Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ` Ս. Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի. Ս. Ծննդեան Համերգ

Դեկտեմբեր 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khatch-(1)_121315

Հայ ժողովուրդը, հայրենիքի մէջ թէ այլուր, մշակոյթը դարձուցած է իր անբաժան ընկերակիցը եւ ինքնապահպանման երաշխիքը: Գրական ստեղծագործութիւններով, թատերական թէ երաժշտական ելոյթներով, ինչպէս նաեւ այլ տիպի գեղարուեստական հանդէսներով կրցած է հայրենի հողէն իր հեռաւորութիւնը հատուցել ոգեղէն հայրենիքով:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, գիտակցելով մշակոյթի եւ արուեստի արժէքին ու կարեւորութեան, իր կրթական առաքելութեան կողքին ոչ մէկ ջանք խնայած է մշակութային լաւագոյն ծրագիրները հրամցնելու լիբանանահայ գաղութին:

Արդարեւ, կիրակի, 13 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին կազմակերպութեամբ Ս. Ծննդեան համերգը, որ կը վայելէր  նախագահութիւնը հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս` հայր Գէորգ Ասատուրեանի, որուն նախագահութեամբ անդրանիկ հանդիսութիւնն էր այս համերգը: Ներկայ էին Գէորգ արք. Խազզումեան, Մանուէլ արք. Պաթաքեան եւ Սարգիս եպս. Դաւիթեան, ինչպէս նաեւ` վարդապետներ, նախկին պետական նախարար Ժաք Չուխատարեան եւ զօրավար Նազարէթ Գաբրիէլեան:

khatch-(2)_121315khatch-(3)_121315Ելոյթին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ  վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ  ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ երգն ու երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնեն մարդու հոգին ու կը պայծառացնեն անոր միտքը, հետեւաբար, հայրենի աստղ Մարինէ Գրիգորեանի եւ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, լիբանանեան «Ֆայհա» երգչախումբին կատարողութեամբ այս ելոյթը ներկաներուս ոչ միայն կը պարգեւէ  երաժշտութեամբ ոգեւորուելու գեղեցիկ առիթ մը, այլեւ բոլորիս կը պարգեւէ տօնական ջերմ մթնոլորտ` յիշեցնելով, թէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մեր մէջ կը վերածնին մարդասիրական բոլոր վեհ զգացումները»: Ռ. Պոյաճեան առիթը պատեհ համարեց կրկին շնորհաւորելու նորօծ օգնական եպիսկոպոս Ասատուրեանը եւ անոր մաղթեց քաջառողջութիւն, երկար կեանք եւ բեղուն գործունէութիւն:

Յայտագրին սկիզբը ջութակի նուագի «Աւէ Մարիա» կտորով ելոյթ ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի աշակերտուհի Արեւ-Մարիա Պոյաճեան:

Հայրենի արուեստագիտուհի Մարինէ Գրիգորեան խորհրդաւոր կերպով բեմ բարձրանալէ ետք ներկաներուն հրամցուց Կոմիտասի, Մելիք Մաւիսաքալեանի, Ալեքսէյ Հեքիմեանի եւ օտար երաժիշտներու երգեր, ինչպէս` «Օրօր», «Չինար ես», «Քելեր-ցոլեր», «Կռունկ», «Մանուշակ», «Անի», «Էլեգիա», ինչպէս նաեւ օտար երգեր` «My mother», «Chanson Espagnole», եւ այլն: Դաշնամուրով անոր կ’ընկերակցէր հայրենի արուեստագիտուհի Սոնա Իսրայէլեան:

khatch-(4)_121315khatch-(5)_121315Համերգի երկրորդ բաժնով ելոյթ ունեցաւ լիբանանեան «Ֆայհա» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի: Անոնց առաջին երգն էր «Սուրբ, սուրբ» շարականը, որուն յաջորդեց ճոխ երգացանկ մը, որ կ՛ընդգրկէր, արաբերէն երգերու կողքին, «Կիլիկիա», «Շորորա», «Ով զարմանալի» շարականը, եւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը` Մարինէ Գրիգորեանի ընկերակցութեամբ: Առաջին անգամ ըլլալով հնչեց նաեւ քրիստոնեայ-իսլամական համակեցութիւնը դրսեւորող երգ մը` նուիրուած Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօներուն, որոնք այս տարի կը զուգադիպին միեւնոյն ժամանակաշրջանին: Ս. Ծննդեան երգերու տօնական մթնոլորտով «Ֆայհա» երգչախումբը աւարտին հասցուց գեղարուեստական յայտագիրը:

Հուսկ, Ասատուրեան եպիսկոպոսը  խօսք առնելով` ըսաւ, թէ բոլորս ալ կը պատրաստուինք Ս. Ծննդեան տօնը դիմաւորելու եւ այս առիթով նուէրներ կը գնենք մեր սիրելիներուն, բայց չմոռնանք «պզտիկ մանուկ»-ին նուէրը, որն է մեր գեղեցիկ աղօթքը եւ մտածումը Քրիստոսի մասին, որ պէտք ունի մեր հոգեւոր կեանքին ու իրեն նուիրուելու մեր պատրաստակամութեան: Գերապայծառ հայրը շնորհաւորեց վարժարանիս տնօրէնութիւնը` այս ձեռնարկի կազմակերպութեան համար, ինչպէս նաեւ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանը` վարպետօրէն ղեկավարելու համար «Ֆայհա» երգչախումբը, որ դարձած է Լիբանանի խաղաղասէր եւ արուեստասէր դէմքը:

Երգահանդէսին յաջորդեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ցուցահանդէս-վաճառք:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Դէպի Այնճար

Յաջորդը

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?