Գաղութային

Ապրիլեան Պատերազմը Արցախի Շուրջ Համախմբած Է Հայ Երիտասարդութիւնը.  Ըստ Շարմազանովի

Ապրիլեան Պատերազմը Արցախի Շուրջ Համախմբած Է Հայ Երիտասարդութիւնը. Ըստ Շարմազանովի

Արցախ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, որուն կ՛ընկերակցէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան նախագահ Արթուր Թովմասեանը: 13 յուլիսին ան հանդիպում մը ունեցած է Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ բանակումի մասնակիցներուն հետ: Էդուարդ Շարմազանով հանդէս եկած է դասախօսութեամբ մը` հայոց ազգային գաղափարախօսութեան եւ նժդեհեան հայրենասիրական դասերուն մասին: Ան...

Երիտասարդական Խորհրդարանի Անդամները Հանդիպած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարին Հետ

Երիտասարդական Խորհրդարանի Անդամները Հանդիպած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կից երիտասարդական խորհրդարանի անդամները 12 յուլիսին Շուշի քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած են Ղարաբաղի  մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանին հետ: Այս մասին հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը: Ողջունելով նորընտիր երիտասարդական խորհրդարանի անդամները` մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը ներկայացուցած է պետական երիտասարդական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առկայ մարտահրաւէրները: Խօսելով հասարակութեան ու պետութեան զարգացման...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Յատուկ Կարեւորութիւն Կու Տայ Ներկայ Արհեստագիտութեան Ընձեռած Միջոցներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Յատուկ Կարեւորութիւն Կու Տայ Ներկայ Արհեստագիտութեան Ընձեռած Միջոցներուն

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լսատեսողական ու Երիտասարդական բաժանմունքներուն, շաբաթ, 16 յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ երիտասարդական համագումար` «Ընկերային ցանցերը եւ հայ երիտասարդութիւնը» խորագիրով: Համագումարին ներկայ էին կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած ներկայացուցիչներ եւ լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Համագումարի սկիզբը Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս...

Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում` Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» 75-Ամեայ Վարժարանին

Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում` Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» 75-Ամեայ Վարժարանին

Շաբաթ, 2 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նախակրթարանի ու երկրորդականի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ յայտնեց, թէ հանդիսութեան իւրայատուկ պահով այս կրթօճախը կը նշէ իր 75-րդ տարեդարձը, միաժամանակ` Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակը: «75-ամեայ մեր դարբնոցի ազգային...

Հալէպի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Սուրիոյ Առաջին Հայկական Ռատիոյին

Հալէպի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Սուրիոյ Առաջին Հայկական Ռատիոյին

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ» Կիրակի, 17 յունիսին, հալէպահայութիւնը մեծ ցնծութիւն մը ապրեցաւ` ներկայ գտնուելով Սուրիոյ հայկական առաջին ձայնասփիւռի կայանին` «Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Երկար տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ` հակառակ պատերազմական ծանր պայմաններուն, խումբ մը երիտասարդներու տքնաջան ու նուիրեալ աշխատանքով սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր ձայնասփիւռը` ողջ աշխարհին հասցնելու իր ձայնը: «Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոնի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք....

«Աշխատած Ենք Տարբեր Երկիրներու Հետ, Բայց Այսպիսի Բարձր Գնահատանքի Արժանացած Ենք Միայն Հայաստանի Մէջ», Կ՛ըսէ Մարիամ Զաքի

«Աշխատած Ենք Տարբեր Երկիրներու Հետ, Բայց Այսպիսի Բարձր Գնահատանքի Արժանացած Ենք Միայն Հայաստանի Մէջ», Կ՛ըսէ Մարիամ Զաքի

18 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող «Ո՞վ սպաննեց հայերը» արաբերէնով առաջին փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որուն հեղինակները պատկերասփիւռի եգիպտացի լրագրողներ Մոհամետ Հանաֆի եւ Մարիամ Զաքի ամուսիններն են: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են 20-րդ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող լուսանկարներ եւ արխիւային նիւթեր, ցեղասպանագէտներու, պետական եւ հոգեւոր գործիչներու տեսակէտներ: Նկարահանումները տեղի ունեցած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ: Ողջունելով...

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատանքներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատանքներ

«Արի Տուն» Ծրագիրի Երկրորդ Փուլի  Փակման Հանդիսութիւն Աւանդական խարոյկով ազդարարուեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի աւարտը: 1 յուլիսին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, նախարարութեան աշխատակիցներ եւ հիւրեր: Սփիւռքի նախարարին անունով ողջունելով «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները` նախարարին տեղակալը մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛...

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 30-րդ Հունձքը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 30-րդ Հունձքը

Ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ի երեկոյեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ քոլեճի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Ազգային իշխանութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբի եւ Շրջանաւարտից միութեան անդամներուն, աւարտական դասարանի աշակերտներու  ծնողներուն ու հարազատներուն: Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ շրջանաւարտներու կատարողութեամբ   ներկայացուած` Լիբանանի,...

«Հեքիաթներու Աշխարհ»-ով Ծաղիկներ Հրաժեշտ Տուին Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզին

«Հեքիաթներու Աշխարհ»-ով Ծաղիկներ Հրաժեշտ Տուին Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզին

Շաբաթ, 18 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Յառաջ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, վարժարանիս խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու ու բարեկամներու: Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման...

Բացուեցաւ Մեսրոպեանի Ամառնային Ծրագիրը` «Ովասիս 2016»-ը

Բացուեցաւ Մեսրոպեանի Ամառնային Ծրագիրը` «Ովասիս 2016»-ը

5 յուլիս 2016-ի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագրի բացումը` ներկայութեամբ մասնակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն: Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցած 17 տարիներուն, այս տարի եւս «Ովասիս»-ը լիուլի պիտի  գոհացնէ ամառնային ուրախ եւ օգտակար ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը: Ան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց այն, որ...

Ազգային Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Ազգային Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Հայ պատանիները լիցքաւորել հայրենասիրական գաղափարներով` կը նշանակէ պատրաստել նոր նուիրեալներ, որոնք անձնուիրաբար պիտի ծառայեն սփիւռքին եւ հայրենիքին: Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանը իր տասնեակ տարիներու առաքելութեամբ սերունդներ կանգուն պահեց: Հինգշաբթի, 16 յունիս 2016-ին, վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջան նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Նշան...

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի  Շրջանաւարտներու Նոր Հունձքը Յանձնառու` «Արցախին Հետ, Արցախին Համար» Գործելու

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու Նոր Հունձքը Յանձնառու` «Արցախին Հետ, Արցախին Համար» Գործելու

Ուրբաթ, 1 յուլիսի երեկոյեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը իր 49-րդ հունձքը ներկայացուց ամավերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի ներկայացուցիչին, Ազգային իշխանութեան ներկայ եւ նախկին անդամներուն, բարեկամներու, բարերարներու եւ ծնողներու ստուար թիւի մը: Հանդէսը ունէր «Արցախին հետ,...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ  Միրէյ Խանամիրեանի, չորեքշաբթի, 22 յունիս 2016, երեկոյեան  ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք շրջանաւարտ աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագիրով: Անոնք երկու արարով ներկայացուցին թատրոն մը, որ կը խօսէր անվերջ նուաճումներ փնտռելու, դէպի ճշմարտութիւն...

«Արցախի Ճակատը Կ՛երկարի Մինչեւ Սփիւռքահայ Դպրոց». Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աւարտական Հանդէս

«Արցախի Ճակատը Կ՛երկարի Մինչեւ Սփիւռքահայ Դպրոց». Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աւարտական Հանդէս

Ուրբաթ, 1 յուլիս 2016-ին, Կեդրոնական Պէյրութի միակ հայկական վարժարանը` Հայ աւետարանական քոլեճը ազգին տուաւ իր 88-րդ հունձքը, արդիւնք` պարարտ հողի, անխոնջ մշակներու եւ աստուածային «օրհնութեան անձրեւներու»: Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրուան զուգադիպող սոյն հանդիսութիւնը հետեւաբար նուիրուած էր Հայց. աւետ. եկեղեցւոյ 170-ամեակին եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու 25-ամեակին: Հանդիսութեան ներկայ էին ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, զօր. Յ....

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Կրթական տարեշրջանի աւարտին, մեծ գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ չորեքշաբթի, 29 յունիս 2016-ի  երեկոյեան ժամը 8:00-ին վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի ամավերջի հանդէսը: Ներկայ էին Էշրեֆիէի եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան, Սիտնիէն  ժամանած վեր. Գրիգոր Եումուշաքճեան, հովիւներ, վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներ, կրթական խորհուրդի պատասխանատուներ, ծնողաց յանձնախումբի անդամներ, լիբանանեան բանակի զօրավար, հիւրեր, ուսուցիչներ...

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Պապի Հայաստան Կատարած Այցելութեան Առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Երկիրներէն Հայրենիք Ժամանած Պատանիները

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Պապի Հայաստան Կատարած Այցելութեան Առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Երկիրներէն Հայրենիք Ժամանած Պատանիները

27 յունիսին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան առիթով Մերձաւոր Արեւելքէն հայրենիք ժամանած պատանիները: Սփիւռքէն ժամանած պատանիները 25 յունիսին ներկայ գտնուած էին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պապին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած էքիւմենիք արարողութեան: Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Թուրքիայէն, Իսրայէլէն, Քուէյթէն եւ Իրանէն ժամանած հայորդիները իրենց հետ բերած էին հող եւ ջուր: Հռոմի պապին...

Հայկազեան Համալսարանէն Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք` Մասնակցութեամբ Առողջապահութեան Նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի

Հայկազեան Համալսարանէն Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք` Մասնակցութեամբ Առողջապահութեան Նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի

Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը` Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ 24 յունիս 2016, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի շրջափակին մէջ 148 ուսանողներու յանձնեց աւարտական վկայականներ: Յաջողութեան բերկրանքին խառնուած էր յուզմունքը հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են իրենց կեանքի ամէնէն հաճելի պահերը: Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր երեսփոխան Սերժ Թուր-Սարգիսեան, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի...

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Օրը` չորեքշաբթի, 8 յունիս 2016: Ժամադրուած ենք Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ` դիտելու եւ վայելելու Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Սրահը արդէն լեցուն է ծնողներով, հրաւիրեալներով, Ուսումնական խորհուրդի, Թաղական խորհուրդի, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներով, ինչպէս նաեւ` ուսուցչական կազմով, տնօրէնութեամբ ու հոգեւոր հայրերով: Բեմին եզերքը զարդարուած էր աշակերտներու գծանկարներով, որուն թեման` «Երբ մեծնամ, ի՛նչ կ՛ուզեմ ըլլալ»: Իւրաքանչիւր աշակերտ յայտնած...

Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու կողմէ հիմնուած Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի 2016-ով սկսող երկրորդ հարիւրամեակի անդրանիկ ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցին բակին մէջ, ներկայութեամբ հայ եւ օտար ծնողներու, սկիզբ առաւ հայկական եւ լիբանանեան քայլերգներով: Այս տարուան ամավերջի հանդէսը նուիրուած էր Լիբանանին եւ անոր...

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

Կիրակի, 12 յունիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի ամավերջի միացեալ հանդէսը` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հանդէսին խորագիրն էր` «Արեւի մարդիկ»: Յայտագիրը սկսաւ աշակերտներու նկարներու ցուցադրութեամբ, որուն ընդմէջէն ներկաները ականատես եղան 2015-2016 տարուան վարժարանին այլազան գործունէութեան: Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2016 տարին...

Page 47 of 68 1 46 47 48 68

Արխիւներ