Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հեքիաթներու Աշխարհ»-ով Ծաղիկներ Հրաժեշտ Տուին Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզին

July 15, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

harach-(2)_61816

Շաբաթ, 18 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Յառաջ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, վարժարանիս խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու ու բարեկամներու:

Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց վարիչ-մանկապարտիզպան Լենա Սթանպուլեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները` անոնց ուշադրութեան յանձնեց բեմի անտառային յարդարումը, մանկական գունագեղ աշխարհի կարգ մը հերոսներու ճամբով մատուցուելիք երաժշտախառն հեքիաթներու շարքը:

Լ. Սթանպուլեան յայտնեց, որ մանկապարտէզի քառամեայ ծրագիրին հետեւող իւրաքանչիւր մանուկ աստիճանաբար կը հարստացնէ իր գիտելիքները, կարողականութիւնը եւ մանկապարտէզին հրաժեշտ տալով` կը ստանայ իր առաջին վկայականը, որ` «պիտի լուսաւորէ իր ճանապարհը ու զինք պիտի հասցնէ բարձր դիրքերու»:

Վարիչ-մանկապարտիզպանը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր առիթներով ու զանազան միջոցներով նեցուկ կը կանգնին վարժարանի վերելքին, մանաւանդ շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց վարժարանի բարերարներուն, որոնց շարքին` Գէորգ Հ. Արապեանին, որուն նիւթական ներդրումով ընթացք առած են մանկապարտէզի բարեզարդման ու արդիականացման շինարարական աշխատանքները:

harach-(1)_61816

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով հանդէս եկաւ Կոկոն ու Ծաղիկ դասարանի երգչախումբը, որ հմայեց ներկաները հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներու իր կատարումներով, խմբավարութեամբ երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի հաղորդավարներ` «Անին ու Արան» մանկական պատմութեան ամփոփ ներկայացումէն ետք պարի հրաւիրեցին Ծիլ դասարանի աշակերտները, որոնց գունագեղ տարազը զարդարուած էր Անիին ու Արային «համեղ շաքարներով»:

harach-(3)_61816

Յաջորդ հեքիաթը` «Ձիւնաթոյրը», Ծաղիկ դասարանի հաղորդավարներու կողմէ անգլերէնով ներկայացուեցաւ, ապա Բողբոջ դասարանի աշակերտները պարային գեղեցիկ շարժումներով աշխուժացուցին բեմը` աղջիկները Ձիւնաթոյրին պէս հագած, իսկ տղաքն ալ` փայտահատի տեսքով:

«Հեքիաթներու աշխարհ»-ը կանգ առաւ հաղորդավարներու արաբերէն լեզուով երրորդ հեքիաթի մատուցմամբ` «Կարմիր գլխարկիկ»-ին, որուն պարային ներկայացումը վստահուած էր Կոկոն դասարանին, որ իւրայատուկ մշակումով միաձուլած էր Կարմիր գլխարկիկին գուրգուրոտ վերաբերումը գայլին նկատմամբ:

harach-(4)_61816

Եզրափակելով հեքիաթներու շարքը` «Անին ու երեք արջուկները» ներկայացուեցաւ Ծաղիկ դասարանի պարային ելոյթով, որ արժանացաւ հանդիսատեսի ջերմ գնահատանքին:

Մանկապարտէզի շրջանաւարտ դասարանը կաունով բեմ բարձրացաւ եւ երախտագիտական խօսքերով հրաժեշտ տուաւ մանկապարտէզին:

Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան կամրջեց երեւակայութեան ճամբով ուրուագծուած հեքիաթային-առասպելական աշխարհն ու անոր հերոսները, հիւսուած տարբեր երանգները, որոնք իրենց վերջնական յանգումը կը կատարեն իրական աշխարհին մէջ: Տնօրէնը շրջանաւարտներուն ուղղեց իր խօսքը` դաստիարակութեան ճամբով մշտապէս ճշգրիտ ընտրութիւններ կատարելու, պայծառատես ու յստակատես ըլլալու, չմոլորելու շլացնող բազմապիսի երեւոյթներէ:

Տնօրէնը շնորհաւորեց շրջանաւարտները` անոնց առաջին վկայականը ստանալուն առթիւ, անոնց ծնողները, ուսուցիչները, վարժարանի մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ` ազնիւ բարերարները, որոնց ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Ծաղիկ դասարանէն վկայական ստացան.

Ալիք Համուտեան, Անդօ Քիւսպէկեան, Ասօ Սթանպուլեան, Արեւիկ Թաշճեան, Դրօ Գալեմքերեան, Երուանդ Սթանպուլեան, Լոռի Ճապրայեան, Յակոբ Գրիգոր, Նանոր Ֆստքճեան, Պարգեւ Տարագճեան, Ռալֆ-Վահէ Աշգարեան, Ռիթա Քիւսպէկեան, Սէրլի Արուշեան, Քրիստել Գազանճեան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1966)

Յաջորդը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 30-րդ Հունձքը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.