Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գառնիկ Սարգիսեանի Զոյգ Համերգներով Հալէպահայութիւնը Տօնական Ոգեւորութիւն Ապրեցաւ

Դեկտեմբեր 17, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

haleb-(1)_121115

Հալէպահայութիւնը չորս տարիէ ի վեր տօնական պահերու ծարաւը ունէր: Համայնքի ազգային կեանքը թէեւ աշխուժ էր, սակայն ՍԵՄ-ի Կեդր. վարչութեան կազմակերպութեամբ ազգային-յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի զոյգ համերգները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:

ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով ազգային-յեղափոխական երգերը մասունքի պէս պահած հալէպահայութիւնը հոծ բազմութեամբ ներկայացաւ զոյգ համերգներուն, երգեց Գառնիկին հետ, անմահացուց մեր հերոսներն ու ազգային հպարտութիւն առթող անոնց սխրանքները ու իր ծափողջոյններով, երգերով ու ոգեւորիչ կանչերով թնդացուց «Գէորգ Եսայեան» սրահը:

haleb-(2)_121115

Գառնիկ Սարգիսեանի զոյգ համերգները տեղի ունեցան հինգշաբթի 9 եւ շաբաթ 11 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին: Իւրաքանչիւր համերգի ընթացքին «Եսայեան» սրահը կը յորդէր աւելի քան ութ հարիւր հանդիսատեսներով:

Զոյգ համերգներուն Գառնիկ Սարգիսեան աւելի քան երկուքուկէս ժամ անընդհատ երգեց ու իր եզակի կատարումներուն միացան հանդիսատեսները` ուրուագծելու հայ յեղափոխութեան ուղին լուսաւորող հերոսներու սխրանքները, 125-ամեայ ժողովրդանուէր կուսակցութեան կէս դար ու քառորդ աննահանջ պայքարը, մեծարելու սուրիահայ մեր քաջերն ու ներշնչուելու մեր պատմութեան լուսաւոր էջերով:

Բացման խօսքով Հուրի Սրուրեան յայտնեց, որ 36 տարի առաջ Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ ՀՅԴ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը: ՍԵՄ-ը տարիներու իր գործունէութեամբ վկայեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր անձնուէր երիտասարդութեամբ սուրիահայութեան կողքին է ու պիտի շարունակէ քալել ժողովուրդին հետ` անոր տէր կանգնելով, յոյս ներշնչելով եւ օժանդակելով:

Անդրադառնալով ազգային-յեղափոխական երգերու դաստիարակչական դերին` Սրուրեան շեշտեց, որ ազգային երգերը ոչ միայն կ՛ոգեւորեն, այլեւ կը համախմբեն մեզ մեր նպատակներուն շուրջ:

Համերգները ընթացան տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Հալէպահայ երիտասարդներն ու պատանիները եռագոյն դրօշները պարզած, ուս-ուսի տուած` խանդավառ երգեցողութեամբ յիշեցին արծիւներու բոյն Գետաշէնը, երկար ժամանակ ծառայելու անկեղծ զինուորին ուխտը, արցախեան հերոսներն ու սուրիահայ քաջերը:

Համերգին մէկ երգով մասնակցեցաւ երիտասարդ մեկնաբան, հալէպահայ Սուրէն Աճեմեան:

Համերգները սփռուեցան «Ռատիօ Երազ»-ի ուղիղ եթերով, իսկ «Երկիր Մետիա»-ի Հալէպի գրասենեակը յատուկ հաղորդումով անդրադարձաւ անոնց:

Աւարտին կազմակերպիչ մարմինը խորհրդանշական յուշանուէրով պարգեւատրեց Գառնիկ Սարգիսեանը, որ անտեսելով առկայ վտանգները` միացաւ հալէպահայութեան, ոգեւորեց եւ զոյգ համերգները նուիրեց Հալէպի աննկուն ժողովուրդին:

Հայ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան իր կեցութեան ընթացքին այցելեց նաեւ ազգային կեդրոններ եւ վարժարաններ:

Նախորդը

Քեսապի Մէջ Նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125-Ամեակը

Յաջորդը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան) Բ. Մաս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?