Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Աշակերտները Կը Նշեն Լիբանանի Անկախութեան 72-րդ Տարեդարձը

December 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sourp-khatch_112015

22 նոյեմբերին մայրիներու երկիր Լիբանանը կը նշէ իր անկախութեան տարեդարձը: Այս առիթով, ուրբաթ, 20 նոյեմբերին Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը ներկայացուց կոկիկ յայտագիր մը` ի պատիւ Լիբանանի անկախութեան 72-րդ տարեդարձին: Արդէն լիբանանեան դրօշակները զարդարած էին դպրոցին շրջափակը եւ այդ օր զբօսանքներուն ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք լիբանանեան դրօշակին գոյներով հագած Ծաղիկ դասարանի աշակերտներ արտասանեցին «Լիբանան» խորագիրով ասմունք մը, որուն յաջորդեց Բ. դասարանի երգի կատարողութիւնը:

Արաբերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչ Մերի Խուրի փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր բոլորս հրաւիրուած ենք խոկալու Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին մասին` ոչ թէ որպէս դիտորդ, այլ` որպէս անկախութեան կերտիչ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ներդրում բերէ անկախութեան գծով` ուրախանալով բոլոր անոնց հետ, որոնք բարձր պահեցին Լիբանանի անունը եւ իրենց ուրախութիւնը, սէրը եւ պատկանելիութիւնը արտայայտեցին մեր սիրելի հայրենիքին հանդէպ»: Մ. Խուրի յայտնեց նաեւ, թէ մենք մեր թեւերը կ՛երկարենք բոլոր բարի կամեցողներուն, որպէսզի միասնաբար աշխատինք, որովհետեւ երբ միանանք, կը զօրանանք, հետեւաբար ան բոլորը մղեց աշխատանքի` հաւատալով, որ անկախութիւնը կը գրուի արիւնալի տողերով եւ կը վեհանայ ներողամտութեան յատկութեամբ օժտուած մարդոցմով:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան 4-րդ դասարանցիները` նահատակներուն նուիրուած երգով, 3-րդ դասարանցիները` «Ո՞ւր է անկախութիւնը» ներկայացումով, 8-րդ դասարանի աշակերտները` ասմունքով: 11-րդ դասարանէն երեք աշակերտներ դաշնամուրի, ջութակի եւ թմբուկի նուագով ներկայացուցին արաբերէն երգ մը, իսկ 7-րդ դասարանցիները արտասանեցին «Նոր Լիբանանը» խորագիրով քերթուած մը:

10-րդ դասարանէն երկու աշակերտուհիներ երկխօսութիւն մը կատարեցին այսօրուան երիտասարդներուն ապրած պայմաններուն մասին, որոնք կ՛ապրին անապահով կացութեան մէջ: 5-րդ դասարանցիները ելոյթ ունեցան ասմունքով, իսկ 6-րդ դասարանի աշակերտները երգեցին ու պարեցին ի պատիւ իրենց ծննդավայր Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին:

Հուսկ, բեմ բարձրացաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիներուն եւ զայն ներկայացնող աշակերտներուն: Ան ըսաւ, թէ մենք բնաւ պէտք չէ կորսնցնենք մեր յոյսը եւ բռունցքուած պէտք է աշխատինք` ունենալու ա՛յն անկախութիւնը, որ կ՛երազենք եւ որուն կը ձգտինք հասնիլ: Ան շնորհաւորեց ու պատուեց նաեւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մետալներ ապահոված վարժարանի աշակերտները:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Վկայեալ Կարգի Դասընթացք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.