Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԵ. (353րդ) Հատորի Շնորհահանդէսը

Դեկտեմբեր 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի մէջ նոյեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած շնորհահանդէսներէն ետք, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 35-րդ հատորի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, չորեքշաբթի 9 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ հայագիտութեամբ եւ մշակոյթով հետաքրքրուող մտաւորականներու, հանդէսի աշխատակիցներու, բարեկամներու եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:

P2370375

Ձեռնարկին բացման իր խօսքին մէջ, հանդէսի խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, մատնանշեց, որ ձեռնարկը կը դրսեւորէ քառակի տօն.- Հայկազեան համալսարանի 60-ամեակ, Հայկազեան հայագիտական հանդէսի 35-րդ հատոր, հանդէսին հրատարակութեան 45-ամեակ եւ Հայաստանի մէջ շնորհահանդէսներով անոր ներկայութեան 15-ամեակ:

Դոկտ. Իւրնէշլեան ընդգծեց. «Հայագիտութիւնը ծանր նիւթ է, պարտաւորեցնող ասպարէզ ու նաեւ կիրք է»` աւելցնելով, որ այդ կիրքով «յաջողեցանք մօտաւորապէս 15.000 էջ, առաւելաբար հայագիր` հայագիտական բազմապիսի ուսումնասիրութիւններ մատուցել առ որ անկ է»: Ան ընդգծեց, որ հանդէսի 35 հատորանի շարքին ամէնէն ծաւալունն է այս մէկը, որ նուիրուած է հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին. «Հազարի հասնող էջերը ապացոյց են, թէ նոյնիսկ, կամ մանաւանդ հարիւր տարի ետք, որքա՜ն բան կայ պեղելիք, ուսումնասիրելիք, գրելիք, եւ թէ` Եղեռնի ահաւորութիւնը, դար մը ետք դեռ կը պահէ սոսկալիի գերագոյն չափերը, իր ուղղակի եւ անուղղակի հետեւանքներով», շեշտելով, որ 100-ամեակի զանազան հրատարակութիւններուն մէջ յատուկ տեղ պիտի գրաւէ անիկա:

P2370381

Հատորը ներկայացնելու համար ամպիոն բարձրացաւ Հայաստանի Սարդարապատի ազգագրական թանգարանի գիտաշխատող ազգագրագէտ Խորէն Գրիգորեան:

Գրիգորեան թեմատիկ խմբաւորման ենթարկեց հատորին մէջ տեղ գտած բոլոր նիւթերը, անդրադարձաւ անոնց յատկանիշներուն եւ զանոնք տեղաւորեց Հայոց Ցեղասպանագիտութեան ու միջազգային ցեղասպանագիտութեան համապատկերին վրայ:

Իր մանրամասն վերլուծութիւնը ան եզրափակեց շարք մը հետազօտական վերնագրերու առանձնացումով, ինչպէս` ա) Աղէտի հաւաքական ուժը, բ) Առանց պատճառի մորթուածներ, գ) Յեղաշրջական շարժումը եւ Ատանայի կոտորածը, դ) Արեւելահայութեան ցեղասպանութեան  թրքական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները, ե) Որբահաւաքն ու թուրքացման մեքանիզմները, զ) Մշակութային Եղեռնը  եւ անոր դրսեւորումները, է) Տէրսիմեան զեկոյցները, ը) Ջարդաբանութիւն:

Իսկ անդրադառնալով հատորի հեղինակներուն աշխարհագրական տարածականութեան, Գրիգորեան ընդգծեց. «Այստեղ կարելի է տեսնել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր հատուածների հայերի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Թէ ինչպիսի հարցադրումներ են առաջարկում եւ ինչպիսի լուծումներ են փորձում գտնել` բնորոշում է տուեալ տարածքի հեղինակի ընդհանուր պատկերացումները սոյն խնդրի վերաբերեալ»:

Հուսկ, ան հաւաստեց, որ հատորը` «մեծ նշանակութիւն պէտք է թողնի ապագայում մի կողմից հայագիտական հետազօտութիւնների ասպարէզում նոր ուսումնասիրողների համար եւ միւս կողմից փորձ է միջազգային ցեղասպանագիտական համատեքստում Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հետազօտական նիւթերի պատրաստման համար: Կարեւորութիւն կարելի է համարել այն փաստը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ե՛ւ Ցեղասպանագիտական ե՛ւ Հայագիտական տեսանկիւնները ներառուած են այս հատորի մէջ: Որոշակի թերացումները կապուած են զգացական այս ոլորտի հետազօտման հետ, իսկ առաւելութիւնը սոյն հատորի արդէն եղելութիւն լինելն է»:

 

P2370386

Խօսք առնելով` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան համառօտակի պատմականը ըրաւ հանդէսին` Երեւանի մէջ պաշտօնական ներկայացուածութեան ու շնորհահանդէսներուն եւ նկարներով ներկայացուց Երեւանի, Թիֆլիսի ու Ջաւախքի մէջ կայացած նորագոյն շնորհահանդէսները:

P2370392

Հանդիսութեան աւարտի իր խօսքին մէջ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի-դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան շնորհաւորեց հայագիտութեան այս նոր բերքը եւ նշեց. «Հատորը համեստ թիւով սակայն հսկայ նուիրումով եւ տեսիլքով պատրաստուած հատոր է: Անոր բոլոր էջերը մեզ կը մղեն գնահատելու մեր հանդէսի այս թիւը` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի տարուան մէջ: Յատուկ գնահատելի կէտերէն մէկը այն է, որ սփիւռքը չունի հայատառ կարեւոր հանդէսներ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ ներկաներուն եւ ընդգծեց, որ` «Յիշելու եւ պահանջելու» ակնյայտ միտքերէն անդին, այս հատորը կ՛աւելցնէ շարունակաբար պրպտելու, քննելու, վերլուծելու, բաղդատելու եւ համադրելու մեր պատասխանատուութիւնը որպէս համալսարանական գիտաշխատողներ եւ աշխարհատարած գործակիցներ: Ան վկայակոչեց հատորին խմբագրական խօսքէն, թէ` «մեծ կարեւորութիւն ունի քննելը թէ անցեալէն ինչպիսի դասեր քաղելու կարելիութիւնը կայ այսօր, եւ ժամանակներու փոփոխութեամբ ինչն է պատմութեան, քաղաքականութեան, մշակոյթին մէջ որ կը կրկնուի շարունակ, եւ ինչն է որ վերջնականապէս կը վերանայ»: Նոյն առումով, վեր. Հայտոսթեան ակնարկեց վերջերս Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած երկու այլ հրատարակութիւններու` փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանի, The Musa Dagh Armenians: A Socioeconomic and Cultural History 1919-1939, որով «ընթերցողը անպայման պիտի ուզէ բաղդատել Մուսա Լերան անցեալը ներկայի կամ ապագայի Քեսապի կամ Հալէպի կացութեան հետ: Իսկ երկրորդը դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի մէկ աշխատութիւնն է լիբանանահայութեան պատմութեան վերաբերեալ»:

Հուսկ, ան կոչ ուղղեց` «աւելի մեծ թափով ու սլացքով ուղղուինք ապագայ»:

Շնորհահանդէսի աւարտին, ներկաները ելան համալսարանին բակը, ուր հատորի յօդուածագիրները եւ խմբագրակազմը միասնաբար հատեցին աւանդական կարկանդակը:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Շուէտի Հայ Գաղութը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?