Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Վկայեալ Կարգի Դասընթացք

Դեկտեմբեր 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem1_120615

ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, գործակցութեամբ Շրջանային խմբապետութեան հետ, 2014-2015 տարեշրջանին կազմակերպեց վկայեալ կարգի դասընթացք մը, որուն մասնակցեցան  ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Այնճար, Անթիլիաս, Ժտէյտէի մասնաճիւղերուն խմբապետերը: Սոյն կարգը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուաններով:

Ա. հանգրուանը (տեսական հանգրուան) ընթացք առաւ  26/11/2014-ին եւ աւարտեցաւ 10 մարտ 2015-ին: Վկայեալ կարգի թեկնածու անդամները շաբաթական դրութեամբ հետեւեցան եւ զարգացուցին իրենց գիտելիքները զանազան նիւթերու շուրջ` սկաուտական, կրօնական, ազգային եւ տեղական:

Բ. հանգրուանը (գործնական հանգրուան)  տեղի ունեցաւ 11-12 ապրիլ 2015-ին  երկօրեայ սեմինարով մը, եւ հետագային 2-րդ միօրեայ սեմինար մը տեղի ունեցաւ 27 սեպտեմբեր  2015-ին, ՀՄԸՄ-ի Ժիւնի մասնաճիւղի ակումբէն ներս, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ներկայութեամբ եւ Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպութեամբ: Այս սեմինարին նպատակն էր մասնակցողներուն փոխանցել վկայեալ կարգի մնացած նիւթերը եւ մասնակցողներէն պահանջուած էր ներկայացնել իրենց տրուած նիւթերը` տեսնելու համար իրենց նիւթ պատրաստելու եւ ներկայացնելու կարողութիւնը:

HMEM2_120615

Գ. հանգրուանին մասնակցողները պիտի պատրաստէին   իրենց փոխանցուած մեծ թեզերը եւ ամբողջացնելէ ետք պայմանագրական բոլոր պայմանները, տեղի ունեցաւ վկայեալ կարգի տուչութեան արարողութիւն: Առաջինը` 1 նոյեմբեր 2015-ին, ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ,  իսկ 2-րդ առիթով` 6 դեկտեմբեր 2015-ին, ՀՄԸՄ Աղբալեան մարզամշակութային համալիրէն ներս: Այս արարողութիւններուն ընթացքին խօսք առին Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քէչէպաշեան, որ շնորհաւորեց բոլոր քոյր-եղբայրները եւ մաղթեց անոնց յարատեւ վերելք սկաուտական կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ անոնց ուսերուն դրաւ յաջորդ սերունդներ կերտելու ծանր բեռը,  ապա խօսք առաւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ժանօ Քէչէճեան, որ մաղթեց անոնց գործել որպէս տիպար խմբապետներ եւ  պատրաստել տիպար սկաուտներ` միշտ ի մտի ունենալով ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր բարձրացո՛ւր»:

Երեք հանգրուաններու աւարտին հետեւեալ 28 եղբայրներն ու քոյրերը ստացան իրենց վկայեալ կարգը. Վարանդա Եագուպեան, Փաթիլ Գէորգեան, Վանիկ Գասարճեան, Ալիք Գանտահարեան, Անի Անտոնեան, Լուսի Պէրքուպէուքեան, Շաղիկ Տէր Պետրոսեան, Սեպուհ Տօնիկեան, Վիգէն Տաղլեան, Րաֆֆի Մալճեան, Տաթեւ Ադամեան, Նարինէ Պօղոսեան, Անի Սարեան, Գառնի Տիլապազեան, Նարօտ Տեմիրճեան , Անժելա Տաղլեան, Մայք Արապաղեան, Ռիթա Վարդան, Կասիա Էճիտեան, Դալար Կէօքճեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Լոռի Պիլալեան, Գէորգ Յովսէփեան, Սեւակ Տօնիկեան, Լոռի Սնապեան, Սերժ Ղարիպեան, Քրիստ Յովսէփեան եւ Նանար Ղարիպեան:

 

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Աշակերտները Կը Նշեն Լիբանանի Անկախութեան 72-րդ Տարեդարձը

Յաջորդը

Երեւանի Դպրոցը` Սահմանապահ Զինուորի Եւ Դպրոցականի Կողքին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?