Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացուեցաւ Մեսրոպեանի Ամառնային Ծրագիրը` «Ովասիս 2016»-ը

Յուլիս 12, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_5758_r

5 յուլիս 2016-ի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագրի բացումը` ներկայութեամբ մասնակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցած 17 տարիներուն, այս տարի եւս «Ովասիս»-ը լիուլի պիտի  գոհացնէ ամառնային ուրախ եւ օգտակար ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը: Ան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց այն, որ «Ովասիս»-ի խմբակները կոչուած են հայկական հին ու նոր բնակավայրերու անունով` որպէս ցուցանիշ ազգային պատկանելիութեան եւ պահանջատիրութեան: Կ. Գալուստ թելադրեց մասնակիցներուն` մշտապէս օգտագործել այդ անուանումները ծրագրին ընթացքին ամրապնդելու համար հաւատքը ազգային անկատար երազներուն նկատմամբ:

Ծանօթ է, որ «Ովասիս»-ը դաստիարակչական ժամանցի ծրագիր է` ուղղուած մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 18-րդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր` Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ցարդ «Ովասիս»-ին մասնակցած է մօտ 3400 հոգի: Այս տարի եւս մասնակիցները ըստ տարիքի բաժնուած են երկու խումբերու` «Փոքր Մասիս» եւ «Մեծ Մասիս», որպէս խորհրդանիշ հայ ազգի յաւերժութեան:

«Ովասիս 2016»-ը պիտի տեւէ մինչեւ 26 օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով: Ովասիսական օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ՛աւարտի  կէսօրուան ժամը 2:00-ին: Այս տարուան ծրագրին մէջ ներառուած են` ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, ժապաւէնի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքեթպոլ, երգ, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խոհանոց, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1966)

Յաջորդը

Իսլամացուած Մշեցի Տիգրանի Պատմութիւնը

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով.   Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ
Գաղութային

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Մարտ 28, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In