«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. Բարձր Մակարդակի 28 Ելոյթներ` Մինչեւ 23 Դեկտեմբեր
Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Չենց» փառատօնին, գործակցութեամբ Պէյրութի մէջ Իտալիոյ մշակութային հաստատութեան, երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարոնիներու Սեն Ժորժ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Չենց» փառատօնին բացումը` Ճիաքոմօ Փուչինիի «Լա մեսա տի կլորիա»-ով, զոր կատարեց «Ճիովանիլ» նուագախումբը` «Պէյրութ Չենց» փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Թուֆիք Մաաթուքի խմբավարութեամբ: «Ճիովանիլ» նուագախումբին ընկերակցեցան Անտոնեան եւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարաններու երգչախումբերը` հայր Խալիլ Ռահմէի խմբավարութեամբ: Ելոյթին...




















