Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարան. Ձիրքերու Բացայայտում

Դեկտեմբեր 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

torossian-(1)_110615torossian-(3)_110615Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոսեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ձիրքերու յայտնաբերման «Թալընթ շօ» յայտագիր մը:

Յայտագիրին մասնակցեցան վարժարանի աշակերտները` առաջին կարգէն մինչեւ իններորդ կարգ, իրենց դասընկերներուն, ծնողներուն եւ ներկայ հիւրերուն ներկայացնելով իրենց ձիրքերը` պար, ասմունք, նուագ եւ երգ արուեստի մարզերուն մէջ: Կար դատական կազմ մը` տարբեր մարզերու մասնագէտներէ կազմուած, անոնք էին` Վիգէն Տիշչեքենեան, Կասիա Հաճեքեան, Յակոբ Քելուկեան եւ Սարին Տեմիրճեան: Անոնք ընտրեցին մասնակցողներէն ամէնէն տաղանդաւորը: Այս բոլորին կողքին, դատական կազմի անդամներն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին` ճոխացնելով մթնոլորտը եւ քաջալերելով մասնակիցները:

Ելոյթ ունեցան նաեւ «Հայ պար» պարախումբը եւ «Հայ շեփոր» նուագախումբը: Դատական կազմի որոշումին վրայ աւելցաւ նաեւ ներկաներուն քուէներուն արդիւնքը: Յայտագիրը բաժնուած էր երեք մասերու. առաջին մասը ընդգրկեց պար եւ ասմունք, երկրորդ մասը դադար եւ ուտելիքի վաճառք` պատրաստուած դպրոցի ծնողական յանձնախումբին կողմէ, իսկ երրորդ մասը` նուագ եւ երգ: Յայտագիրին ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ 9-րդ կարգի աշակերտները` զաւեշտական ներկայացումով մը: Բոլոր մասնակցողները յայտագիրի աւարտին ստացան վկայագիր, իսկ յաղթողները` մետալ:

Այս ճոխ, առողջ եւ ուրախ երեկոն կազմակերպուած էր վարժարանէն խումբ մը ուսուցիչներու կողմէ` գլխաւորութեամբ Թալին Մըսրլեանի, իսկ նեցուկ կանգնեցաւ վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանը: Լիայոյս ենք, որ հայ աշակերտը միշտ առիթը ունենայ բացայայտելու իր ձիրքերը` առաջին քայլերը առնելով հայ դպրոցին մէջ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Դէպի Այնճար

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?