Ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ի երեկոյեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ քոլեճի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Ազգային իշխանութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբի եւ Շրջանաւարտից միութեան անդամներուն, աւարտական դասարանի աշակերտներու ծնողներուն ու հարազատներուն:
Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ շրջանաւարտներու կատարողութեամբ ներկայացուած` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի ու Արցախի քայլերգներով, ապա աւարտականները ներկայացուցին «Ախպերս ու ես» երգը, Բարտի Պետիրեան, Մարիա Քէօշկէրեան եւ Շահէն Արապօղլեան մեներգով ընկերացան անոնց:
Աւարտական դասարանէն Սոնիա Հաւաթեան, Փաթիլ Գազանճեան, Քարլա Գարակէօզեան, Սիլվիա Սերայտարեան, Մարիա Քէօշկէրեան եւ Դալար Պետիկեան ներկայացուցին գեղեցիկ հայկական պար մը, ապա Շահէն Արապօղլեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Հայր, օրհնէ՛» բանաստեղծական կտորը:
Զուգերգով ու նուագով «Զինուորի երգ»-ը ներկայացուցին աւարտականներ` Լոռի Զէքեան, Աւետիս Մարտիրոսեան, Ցոլակ Թէքէլեան եւ Մինաս Մազլումեան, ապա Դալար Պետիկեան ներկայացուց արտայայտչական պար մը: Ցուցադրուեցաւ աւարտականներուն դպրոցական կեանքն ու յիշատակները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք ԺԱ. կարգի հրաժեշտի խօսքը կարդաց Աւօ Մարգարեան, որ իր դասընկերներուն կողմէ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն ու ըսաւ. «Զիս ներշնչողը ձեր միութիւնն էր: Անհատական ուժերը միացնելով, նուիրուեցաք մեր դպրոցին` օրինակ ըլլալով յաջորդ սերունդներուն: Անկեղծօրէն չէի կրնար պատկերացնել ձեզմէ լաւ «դպրոցի մեծեր» եւ այդ հիման վրայ կը խոստանամ, որ յաջորդ հունձքը պիտի քալէ նոյն ճանապարհէն»:
Արաբերէն ուղերձը կարդաց Փերլա Գարատաղլեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները` նշեց, թէ դպրոցական վերջին տարին յոգնեցուցիչ էր, սակայն աշակերտները համբերութեամբ ու յարատեւելու կամքով ընդառաջեցին մարտահրաւէրին ու այսօր զինուած գիտելիքներով` պատրաստ են դէմ դնելու բոլոր դժուարութիւններուն եւ իրենց ստացած ուսումով սատար հանդիսանալու Հայաստանին ու Արցախին:
Ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգնած են այս երազի իրականացման, ինչպէս նաեւ` անոնց, որոնք իրենց կողքին են վկայականներու բաշխման հանդէսին: Ան իր խօսքը եզրափակեց` սրտագին շնորհաւորութիւն յայտնելով իր դասընկերներուն եւ մաղթելով, որ ամէնքը յաջողին իրենց կեանքին մէջ:
Անգլերէն ուղերձը կարդաց Աւետիս Մարտիրոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճին, անոր աւանդած իւրաքանչիւր տառին, իւրաքանչիւր տեղեկութեան համար, միաժամանակ շնորհակալ ըլլալով բոլոր այն ուսուցիչներուն, որոնք ուղեկցած են իր կրթական ճանապարհին, հաստատելով, որ քոլեճին փոխանցած բոլոր արժէքներն ու սկզբունքները սրտին մէջ ամուր դրոշմած` կը մեկնի քոլեճէն:
Հայերէն ուղերձը կարդացին Քրիստափոր Իսկենտերեան եւ Սիլվիա Սերայտարեան: Իսկենտերեան նշեց, որ հանդէսին օրը պատմական էր ո՛չ միայն որովհետեւ Հռոմի պապը նոյն օրը կը գտնուէր Հայաստան, այլ նաեւ` որովհետեւ ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդի մը զաւակները կ՛աւարտեն հայկական վարժարան եւ կը ստանան հայատառ վկայական` անգամ մը եւս փաստելով թուրքի հայաջնջման ծրագիրին ձախողութիւնը: Ան հաստատեց, որ հայկական դպրոցին մէջ միայն կարելի է լաւապէս ճանչնալ հայոց պատմութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը, ինչպէս նաեւ` տիրապետել այլ լեզուներու: Սերայտարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէս դպրոցն ու անոր մթնոլորտը տարիներու ընթացքին դարձան իր հարազատները ու աւելցուց. «Հայ դպրոցը մեր ազգին կը նուիրէ բանակ մը, որուն արմատները կը հասնին մինչեւ հայրենիք. բանակ մը` պատրաստ բարձրանալու կեանքի ամենադժուար աստիճաններէն»:
Ապա անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն ու դասընկերներուն` վեր առնելով իւրաքանչիւրին դերը աւարտականներու կազմաւորման գործընթացին մէջ:
Օրուան պատգամախօսն էր Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որ պատիւ նկատեց պատգամ փոխանցել շրջանաւարտներու մեծաթիւ սերունդի մը ու յիշեցուց, թէ անոնք քոլեճի նուիրական յարկին տակ սորվեցան երազել` առանց ոտքերը գետնէն անջատելու, սորվեցան, թէ անձին հետ մրցակցիլը լաւագոյն ձեւն է յառաջդիմելու, սորվեցան ըլլալ յաջող ու նաեւ ստեղծագործ անձ, սորվեցան, թէ ծառայած կ՛ըլլան մարդկութեան, եթէ լաւագոյնս ծառայեն իրենց ժողովուրդին: Վ. Աւագեան շեշտեց, որ աշակերտները պարտք մը ունին հանդէպ իրենց ընտանիքին, իրենց վարժարանին ու իրենց ազգին: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Այս պահէն սկսեալ դուք աշակերտ չէք, դուք ձեր դաստիարակն էք ու կոչուած էք դիմագրաւելու այլազան մարտահրաւէրներ: Ձեր կեանքին նպատակը թող ըլլայ ամէն գնով պահել ձեր էութիւնը` միաժամանակ ջանալով պահել ու զարգացնել ձեր շուրջը գտնուողներուն էութիւնը: Ինչե՜ր չէք պարտիր հայութեան, որուն իւրաքանչիւր սերունդին թթխմորը կայ ձեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիներուն մէջ:. Մեր ժողովուրդին բոլոր նուիրեալ հերոսները կան` Սասունէն մինչեւ Սարդարապատ ու Լիզպոնէն մինչեւ Հալէպ»: Ան իր խօսքը եզրափակեց` սերունդին մաղթելով բարի երթ:
Խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ վեր առաւ կրթութեան դերը ազգի գոյատեւման պատմութեան մէջ: Ան յուզումով յիշեց աշակերտական այս պահը ու աւելցուց. «Մեր սփիւռքի կրթօճախները ո՛չ միայն հայապահպանման են ծառայում ու պահպանում են մեր ազգային ինքնութիւնը, այլ նաեւ նպաստում են այդ հասարակութիւնների զարգացմանն ու բարգաւաճմանը»: Իր խօսքի աւարտին ան մաղթեց, որ շրջանաւարտները հասնին իրենց երազներուն եւ իրականացնեն իրենց փափաքները:
Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք համոզումով ու վստահութեամբ իրենց զաւակները առաջնորդած են այս քոլեճը, ուր կը կերտուի ազգային դիմագիծը: Ապա ան համառօտ կերպով ներկայացուց քոլեճի աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները` կրթական թէ ազգային մարզերուն մէջ, շնորհիւ աշակերտներուն կողքին գտնուող հաստատ «սիւներու», ինչպէս` ուսուցչական կազմին, խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին, շրջանաւարտից միութեան եւ ծնողներուն:
Տնօրէնը հունձքը կոչեց «Արցախ» սերունդ` մաղթելով, որ անոնք ուր ալ որ գտնուին, տէրը ըլլան իրենց փոխանցուած աւանդներուն, պահեն իրենց ինքնութիւնը եւ իրենց դրոշմը ձգեն ազգի ու մարդկութեան պատմութեան վրայ:
Ապա ան շրջանաւարտները հրաւիրեց սրահ իջնելու եւ ծաղիկներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու իրենց ծնողներուն:
Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց «Ժան Ապաճեան կրթական ֆոնտ»-ի հիմնադիր Նորա Ապաճեանին, սրբազան հօր, Ուսումնական խորհուրդին, աւարտական դասարաններու դաստիարակներուն, գեղարուեստի ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին հանդէսի յաջողութեան:
Շահէ եպս. Փանոսեան իր արտասանած խօսքին մէջ աւարտական հունձքը նկատեց հայ ժողովուրդին յաղթանակը` նշելով, որ ձեռք բերուածը աշակերտ, ուսուցիչ, տնօրէն, խնամակալ ու բարերարներու հաւաքական աշխատանքին արդիւնքն է: «Սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ մենք յաջողեցանք մեր գոյութիւնը ապահովել ու ամրապնդել հայ վարժարանով, եւ այնքան ատեն որ մեր ժողովուրդը գիտակից է եւ մասնակից կը զգայ ինքզինք կրթական գործին, անկասկած որ պատնէշի վրայ կը մնայ յաղթական ժողովուրդ», ըսաւ սրբազան հայրը` բարի երթ մաղթելով աշակերտներուն դէպի հայկական կեանք ու հայ ազգի ծոց:
Ապա առաջնորդ սրբազան հօր ու քոլեճի տնօրէնին ձեռամբ կատարուեցան վկայականներու բաշխումն ու մրցանակաբաշխութիւնը:
Ստորեւ նշուած նիւթերուն բարձրագոյն միջինները ապահովող հետեւեալ աշակերտները ստացան իրենց մրցանակները. Քրիստափոր Իսկէնտէրեան` 12-րդ դասարաններու բարձրագոյն միջին, ընդհ. գիտ. դասարանի բարձրագոյն միջին, ընդհ. գիտ. դասարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան. 12-րդ դասարաններու հայերէնի բարձրագոյն միջին, 12-րդ դասարաններու հայոց պատմութեան բարձրագոյն միջին, 12-րդ դասարաններու արաբերէնի բարձրագոյն միջին: Սիլվի Սերայտարեան` կենսաբանագիտական դասարանի բարձրագոյն միջին, 12-րդ դասարաններու հայոց պատմութեան բարձրագոյն միջին: Աւետիս Մարտիրոսեան` 12-րդ դասարաններու անգլերէնի բարձրագոյն միջին, կենսաբանագիտական դասարանի գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին: Փերլա Գարատաղլեան` ընկերա-տնտեսագիտական դասարանի բարձրագոյն միջին, Բարտի Պետիրեան` ընդհ. գիտ. դասարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան բարձրագոյն միջին:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. ընդհանուր գիտութիւն` Պետիրեան Բարտի, Գոնեալեան Արմէն, Իսկենտերեան Քրիստափոր, Մազլումեան Մինաս, Նաշալեան Յովիկ, Սարգիսեան Ամիրզա, կենսաբանագիտութիւն` Հաւաթեան Սոնիա, Պետիկեան Դալար, Սերայտարեան Սիլվիա, Քէօշկէրեան Մարիա, Քէօշկէրեան Սթեֆանի, Գումաշեան Սէրուժ, Թեքելեան Ցոլակ, Մարտիկեան Կարապետ, Մարտիրոսեան Աւետիս, Մելքոն Մելքոն, Յակոբեան Շահէ, Չամիչեան Կարապետ, Սթանպուլեան Ճորճ, Փանոսեան Վահէ, ընկերատնտեսագիտութիւն` Գազանճեան Փաթիլ, Գասապ Ռոզանի, Գարակէօզեան Քարլա, Գարատաղլեան Փերլա, Գէօհիւլեան Փոլա, Զէքեան Լոռի, Ճորճեան Նարինէ, Մաճարեան Մարի-Կրէյս, Պետիկեան Թալին, Պօղոսեան Ցոլեր, Տաղլեան Բալիկ, Տարագճեան Նայիրի, Փամբալեան Վարդենի, Արապօղլեան Շահէն, Եափուճեան Սերժ, Խաւլուճեան Կարապետ, Իսկենտերեան Գրիգոր, Հէյպելեան Նարեկ, Մարգարեան Ռազմիկ եւ Սասունեան Յովիկ: