Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանէն Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք` Մասնակցութեամբ Առողջապահութեան Նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի

Յուլիս 2, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

haigazian_62416

Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը` Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ 24 յունիս 2016, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի շրջափակին մէջ 148 ուսանողներու յանձնեց աւարտական վկայականներ: Յաջողութեան բերկրանքին խառնուած էր յուզմունքը հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են իրենց կեանքի ամէնէն հաճելի պահերը:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր երեսփոխան Սերժ Թուր-Սարգիսեան, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, որ կը ներկայացնէր վարչապետ Թամմամ Սալամը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, երեսփոխան Ժան Օղասապեան, որ կը ներկայացնէր երեսփոխան Սաատ Հարիրին, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան, ներքին ապահովութեան ուժերու, քաղաքապետութիւններու միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր ու ծնողներ:

Ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ ստանալու եւ նուիրելու գործընթացի հաւասարակշռութեան վրայ` շեշտելով պատիւն ու առատաձեռնութիւնը տալու շնորհքին մէջ: Դոկտ. Հայտոսթեան կարեւոր նկատեց  նաեւ կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ընկերային պատասխանատուութիւնը` իրենց շահոյթէն բաժին յատկացնելու ընկերային ծառայութեան եւ օժանդակութեան:

Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ տալը մարդկային արժանիքներուն մէջ գերագոյնն է, որ օգտակար կը հանդիսանայ նախ տուողին, ապա` այլոց: Պէտք է տալ գիտակրթական մարզերուն մէջ եւս` առանց ակնկալելու եւ առանց փոխարժէքի, առանց պատճառաբանութեան կամ մեկնաբանութեան, ըսաւ դոկտ. Հայտոսթեան եւ աւելցուց. «Մինչ կը ներկայացնենք նոր հունձք մը լայն ընկերութեան, հաւատքով եւ նորոգ նուիրումով կը լեցուինք` կատարելու պարտականութեան մեր բաժինը եւ ընկերակցելու մեր երիտասարդներուն, որ ինքնավստահ եւ հաստատ հիմերու վրայ նետուին ասպարէզներու նոր վիճակներու մէջ»: Ան եզրափակեց խօսքը` ըսելով. «Հայկազեան համալսարանի մարդակերտումի եւ գիտութեանց զարգացման գործընթացին մէջ մեր ուխտը կը նորոգենք այսօր անգամ մը եւս եւ կը շնորհաւորենք համալսարանի անձնակազմը, շրջանաւարտները եւ բոլորին ընտանիքները»:

Օրուան պատգամը տուաւ Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ քաղաքացիութեան, ազգային ինքնութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային զարթօնքի, մտաւոր առաջնորդութեան եւ բարեկարգումներու սկզբունքին եւ նման այլ հասկացողութիւններու անհրաժեշտութեան` նշելով, որ Լիբանանի մէջ յառաջխաղացը եւ զարգացումը կը կատարուին միայն օրինակելի քաղաքացիութեան այն նմուշով, որ առաջ կու գայ տարբեր մշակոյթներու համատեղ հարստացումով եւ ոչ թէ առանձնայատկութիւններու զանցառումով:

Նախարարը ըսաւ, որ զարթօնքը առանց մշակութային յեղափոխութեան` չ՛իրականանար, իսկ մշակութային յեղափոխութիւնը առանց ազատ, անկախ մտածողութեան ու անկաշկանդ ստեղծագործութեան` չ՛իրականանար, իսկ ազատ մտածողութիւնը եւ անկաշկանդ ստեղծագործութիւնը չ՛իրականանար` առանց քաղաքական այն համակարգին, որ կը յարգէ ազատութիւնները եւ ազատ կ՛արձակէ միտքը իր կարծրատիպէն:

Նախարարը դիտել տուաւ, որ Լիբանան իր տեղն ու դերը կորսնցուցած է արաբական աշխարհի մտաւոր առաջնորդութեան կեդրոնին մէջ, կրթութեան ազգային տեսլականին, ինչպէս նաեւ կրթական հաստատութիւններու պետական գուրգուրանքի մը գոյութեան մէջ: Ապա շրջանաւարտներուն դիմեց լուծում գտնելու հաւանականութեամբ եւ ըսաւ. «Այս բոլոր դժուարութիւններուն լուծումը բարեկարգումն է փտածութեան դէմ, միասնութիւնը` բաժանումի, պետականութիւնը` ոչ պետականութեան, գիտութիւնը` տգիտութեան, ստեղծագործութիւնը` յետամնացութեան, լայնախոհութիւնը` սահմանափակուածութեան, չափաւոր կեցուածքը` քաղաքական կամ կրօնական մոլութեան, յոյսը` յուսալքութեան, որ կ՛ապրինք»:

Հանդիսութեան ընթացքին շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Քրիստին Սիմիտեան եւ Սառա Ֆարահաթ, որոնք իրենց ընկերներուն մաղթեցին յաջողութիւն` կրթական-ուսումնական յառաջիկայ  տարեշրջաններուն համար եւ երազանքներու իրականացում:

Աւարտին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, տեսուչներ` դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմէքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն եւ յուշանուէրներ` գերազանց ուսանողներուն:

Հանդիսութիւնը, որ բացուած էր հոգեւոր տեսուչին կողմէ, եզրափակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Յայտնենք, որ վկայականներու պաշտօնական հանդիսութենէն օրեր առաջ տեղի ունեցաւ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան աղօթքի հաւաք` ներկայութեամբ «Կրօններ» հաստատութեան նախագահ հայր Ֆատի Տուի: Ուսանողները շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ իրենց ուսումնառութեան չորս տարիներուն համար, ապա փոխանակեցին վառած մոմեր` խորհրդանշելով ճշմարտութեան, ազատութեան եւ ծառայութեան փոխանցումը ամբողջ աշխարհին, որ նշանաբանն է Հայկազեան համալսարանին:

Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Ճորճ Ապտոյեան, Կարէն Աֆարեան, Մհեր Ախրապեան, Յակոբ Աւետիքեան, Սերժ Ազար, Կարինէ Պէրպէրեան, Նայիրի Պէօճէքեան, Փաթիլ Տատայեան, Սինթիա Տաւուտլարեան, Ռիթա Տէր Մովսէսեան, Արարատ Ճէրէճեան, Դալար Ստեփան, Մեղեդի Ֆուտուլեան, Մանուէլ Հալէպլեան, Յակոբ Չաքմաքեան, Սերժ Չուլճեան, Ժանա Քալզի, Հերա Գանթարճեան, Երուանդ Գանձապետեան, Վարդենի Քեմիճեան, Տեսիլ Քենտիրճեան, Փաթիլ Քեչեպաշեան, Սեւակ Քեթենճեան, Մարիա-Լենա Քիսոյեան, Նաթալին Գիզիրեան, Գէորգ Քումաշեան, Լոռի Գույումճեան, Սեդօ Քիւսպէկեան, Արա Մարգարեան, Սերժ Մելիքեան, Ժոզեֆ Մոմճեան, Կրեկորի Միւյէսէրօղլու, Գեղամ Նիկոլեան, Ռազմիկ Օգնայեան, Ցոլաւ Յովսէփեան, Րաֆֆի Սամաք, Երուանդ Շալլակեան, Ճոն Շերպեթճեան, Քրիստին Սիմիթեան, Ժաք Սոմունճեան, Վրէժ-Վրոյր Թորիկեան, Ալագեազ Թորոս, Էլիաս Ուաքիմեան:

Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Շանթ Ստեփան եւ Քրիստափոր Գույումճեան:

Հայկազեան համալսարանի ընկերային գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Ռիթա Աղուորեան, Հրակ Պագալպաշեան, Արմէն Պագգալեան, Գոհարիկ Պալըքճեան, Սիրվարդ Մինաս Պարտաքճեան, Նարէ Տեմիրճեան, Ալիս Իփրաճեան, Շողեր Գարգուրեան, Սառա Սարաֆեան, Սարին Սերայտարեան եւ Վարանդա Եագուպեան:

Հայկազեան համալսարանի գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Ռիթա Աւէսեան, Կասիա Պալեան, Ճոն Հաթեմ, Հիլտա Չաղլասեան, Նանոր Գալայճեան, Գօգօ Գըլընճեան, Րաֆֆի Գեսթենեան, Մարի-Կրէյս Նաճարեան եւ Սիլվա Սահակեան:

Հայկազեան համալսարանի ընկերային գիտութեան բաժանմունքի մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Լինա Պաղտոյեան եւ Ռիթա Մուրատեան:

Նախորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

«Ազդակ» Կը Մասնակցի Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Կազմակերպած Լրագրողներու Ամառնային Դպրոցին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?