Գաղութային

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները

Հինգշաբթի, 9  յունիս 2016-ին, երեկոյեան  ժամը 7:00-ին, Թորոսեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր` միասնաբար ըմբոշխնելու մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց  բաշխման հանդիսութիւնը: Վարժարանը այս տարի կը նշէր իր հիմնադրութեան 65-ամեակը: Հանդէսին ներկայ էին պատուելի Սեւակ Թրաշեան, Նշան վրդ. Լախոյեան, դպրոցի  եւ եկեղեցւոյ  հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարանի  ծնողական յանձնախումբի անդամներ, ծնողներ եւ հիւրեր: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան.  Մանկապարտէզի Ծաղիկ Դասարանի 27 Աշակերտներու Վկայականաց Բաշխում

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Մանկապարտէզի Ծաղիկ Դասարանի 27 Աշակերտներու Վկայականաց Բաշխում

Շաբաթ, 18 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը` ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, Զմմառու վանքի նորընծայարանի ընդհանուր տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու: Լիբանանի,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Բողոքական Շարժումի 500-Ամեակին Նուիրուած Համագումարին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Բողոքական Շարժումի 500-Ամեակին Նուիրուած Համագումարին

Ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ի յետմիջօրէին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցին (N.E.S.T.) մէջ կազմակերպուած էր համագումար մը` նուիրուած բողոքական շարժումի 500-ամեակին: Սոյն համագումարին ներկայ էին լիբանանցի եւ գերմանացի աստուածաբաններ եւ պատմաբաններ: «Բողոքականութեան ազդեցութիւնը արեւելեան եկեղեցիներուն վրայ» խորագիրով դասախօսական բաժնին համար Յոյն ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներէ կազմուած ներկայացուցիչներու կողքին նաեւ հրաւիրուած էր Հայ եկեղեցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինումով,...

Պատարագ` Կեսարիոյ Ամենահին Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ

Պատարագ` Կեսարիոյ Ամենահին Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ

Կեսարիոյ հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս պատարագ մատուցուած է. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը: Պատարագին մասնակցած են Պոլիսէն, Եոզկաթէն եւ Սեբաստիայէն ժամանած` ծագումով մօտաւորապէս 50 հայեր, որոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են: Պատարագին մասնակցած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն Զաքէոս քհնյ. Օհանեանը: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան լրագրողին հետ զրոյցի մը ընթացքին Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է պատարագի մասնակիցներուն...

«Պահելով Հանդերձ  Աւանդականը, Հարկ Է Վերանայիլ Մեր Աշխարհահայեացքը», Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

«Պահելով Հանդերձ Աւանդականը, Հարկ Է Վերանայիլ Մեր Աշխարհահայեացքը», Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) պատուիրակութիւնը հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ին  այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Շուրջ ժամ մը տեւած այս հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան գաղութին առնչուող զանազան հարցեր` ազգային, կրթական եւ յարակից մարզերէն ներս, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտի հայկական դիմագիծի վերաշխուժացման անհրաժեշտութեան: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ նպատակներուն...

Մոկլի Ճիւղի «Փարքուր Տէ Սավէօր» Ագարակի Այցելութիւն

Մոկլի Ճիւղի «Փարքուր Տէ Սավէօր» Ագարակի Այցելութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը կազմակերպած էր դաստիարակչական ու հաճելի յայտագիր մը` յատուկ մոկլի ճիւղի «Փարքուր տէ Սավէօր» ագարակի այցելութիւնը, Քֆարշիմա, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 յունիս  2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-7:00: Մոկլի ճիւղի ագարակի այցելութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտիի մասնաճիւղերու 75 մոկլիներ, մոկլի վոհմակներու խմբապետական կազմերը, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու կարգ մը...

Գայլիկ Եւ Արծուիկ Ճիւղերու Բազմաբնոյթ Խաղեր

Գայլիկ Եւ Արծուիկ Ճիւղերու Բազմաբնոյթ Խաղեր

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը կազմակերպած էր գայլիկ եւ արծուիկ ճիւղերու յատուկ բազմաբնոյթ խաղերը, կիրակի, 19 յունիսին Պէյրութի Նշան Փալանճեան կեդրոնի բակին մէջ: Այս յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին  Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու` 6-8 տարիք ամբողջացնող աւելի քան 110 գայլիկ-արծուիկներ, ինչպէս նաեւ` վոհմակ-երամներու խմբապետական կազմերը: Բազմաբնոյթ խաղերուն նպատակն էր ստեղծել ընկերային մթնոլորտ մը` համախմբելով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքի փոքր...

ՊՕՂՈՍ Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

ՊՕՂՈՍ Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 12 յունիս 2016-ին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներու յաջորդական ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանէն երկու աշակերտներ, որոնք բարի գալուստի խօսքերով ողջունեցին ներկաները եւ օրուան հանդէսը ձօնեցին իրենց թանկագին ծնողներուն: Բացուող վարագոյրին հետ բեմ բարձրացան Ծիլ դասարանցիները` միանալու Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանցիներէ կազմուած երգչախումբին` ներկայացնելու եռալեզու երգերու...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

2015-2016 կրթական տարեշրջանի աւարտին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը ժողովուրդին ներկայացաւ ամավերջի հանդէսով եւ վկայականաց բաշխումով, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ վարժարանի բարերարին կնոջ եւ դուստրին, պատկան մարմիններու եւ ծնողներու: Հանդէսին թեման հայոց դիւցազներգութեան հերոս Սասունցի Դաւիթն էր: Աւարտական կարգի աշակերտները թատերական...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Կրթական տարեփակի վազվզուքին, քննութիւններու հոգին ու պէյրութեան հեղձուցիչ տապին մէջ ովասիսի տպաւորութիւն կը ստեղծեն հայկական մանկապարտէզներու հանդէսները, երբ երփներանգ տարազներով մանուկներ իրենց երգով, պարով, զաւեշտներով ու արտասանութիւններով, գէթ կարճ ժամանակի համար, թարմ շունչ կը բերեն մտահոգութիւններու տակ ճնշուած մեր կեանքին, յիշեցնելով, որ աշխարհի մէջ դեռ կայ բարութիւն, անմեղութիւն, եւ մանուկներու ժպիտին յարատեւումին համար կարելի է, պէ՛տք է մէկդի թողուլ ամէն...

Արա Ազատի «Ժամանում/Ժամանում» Ցուցահանդէսը Պոսթընի Մէջ

Արա Ազատի «Ժամանում/Ժամանում» Ցուցահանդէսը Պոսթընի Մէջ

Անցեալ ապրիլին ազդանշանը տրուեցաւ Արա Ազատի «Ժամանում/ժամանում» ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Պոսթընի կեդրոնական շրջանի @artlery160 սրահին մէջ: Այս առթիւ, ցուցադրուեցան Ազատի Արա Ազատի ծրարով հասցէագրուած եւ նամակատարով առաքուած գործերը: Այս գծով, աւելի քան քսան տարուան ընթացքին, Ազատ նամակատարով ղրկած է աւելի քան 140 գործեր, զանազան հասցէներու: Հետաքրքրականը այն է, որ պարզ միջոցներով, առանց յաւելեալ ծրարման եւ ապահովագրական միջոցառումներու, Ազատի առաքած...

Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

Ուրբաթ,  3  յունիս 2016-ի  երեկոյեան   ժամը  7:00-ին,  «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը արդէն իսկ կը յուշէին, թէ հանդէսի կեդրոնական նիւթը` «Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգեր» պատգամող Հրաչիկին «Յետոյ» պատմուածքն էր: Կոկոն դասարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով, իսկ Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին բացման խօսքը: Մեծ պարոններու եւ օրիորդներու արդուզարդով բեմ բարձրացան...

Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապարտէզը Աւարտական Վկայական Յանձնեց 60 Ծաղիկներու

Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապարտէզը Աւարտական Վկայական Յանձնեց 60 Ծաղիկներու

Շաբաթ, 11 յունիս 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 60 ծաղիկներ տօնական հանդէսով մը նշեցին մանկապարտէզի շրջանի աւարտը, որ միեւնոյն ժամանակ կը նշէր անոնց մուտքը` դպրոցական  շրջան: Հանդէսը արտացոլացումը եղաւ ընդհանուր այն կրթական ծրագրին, զոր ծաղիկները իւրացուցած էին անցած տարիներուն: Այնտեղ կարելի էր յստակօրէն տեսնել այն կարեւորութիւնը, որ մանկապարտէզին մէջ կը շնորհուի մանուկներու բազմակողմանի զարգացման` լեզուներու իմացութեան, ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի 2015-2016 Տարեշրջանի Շրջանաւարտ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի 2015-2016 Տարեշրջանի Շրջանաւարտ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի 2015-2016 տարեշրջանի շրջանաւարտ հունձքի ամավերջի հանդէսն էր: Բեմին վրայ յաղթական կանգնած են փոքրիկ շրջանաւարտները: Դեռ քանի մը տարի առաջ թաց աչքերով դպրոց մուտք գործած բողբոջները ծաղկած են հիմա ու պատրաստ են շարունակելու իրենց կրթական ուսումնական վերելքը ինքնավստահ ու սիրով: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորած եւ Միրէյ Խանամիրեանի նախագահած ամավերջի ու վկայականաց բաշխման...

ՀՄԸՄ-ի Ճատրակի Յանձնախումբի Ընթրիք

ՀՄԸՄ-ի Ճատրակի Յանձնախումբի Ընթրիք

Ուրբաթ, 17 յունիս 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Ճատրակի յանձնախումբի ընթրիքը, «Սուլթան Պրահիմ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի Ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իզզաթ Քրայթեմի, Անթիլիասի եւ Նաքքաշի քաղաքապետ Էլիաս Ապու ժաուտէի, ՀՄԸՄ-ականներու եւ բարեկամներու: Ճատրակի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ յանձնախումբի ատենապետ Թալին Լախեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ...

Երախտագիտական Այցելութիւն Բարերար Բիւզանդ Գէորգեանի

Երախտագիտական Այցելութիւն Բարերար Բիւզանդ Գէորգեանի

Իննսունհինգ տարիներու պատմութիւն ունեցող «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր բժշկական, ընկերային եւ համայնքային ծառայութիւններու ընդմէջէն յաջողած է լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու կեանքերուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ արձանագրել եւ հոն դրոշմել աստուածային սէրն ու ողորմածութիւնը: Սակայն մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւնները առաւել եւս կը դրսեւորուին, կ՛արժեւորուին եւ ծառայութեան աշխատանքը կը դառնայ համազգային, երբ մեր ազգի մէջ գտնուող կարգ մը անհատներ, որոնք անցնելով կեանքի դաժան պայմաններու ընդմէջէն,...

Իւրօրինակ Քննութիւն

Իւրօրինակ Քննութիւն

Շաբաթ, 11 յունիս 2016-ին Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ վարժարանի 17-ամեայ «Երազ» թատերախումբի ստեղծագործական եւ դերասանական կազմի անդամներուն հանդիպումը: Առիթը` 2016-ի ապրիլ 1-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կայացած, Ռոպերթ Առաքելեանի «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը» թատերախաղի խտասալիկը դիտելն ու քննարկելն էր, նախաձեռնութեամբ` վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանի: Ներկայացման դերակատարները` ուսուցիչ եւ աշակերտ, առիթ ունեցան դառնալու հանդիսատեսը...

Մեծարանքի Հանդիսութիւն` Նուիրուած  Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի

Մեծարանքի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի

Ա. ՄԻՍԻՍԵԱՆ 12 մայիս 2016-ը անմոռանալի օր մը պիտի մնայ ամբողջ աշխարհի մելգոնեանցիներուն, բայց մասնաւորաբար Լիբանանի մելգոնեանցիներուն համար, որոնք մեծարեցին իրենց սիրելի ուսուցիչը, տնօրէնը, հմուտ պատմաբանը, իւրայատուկ մանկավարժը, բարձրարժէք հայ կինը, մէկ խօսքով ազնուական հայ մարդը` Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանը: ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահն ու միջանցքները ողողուած հին մելգոնեանցիներու պայծառ յիշողութիւններով: Ոմանք նոյնիսկ կանուխ հասած էին, որպէսզի աւելի շատ ժամանակ ունենային ըլլալու...

«Եկեղեցւոյ Կեանքին Ժողովուրդին Աճող Մասնակցութիւնը Դրական Երեւոյթ Է»

«Եկեղեցւոյ Կեանքին Ժողովուրդին Աճող Մասնակցութիւնը Դրական Երեւոյթ Է»

Քաջալերական վերոյիշեալ խօսքով դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Անթիլիասի մէջ հաւաքուած հարիւրէ աւելի կիներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին` ամէն երեքշաբթի, մասնակից դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Հայ կանանց հոգեւոր լսարանին: Բաժանմունքի այս ծրագրին տարեշրջանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 յունիս 2016-ի առաւօտուն, վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ կաթողիկոսին: Իր հայրական պատգամին մէջ վեհափառը`...

ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական 5-րդ Զարգացման Մրցումը

ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական 5-րդ Զարգացման Մրցումը

Շաբաթ, 14 մայիս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ) կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով, եւ որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 8 երկրորդական վարժարաններ: Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան...

Page 48 of 68 1 47 48 49 68

Արխիւներ