիւն մը, զոր գրի առած էր Քրիստափորի մահէն ետք: Քրիստափորի հարազատներէն Ալիս Իփրաճեանը նաեւ այս առիթով գրուած ինքնաբուխ այլ ասմունքով մը հանդէս եկաւ:
Մինչ պաստառին վրայ կը տողանցէին Քրիստափոր Օգնայեանի մտածումներն ու լուսանկարները, ներկաները անգամ մը եւս իրենց մխիթարական խօսքերով ցաւակցութիւն յայտնեցին տարաբախտ ծնողքին եւ ընտանիքին: