Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Յատուկ Կարեւորութիւն Կու Տայ Ներկայ Արհեստագիտութեան Ընձեռած Միջոցներուն

Յուլիս 26, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-4_71816

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լսատեսողական ու Երիտասարդական բաժանմունքներուն, շաբաթ, 16 յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ երիտասարդական համագումար` «Ընկերային ցանցերը եւ հայ երիտասարդութիւնը» խորագիրով: Համագումարին ներկայ էին կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած ներկայացուցիչներ եւ լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

3-3_71816

Համագումարի սկիզբը Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան ներկայ երիտասարդներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` երիտասարդութեան տուած կարեւորութեան եւ անոնց դերակատարութեան վրայ ունեցած իր հաւատքին համար: Նորին սրբութիւնը արհեստագիտութեան նորագոյն բոլոր միջոցները կ’օգտագործէ` հասնելու հայ երիտասարդին: Հայր սուրբը յիշեցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է վեհափառ հայրապետին ունեցած ապագայատեսիլ մօտեցումներուն, որոնց շնորհիւ երիտասարդ-եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները ամուր հիմքերու վրայ կը դրուին` եկեղեցւոյ գործունէութիւնը թարմացնելով այժմէական արհեստագիտութեամբ:

Կաթողիկոսը ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց ընկերային ցանցերու ունեցած ազդեցութեան կարեւորութիւնը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն ներս` զայն որակելով ներկայ դարուն մշակոյթը: Շեշտելով համացանցի մշտական ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ` ան ըսաւ. «Համացանցի հարցը կը նկատեմ մեր ժողովուրդին ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը, որովհետեւ այս մշակոյթը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայ ժողովուրդի ինքնութեան, մարդակերտումի եւ հայակերտումի մեր աշխատանքներուն հետ եւ բոլոր մարզերէն ներս կը տեսնենք այս մշակոյթին անդրադարձը: Հայ եկեղեցին ո՛չ միայն հոգեւոր կեանքի կռուան է, այլեւ հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն դերակատարներէն մին է, հետեւաբար մեր կաթողիկոսութիւնը հսկայ աշխատանք տարած է ու պիտի շարունակէ տանիլ ներկայ արհեստագիտութեան հարթակներուն վրայ` քայլ պահելով այսօրուան պահանջներուն հետ»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ համացանցի ունեցած դրական ու բացասական երեսներուն եւ անոնց առաջադրած մարտահրաւէրներուն մասին, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորը նկատեց աշխարհայնացման մշակոյթը:

Համագումարի Ա. նիստի ընթացքին ներկայացում ունեցան Շաղիկ Գանտահարեան-Խուտաւերտեան եւ Թամար Հաշէօլեան` «Ընկերային ցանցերը եւ դաստիարակութիւնը» նիւթով: Շ. Խուտաւերտեան զեկուցեց համացանցին յառաջացուցած հոգեբանական տարբեր երեւոյթներուն մասին` շեշտելով, որ համացանցը ընդհանրապէս ու ընկերային ցանցերը յատկապէս կրնան թէ՛ շինիչ եւ թէ՛ ժխտական դեր կատարել երիտասարդին հոգեկան աշխարհին մէջ: Երկրորդ զեկուցաբերը` Թ. Հաշէօլեան, ներկայացուց համացանցին ունեցած ժխտական ու դրական երեսները դաստիարակութեան մարզէն ներս, ու ներկայացուց արհեստագիտութեան տարբեր ձեւերն ու տեսակները:

7-4_71816

Համագումարի Բ. նիստի բանախօսն էր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որ ներկայացուց «Ընկերային ցանցերը եւ ինքնութիւնը» նիւթը: Ան մասնաւորաբար խօսեցաւ հայ ժողովուրդին արդիականացման եւ արհեստագիտութեան հետ ունեցած յարաբերութեան մասին:

Գ. նիստի, որ կը կրէր գործնական դիմագիծ, բանախօսներն էին` Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան, Արազ Գոճայեան եւ Արամ Սոմունճեան: Այս նիստի առաջին բաժինով Ք. Ղազարեան ներկաներուն համար կազմակերպեց աշխատանոց մը, որուն ընթացքին ներկաները խմբային աշխատանքներ տարին եւ փորձեր կատարեցին ընկերային լրատուամիջոցներու արտադրութիւնները գրաւիչ ձեւով տարածելու (branding): Գործնական այս աշխատանոցին տեսական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Ա. Գոճայեան, որ ներկայացուց, թէ ինչպիսի՛ հմտութիւններ պէտք է ձեռք բերել` առցանց բովանդակութեան մը պատրաստութեան համար (Content Creation) ցանցատետրի (blog) հարթակին վրայ, իսկ Ա. Սոմունճեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ «Լուսանկարներու դերակատարութիւն» նիւթին շուրջ` նախ բացատրելով լուսանկարահանումի արհեստագիտութեան եւ ապա լուսանկարչութեան հմտութեան մասին:

Վերջին նիստի ընթացքին զեկուցեցին Հրակ Աւետանեանն ու Շիրազ Ճէրէճեանը` ներկայացնելով «Ընկերային ցանցերը եւ Հայ դատը» նիւթը: Հ. Աւետանեան խօսեցաւ ընկերային տարբեր ցանցերու միջոցով կատարուած թէ՛ հայկական եւ թէ՛ հակահայ քարոզչութիւններու ձեւին ու տեսակին մասին: Որմէ ետք Հ. Ճէրէճեան խօսեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին համացանցի վրայ տեղադրուած նիւթերու բովանդակութեան մասին:

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցան քննարկումներ եւ հարց-պատասխաններ: Համագումարի ընթացքին տեղի ունեցած զեկոյցներն ու քննարկումները եզրակացումներու յանգեցան, որոնցմէ կ’արժէ յիշել`

Ա. Համացանցը ներկայ դարուս անհերքելի կարեւոր տեղ կը գրաւէ երիտասարդին առօրեային մէջ, սակայն երիտասարդը ի՛նք կ’որոշէ ենթարկուելու անոր դրական կամ ժխտական կողմին` շնորհիւ իր քննական միտքին եւ օգտագործման հոլովոյթին:

Բ. Համացանցը բեմ մըն է, որ առիթ կ’ընծայէ հայ երիտասարդին` դրսեւորելու իր հայկական ինքնութիւնը շնորհիւ անոր տրամադրած հնարաւորութիւններուն` կայք, ծրագիրներ, ֆորումներ եւ այլն:

Գ. Համացանցը աշխարհի ամէնէն արագ զարգացող իրողութիւնն է, եւ անկէ հեռու մնալ` կը նշանակէ հեռու մնալ աշխարհի հոսքէն եւ ընթացքէն: Առ այդ, կարեւոր է քայլ պահել աշխարհին հետ:

Դ. Համաշխարհայնացման եւ ինքնութեան պահպանման ոլորտին մէջ կը բազմապատկուի հայ երիտասարդին պարտաւորութիւնը` համացանցը օգտագործելու արհեստավարժօրէն եւ միաւորելու հայկական մշակութային ազդակները:

Ե. Համացանցի աշխարհը արագ միջոց մըն է բարեկամութիւն ստեղծելու, կապուելու հեռաւորին հետ. հեռաւորը մօտիկ դարձնող իրողութիւն մըն է, սակայն պէտք չէ առիթ տալ, որ մօտիկ գտնուողը հեռացնէ մեզմէ:

 

Նախորդը

Վահան Թոթովենց (1889-1937). Հայու Յուզաշխարհին Մէջ Դաշնաւորուած Մարդկայինն Ու Ազգայինը

Յաջորդը

Արա Պապեանի վտանգաւոր ֆրազները

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?