Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու Ծիրին Մէջ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան Կ՛Այցելէ Արժանթին

May 13, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

23-30 ապրիլ 2019-ին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան գործուղում-ճամբորդութիւն մը ունեցաւ դէպի Արժանթին,  որուն նպատակն էր Հայկազեան համալսարանի եւ Հարաւային Ամերիկայի կարգ մը համալսարաններու եւ  ուսումնասիրական կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան եզրեր գտնել, ինչպէս նաեւ յարաբերական կապերու ստեղծումը` Պուէնոս Այրեսի եւ Ռոսարիոյի հայկական եւ լիբանանեան համայնքներու ծանօթութիւն:

Վերապատուելի Հայտոսթեան «Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դերը տարածաշրջանի զարգացման եւ կայունութեան մէջ» նիւթով ակադեմական զեկուցում մը ներկայացուց Պուէնոս Այրեսի Argentine Council for International Relations (CARI) կեդրոնին մէջ: Ան այցելեց նաեւ շրջանին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն` ՀՄԸՄ, ՀԲԸՄ, Մարաշի հայրենակցական միութիւն – Արժանթին, Հայկական կեդրոն, Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի մարմին, ինչպէս նաեւ` Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ «Սուրիա-լիբանանեան» ակումբ: Վերոնշեալ հանդիպումներուն կը մասնակցէր Հայկազեան համալսարանի 1985-ի շրջանաւարտ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը:

Ռոսարիոյի մէջ վեր. Հայտոսթեան հիւրընկալուեցաւ Ռոսարիոյի պետական համալսարանի հայկական ամպիոնին կողմէ:

Հանդիպումներու ծիրին մէջ եւ անոնց արդիւնքով վեր. Հայտոսթեան համաձայնութեան յուշագիրներ ստորագրեց Ռոսարիոյի պետական համալսարանի (UNR) եւ Լաթին-ամերիկեան մանկավարժական համալսարանին (UCEL) հետ: Ակադեմական համագործակցութիւնը պիտի կեդրոնանայ հայկական հարցերու ուսումնասիրութեանց, միջազգային յարաբերութիւններու եւ հայ ու լիբանանեան գաղութներու խնդիրներուն շուրջ:

Վերապատուելի Հայտոսթեան  Ռոսարիոյի պետական համալսարանին կողմէ կազմակերպուած «Հայկական հարցը եւ միջազգային յարաբերութիւնները» նիւթով սեմինարին բացման դասախօսութիւնը ներկայացուց, ինչպէս նաեւ դասախօսեց Լաթին-ամերիկեան մանկավարժական համալսարանին (UCEL) ու հայկական եւ լիբանանեան համայնքներու կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին: Վեր. Հայտոսթեան Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին նուիրուած երկու ձեռնարկներու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ռոսարիոյի Յիշատակի թանգարանի եւ քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին շուրջ :

Պուէնոս Այրեսի մէջ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան առիթը ունեցաւ այցելելու Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին պաշտամունքի ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1969)

Յաջորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Պատարագ Մատուցած Է Կրետէի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.