Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Դէպի Այնճար

December 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտներս ճամբայ ելանք դէպի մեր փոքրիկ Հայաստանը` Այնճար:

2015anjar302015anjar36Անհամբեր սպասած էինք այդ օրուան: Վերջապէս հասանք «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոն, ուր յուշակոթողին մօտ մեզ դիմաւորեց Եսայի Հաւաթեանը, որ ներկայացուց Այնճարի ամբողջ պատմութիւնը` անդրադառնալով նաեւ ներկայ իրավիճակին, Այնճարի զարթօնքին, ինչպէս նաեւ` դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ապա անցնելով «Դալար անկիւն»-էն, հասանք քաղաքապետարան, ուր մեզ հիւրընկալեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան: Ան մեզի ծանօթացուց քաղաքապետարանի կառոյցը, ապա ժողովասրահին մէջ ներկայացուց քաղաքապետարանի գործունէութիւնն ու ծրագիրները: Ան թելադրեց մեզի, որ ի՛նչ ասպարէզի մէջ ալ ըլլանք ապագային,  անպայման մեր ինքնութիւնը դրսեւորենք:

2015anjar63Այնուհետեւ, վերջապէս, հասանք Ազգ. «Յառաջ» վարժարան, ուր մեզի համար հանդիպում նախատեսուած էր վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ: Անցանք սրահ, ուր վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց մեզ եւ բարձր գնահատեց դպրոցի պատասխանատուներուն այս նախաձեռնութիւնը: Ապա միասնաբար արծարծեցինք մեզ հետաքրքրող զանազան նիւթեր: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահէն ներս: Բոլոր աշակերտները խանդավառութեամբ կը մասնակցէին զրոյցին:

Զրոյցէն ետք միասնաբար այցելեցինք մանկապարտէզ, ուր մեծ ոգեւորութեամբ մեզ դիմաւորեցին փոքրիկները: Բոլոր կողմերէն ուրախութիւն կը ժայթքէր: Բոլորին դէմքերուն վրայ ժպիտը կը փայլէր: Մասնակցեցանք փոքրիկներուն պարին, ապա միասնաբար ուղղուեցանք իրենց դասարանները:

Մանկապարտէզէն ետք տնօրէնը մեզ առաջնորդեց դէպի Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդրին` միաժամանակ պատմելով, թէ Փարիզի «Յառաջ» թերթի խմբագիր` Շաւարշ Միսաքեանի անձնական նախաձեռնութեամբ ֆրանսահայութենէն կոկիկ գումար մը հանգանակուելով` հիմը դրուած է վարժարանին եւ անոր խմբագրած թերթին անունով է կոչուած դպրոցը: Լուսանկարուեցանք կիսանդրիին առջեւ: Բաժանումի ժամն էր… հակառակ սահմանափակ ժամանակին` բոլորս ալ առիթը ունեցանք նոր ընկերութիւն եւ մտերմութիւն ստեղծելու:

2015anjar1042015anjar133Վարժարանէն ետք ուղղուեցանք դէպի Ճեմարանի շրջանաւարտ մտաւորական Եդուարդ Պոյաճեանի դամբարանը, ուր ծաղկեփունջ զետեղելէ ետք այցելեցինք գրագէտ Պօղոս Սնապեանի նորակառոյց տուն-թանգարանը, ուր գրագէտին թոռնուհին` մեր դասընկերուհին` Նարօտը, մեզի բացատրութիւններ տուաւ հոն տեղադրուած գիրքերուն եւ իրեղէններուն մասին: Ծանօթացանք գրագէտին աշխատանքներուն, զմայլեցանք Ուիլիըմ Սարոյեանի, Մուշեղ Իշխանի, Յակոբ Օշականի եւ այլ հռչակաւոր դէմքերու հետ անոր լուսանկարները տեսնելով:

Հաճելի եւ դաստիարակիչ այս օրուան աւարտին, մեր միտքերը լաւապէս լիցքաւորելէ ետք, չէինք կրնար մեր ստամոքսները դատարկ ձգել: Վայելեցինք ճաշարան «Արեւ»-ի համադամ ուտելիքները ու հրաժեշտ տուինք Այնճարին:

ԲԱԼԻԿ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
ՍԷՐՈՒԺ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարան. Ձիրքերու Բացայայտում

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ` Ս. Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի. Ս. Ծննդեան Համերգ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.