Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԵ. (353րդ) Հատորի Շնորհահանդէսը
Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի մէջ նոյեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած շնորհահանդէսներէն ետք, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 35-րդ հատորի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, չորեքշաբթի 9 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ հայագիտութեամբ եւ մշակոյթով հետաքրքրուող մտաւորականներու, հանդէսի աշխատակիցներու, բարեկամներու եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Ձեռնարկին բացման իր խօսքին մէջ, հանդէսի խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, մատնանշեց,...




















