Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Պապի Հայաստան Կատարած Այցելութեան Առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Երկիրներէն Հայրենիք Ժամանած Պատանիները

Յուլիս 4, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Min-Hranush3_62716

27 յունիսին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան առիթով Մերձաւոր Արեւելքէն հայրենիք ժամանած պատանիները:

Սփիւռքէն ժամանած պատանիները 25 յունիսին ներկայ գտնուած էին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պապին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած էքիւմենիք արարողութեան:

Min-Hranush1_62716

Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Թուրքիայէն, Իսրայէլէն, Քուէյթէն եւ Իրանէն ժամանած հայորդիները իրենց հետ բերած էին հող եւ ջուր:

Հռոմի պապին համար պատրաստուած էր յատուկ նուէր մը` Արարատի վրայ կանգ առած Նոյեան տապանի մանրակերտը: Խորհրդանշական էր, որ պատանիները իրենց հետ բերած հողով ծածկեցին Նոյեան տապանի մէջ ցանուած որթատունկի արմատները իսկ Ֆրանչիսկոս պապն ու Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը պատանիներուն բերած ջուրով ջրեցին զայն:

Նախարար Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատանիներու ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք անսալով սփիւռքի նախարարութեան կոչին` ուղղուած էին Հայաստան:

Min-Hranush2_62716

«Դուք դարձաք բազմամիլիոն սփիւռքի այն ընտրեալ ներկայացուցիչները, ովքեր հայրենիքում մօտիկից տեսան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին: Պահը իսկապէս պատմական էր եւ յուզումնալի, որովհետեւ դուք Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր երկրներից եկած այն ընտանիքների ժառանգներն էք, ովքեր 101 տարի առաջ փրկուել են Հայոց ցեղասպանութիւնից», նշեց ան:

Նախարարը կոչ ուղղեց պատանիներուն`  չմոռանալ եւ կատարել Ֆրանչիսկոս պապի պատգամները` ըլլալ բարի, սիրել մերձաւորներին, հայրենիքը եւ լաւ սորվիլ դասերը:

«Ուզում եմ, որ յիշէք նաեւ պապի` հզօր միտք եւ քարեղէն հաւատ ունենալու մասին յորդորը: Յիշէ՛ք եւ աւելի՛ շատ սիրէք մեր եկեղեցին` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը», ըսաւ նախարարը:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան երեխաները: Լիբանանէն իննամեայ Քրիստափոր Հապիպեան ըսաւ. «Ես չէի կրնար պատկերացնել, որ իմ հայրենիքիս մէջ բախտը կ՛ունենամ տեսնելու պապը: Ես կը փափաքիմ դառնալ վարդապետ: Ինծի համար այս այցելութիւնը անմոռանալի է»:

Եգիպտոսէն ժամանած Թինա Մազլումեան յայտնեց, որ ինք Հռոմի պապէն խնդրած է աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար:

Իսրայէլէն ժամանած Պերճ Քեչուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարին, որ առիթ ընծայեց իրենց` հանդիպելու Ֆրանչիսկոս պապին:

Հանդիպումին աւարտին հայ պատանիները խոստացան աւելի յաճախ այցելել Հայաստան, ճանչնալ հայրենիքը, հայրենիք մշակոյթն ու աւանդութիւնները եւ պահպանել հայրենիքի հետ իրենց կապը:

Նախորդը

Գոհար Խաչատուրեան Կը Ստանայ Հռոմի Պապին Օրհնագիրը

Յաջորդը

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?