Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու կողմէ հիմնուած Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի 2016-ով սկսող երկրորդ հարիւրամեակի անդրանիկ ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:
Հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցին բակին մէջ, ներկայութեամբ հայ եւ օտար ծնողներու, սկիզբ առաւ հայկական եւ լիբանանեան քայլերգներով:
Այս տարուան ամավերջի հանդէսը նուիրուած էր Լիբանանին եւ անոր նկատմամբ հայութեան երախտագիտութեան: Բեմը զարդարուած էր հայկական եւ լիբանանեան դրօշակներով, որոնց ընդմէջէն կ՛արտացոլար լիբանանահայութեան հոգին, որուն զգացումները կը հակին թէ՛ մայր հայրենիքին եւ թէ՛ հիւրընկալ հայրենիք Լիբանանին:
Հայուն հաւատարմութիւնն ու երախտապարտութիւնը արտայայտող տողերով հանդէս եկան միջնակարգի աշակերտներ Լիբանանի նուիրուած ներբողներով եւ ոտանաւորներով: Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդին շինարար եւ օրինակելի քաղաքացիի բոլոր որակումները ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուեցաւ օտար քոյրերու կողմէ:
Այնուհետեւ հայերէն եւ օտար լեզուներով խմբերգներու, ասմունքներու եւ մենախօսութիւններու կողքին, ներկայացուեցան նաեւ գեղեցիկ պարեր, որոնց մասնակցեցան մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ դասարանները` խանդավառելով բոլոր ներկաները:
Անմոռանալի յուշերով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը` միշտ յուսալով, որ յաջորդող տարեշրջաններուն այս անզուգական կրթական օճախը հանդիսավայրը մնայ հայ մանուկին արուեստի շնորհքներուն եւ տաղանդներուն դրսեւորման:
Հանդէսը փակուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանի «Պահպանիչ»-ով:
2015-2016 ուսումնական տարեշրջանը պսակուեցաւ մեծ ուրախութեամբ, երբ միջնակարգի աւարտական կարգէն եօթը աշակերտներ փայլուն միջիններով յաջողեցան լիբանանեան պըրըվէի պետական քննութեան:
Վարձքը կատար բոլորին: