Գաղութային

Վարդանանց Զօրավարաց Խորհուրդի Ապրումը Սբ. Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Վարդանանց Զօրավարաց Խորհուրդի Ապրումը Սբ. Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը Տեառնընդառաջի, Ղեւոնդեանք քահանայից եւ  Վարդանանք  հերոսներու երեք տօները համադրելով` երեքշաբթի, 2 փետրուար 2016-ին վարժարանի հանդիսասրահին մէջ ստեղծեց աննախընթաց յիշատակութեան օր մը: Յատկանշական էր նաեւ հովուական այցելութիւնը նորընտիր Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, որ իր կարգին Ս. պատարագը մատուցեց` առընթերակայութեամբ վարժարանի հոգեւոր դաստիարակներ  Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանի եւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի: Այս առիթով նաեւ տեղի ունեցաւ մոմերու օրհնութեան արարողութեան...

Արդի Մանկավարժական Ուսուցման Թելադրականով Հարցազրոյց-Քննարկում

Արդի Մանկավարժական Ուսուցման Թելադրականով Հարցազրոյց-Քննարկում

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, համախորհուրդ` ծնողական վարչութեան, երկուշաբթի, 8 փետրուար 2016-ին կազմակերպեց հարցազրոյցի երեկոյ մը` «Աշակերտը այսօր» խորագրով: Հարցազրոյցի երեկոյին ընդառաջելով` ներկայ էին` ծնողներու հոծ բազմութիւն մը, ուսուցիչներ եւ վեցերորդէն մինչեւ աւարտական դասարաններու աշակերտները: Նախաձեռնութիւնը լաւագոյն ձեւով յաջողցնելու համար ցուցադրուեցաւ «Վերջին խօսք» տեսերիզը` արաբերէն լեզուով, այս առիթով հրաւիրուած էր նաեւ ժապաւէնի բեմադրիչ Եուլիոս Հաշեմը: Ձեռնարկի սկիզբը տեղի ունեցաւ բեմադրիչի ծանօթացում,...

Պեպօ Սիմոնեանի «Գմբէթ Արեգ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Պեպօ Սիմոնեանի «Գմբէթ Արեգ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Աւետիս Ռազմիկ Ուրբաթ, 29 յունուար 2016-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան կազմակերպած, Պեպօ Սիմոնեանի յետմահու հրատարակուած «Գմբէթ արեգ» գիրքին շնորհահանդէսը, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան վարժարանին մէջ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Անի Եփրեմեան: Ան ըսաւ, որ ձեռնարկը առիթ է յարգանքի տուրք մատուցելու հայ գրականութեան ազնուական ու խոնարհ անձնաւորութեան մը, յանուն հայեցի դաստիարակութեան աշխատած եւ Մեսրոպի հզօր բարբառն ու ոգին...

Վարդանանց Միացեալ Պաշտամունք Սուրբ Վարդան` Առողջ Նախանձախնդիրը

Վարդանանց Միացեալ Պաշտամունք Սուրբ Վարդան` Առողջ Նախանձախնդիրը

Վեր. Հրայր Չոլաքեան Վարդանանց տօնին նուիրուած, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան միացեալ պաշտամունքը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Ամանոս: Պաշտամունքը առաջնորդեց պատուելի Սեւակ Թրաշեան: Այս առթիւ հոգեշունչ աղօթք մատուցեց վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակին պատճառով քրիստոնէութիւնը ամուր հիմերու վրայ հաստատուած` տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի...

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդ.  «Ցեղասպանութիւն. 100-Ամեակ»

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդ. «Ցեղասպանութիւն. 100-Ամեակ»

Ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ին, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Ժըմմէյզի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Հայ իրաւանց խորհուրդին կազմակերպած «Ցեղասպանութիւն. 100-ամեակ» խորագիրը կրող ձեռնարկը` հովանաւորոթեամբ ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Զարթօնք» օրաթերթին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Հայ իրաւանց խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Ասիլեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքը նպատակ կը հետապնդէ ոչ միայն արժեւորում կատարել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գործունէութիւններուն, այլեւ արծարծել ...

«Արեւմտահայերէնը 21-րդ Դարուն» Գիտաժողով` Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ

«Արեւմտահայերէնը 21-րդ Դարուն» Գիտաժողով` Օքսֆորտ Համալսարանին Մէջ

Մեծն Բրիտանիոյ Օքսֆորտ համալսարանի Փեմպրուք քոլեճին մէջ 21, 22, 23 յունուար 2016-ին կայացաւ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագիրը կրող գիտաժողովը` Օքսֆորտ համալսարանի արեւելագիտութեան ամպիոնի հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ: Ժողովի կազմակերպիչներն էին` «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի հայագիտութեան ամպիոնի դասախօս եւ Գրիգոր Նարեկացիին, Գրիգոր Մագիստրոսին, Կոստանդին Երզնկացիին եւ հայոց պատմութեան ու գրականութեան այլ երախտաւորներու նուիրուած կարգ մը աշխատութիւններու հեղինակ Թէօ...

Հայկազեան Համալսարանը Հիւրընկալեց Բրիտանացի-Լիբանանցի Առեւտրականներու Համախմբումը

Հայկազեան Համալսարանը Հիւրընկալեց Բրիտանացի-Լիբանանցի Առեւտրականներու Համախմբումը

Դոկտ. Հայտոսթեանի Դասախօսութիւնը «Հայերուն Բերած Նպաստը Լիբանանին. Մարտահրաւէրներ Եւ Դասեր» Նիւթով Հայկազեան համալսարանը հիւրընկալեց լիբանանցի-բրիտանացի առեւտրականներու մէկ համախմբումը` Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ ներկայացնելով «Հայերուն բերած նպաստը Լիբանանին. մարտահրաւէրներ եւ դասեր» խորագրեալ նիւթով դասախօսութիւն մը, ուր հանդէս եկաւ համալսարանին նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Համախմբումին նախագահ Կրահամ Պոլ նախ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունելով մեծաթիւ լիբանանցի եւ բրիտանացի ակադեմական մասնագէտներու...

Ալեքս Պուտագեան Կ՛արժանանայ Պրիթիշ Քաունսըլի Երկրորդ Մրցանակին

Ալեքս Պուտագեան Կ՛արժանանայ Պրիթիշ Քաունսըլի Երկրորդ Մրցանակին

Օքսֆորտ համալսարանի եւ Պրիթիշ Քաունսըլի համատեղ կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ֆրանսախօս վարժարաններու ուղղագրական, բանաւոր եւ գրաւոր հարցաշարքերուն պատասխանելով` լիբանանահայ Ալեքս Պուտագեան հանդիսացած է երկրորդ մրցանակակիր: Պուտագեան ուշադրութիւն գրաւած է պատանեկան տարիքի դասակարգումին մէջ իր գրելաձեւի հմտութեամբ,  շարադրութեան մէջ  անգլերէն լեզուի տիրապետութեամբ եւ այդ բոլորով ալ արժանացած դատական կազմին կողմէ ճշդուած երկրորդ մրցանակին:

ՀՅԴ 125-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւններ Միացեալ Նահանգներու Մէջ

ՀՅԴ 125-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւններ Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Փասատինա Կիրակի, 17 յունուարին Փասատինայի երեք հազար աթոռ ունեցող «Սիվիք» հանդիսասրահը փոքր եղաւ ՀՅԴ 125-րդ տարեդարձին ներկայ ըլլալու փափաքով ձեռնարկի վայր հասած բազմութեան: Յայտագիրը սկսաւ Կարինէ Աւագեանի «Ա՜խ, Հայաստան» մեներգով, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ-ի դրօշակներու խումբին մուտքը սրահ` նուագախումբին ընկերակցութեամբ: Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու քայլերգները կատարուեցան «Լարք» երաժշտական միութեան աշակերտներուն, իսկ ՀՅԴ-ի քայլերգ «Մշակ բանուորը»` ՀԵԴ պատանեկան միութեան երգչախումբին կողմէ: Բացման...

Հաղորդագրութիւն. Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէի Այցելութիւնը ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Հաղորդագրութիւն. Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէի Այցելութիւնը ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, երկուշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11.00-ին, ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տուն այցելեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ: Հաստատութեանս մուտքին պատուարժան հիւրը սիրալիր ընդունելութեան արժանացաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի ներկայացուցիչ, լիբանանահայոց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր....

Միասնական Ներկայութեամբ Դամասկոսի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

Միասնական Ներկայութեամբ Դամասկոսի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ ուրբաթ, 15 յունուարին հոծ եւ միասնական ներկայութեամբ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը: Դամասկոսի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի կազմակերպած տօնակատարութեան ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան եւ դեսպանատան անձնակազմը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Հայ կաթողիկէ առաջնորդի ներկայացուցիչ վարդապետ Գէորգ վրդ. Պահէեան, Դամասկոսի մէջ ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ Ազգային իշխանութեան եւ քոյր միութիւններու վարչութիւններու...

«Յառաջ» Օրաթերթի Ցուցահանդէս` Ի Յիշատակ Շաւարշ Եւ Արփիկ Միսաքեաններու

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ յունուար 6-ին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեաններուն նուիրուած ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ 150 իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ միաբանութեան վանահայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեանի: Ներկաները եկած էին մասնակցելու վանքի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող Սուրբ Ծննդեան եւ ջրօրհնէքի արարողութիւններուն: Յետ ծիսակատարութեան, բոլոր մասնակիցները հրաւիրուեցան սեղանատուն`...

Հաւատք Եւ Սէր Միախառնուած` Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Գործունէութեան  Մէջ

Հաւատք Եւ Սէր Միախառնուած` Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Գործունէութեան Մէջ

Աւելի քան կէս դարու պատմութեան խորքէն մեզի հասած Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումը իր  գործունէութեամբ կենդանի կապ է Մայր Աթոռին հետ: Ի մտի ունենալով, որ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի երկունքն ու ծնունդը եղած է ասպնջական մայրիներու երկրին մէջ, 55-ամեայ կտակ մըն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ եւ ամէն տարի համախմբումի կիները իրենց շուրջ կը համախմբեն հաւատաւոր հետեւորդները, որոնք անգամ...

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Կաղանդի Գեղարուեստական Հանդէս Եւ Պարգեւատրում` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիգեանի

Երեքշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահը ժամադրավայր հանդիսացած էր հոծ բազմութեան մը` քաջալերելու Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտութեան պատրաստած Կաղանդի գեղարուեստական ներկայացումը, ինչպէս նաեւ` երախտագիտութիւն յայտնելու բազմավաստակ հոգեւոր հովիւ, վարժարանի նախկին տնօրէն, կրթական մշակ ու մնայուն բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիգեանին: Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, ներկայութեամբ գիւղի քահանայ հայրերուն, ազգային երեսփոխանին,...

Ճաշ` Անտունիներուն

Ճաշ` Անտունիներուն

«...Քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամէնէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մատթ. ԻԵ.40) Ոգեկոչելով մեր եղեռնահար նախնիները եւ անոնց կրած տառապանքները, յերախտագիտութիւն իր դռները լայն բացած արաբ ժողովուրդին, հարիւրամեակի յոբելենական տարուան աւարտին եւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախաշեմին, Հայ աւետարանական քոլեճի Աստուածաշունչի ակումբի տղաքն ու աղջիկները, հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի «Վասնզի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք, ծարաւցայ ու ինծի խմցուցիք,...

Նիւ Եորքի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Նշում Եւ Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Դրամահաւաք

Նիւ Եորքի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Նշում Եւ Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Դրամահաւաք

Շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակի նշումը: Հայաստանի եւ ՀՅԴ քայլերգներու կատարումներէն ետք, «Արմէն Գարօ» կոմիտէին եւ ՀՅԴ 125-ամեակի յանձնախումբին անունով երեկոն պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Նազարէթ Մարգարեան: Ան ողջունեց ներկաները սոյն յոբելենական ձեռնարկին իրենց մասնակցութեան համար, ապա հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր երդուեալ դաշնակցական նահատակներուն` անցնող 125 տարիներուն...

ՀՅԴ 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն Սիտնիի Մէջ

ՀՅԴ 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն Սիտնիի Մէջ

29 նոյեմբեր 2015-ին Սիտնիի «Չացուուտի Քոնքորս» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութիւնը: Ձեռնարկին սկիզբը հանդիսատեսին բաժնուեցաւ «Խորհուրդներ ու վկայութիւններ» խորագիրը կրող գրքոյկ մը: Երեքուկէս ժամ տեւող յայտագիրը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ սկաուտական կազմի տողանցք-մուտքով դէպի բեմ,  ուր Իզապէլ Մարգարեան եւ Թամար Աղաջանեան յաջորդաբար երգեցին Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան անդամ Մովսէս Ինճէճիկեան: Ան...

Հոլանտա.  Արժանապատիւ Հանդիսութիւն` Դաշնակցութեան Մէկ Ու Քառորդ Դարու Տարեդարձին Առիթով

Հոլանտա. Արժանապատիւ Հանդիսութիւն` Դաշնակցութեան Մէկ Ու Քառորդ Դարու Տարեդարձին Առիթով

Այն պահուն, երբ հայրենամերձ գաղութներ տարբեր պատճառներով սկսած են հայաթափուիլ ու դժբախտաբար կորսնցնել երբեմնի փայլուն ու յառաջատար դիմագիծը, այլ ափերու մէջ այսպէս կոչուած յարաբերաբար շատ աւելի նոր գաղութներ սկսած են կազմաւորուիլ, աւելի ճիշդ` կազմակերպուիլ ու դառնալ նկատառելի ներուժ համազգային մեր Դատին պրիսմակէն դիտելով: Ահա այդ շրջագիծին կը պատկանի հոլանտահայ գաղութը այսօր: Արդարեւ, Ալմելօ քաղաքը, որ կը նկատուի հոլանտահայ գաղութին սիրտը,...

ՀՅԴ 125-Ամեակ Կիպրոսի Մէջ

ՀՅԴ 125-Ամեակ Կիպրոսի Մէջ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Կիպրոսի մէջ` ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի: Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 նոյեմբերին, Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեմէզեանի եւ նախագահութիւնը` կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի: Ներկայ էին նաեւ պաշտօնական հիւրեր, որոնք կը ներկայացնէին` համայնքի Ազգային իշխանութիւնը, կրթական հաստատութիւնները,...

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԵ. (353րդ) Հատորի Շնորհահանդէսը

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԵ. (353րդ) Հատորի Շնորհահանդէսը

Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի մէջ նոյեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած շնորհահանդէսներէն ետք, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 35-րդ հատորի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, չորեքշաբթի 9 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ հայագիտութեամբ եւ մշակոյթով հետաքրքրուող մտաւորականներու, հանդէսի աշխատակիցներու, բարեկամներու եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Ձեռնարկին բացման իր խօսքին մէջ, հանդէսի խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, մատնանշեց,...

Page 55 of 68 1 54 55 56 68

Արխիւներ