Շաբաթ, 2 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նախակրթարանի ու երկրորդականի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:
Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ յայտնեց, թէ հանդիսութեան իւրայատուկ պահով այս կրթօճախը կը նշէ իր 75-րդ տարեդարձը, միաժամանակ` Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակը:
«75-ամեայ մեր դարբնոցի ազգային կրթութեան առաքելութիւնը մի՛շտ ալ հայակերտման իմաստաւորումը փնտռած է ազգային պետականութեան վերականգնման ու ամբողջացման ենթահողի վրայ», ըսաւ տնօրէնը:
Ա. Թաշճեան կարեւոր նկատեց նաեւ հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի գաղափարական շունչով ամրակայուած վարժարանիս առաքելութիւնը` ուսանելի դասեր քաղելու այժմէական թելադրականութեամբ. իբրեւ այդպիսին, զուգորդելով կրթօճախի պատմութիւնը գիւղի կենսագրութեան հետ, տնօրէնը յայտնեց հետեւեալը. «Ազգային-կրթական ու մշակութային իր անխախտ նշաձողերով, ինչպէս նաեւ իր հարուստ կենսափորձով ու ժառանգութեամբ, անցնող երեք քառորդ դարը վկայ, որ մեր սիրելի վարժարանը արժանի է իր անուան ու կոչումին»:
ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններէ խումբ մը հաղորդավարներու մերթ ընդ մերթ ելոյթով այս հանդիսութիւնը ստացաւ տարբեր փայլ եւ աշխուժութիւն: Նախակրթարանի ու երկրորդականի շրջանաւարտները բեմ բարձրացան ու վարժարանի երգչախումբին հետ միաձայն երգեցին «Յառաջ պիտի երթանք յաղթական» քայլերգը, որմէ ետք երգչախումբը, խմբավարութեամբ երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի, կատարեց «Մեր լեզուն» երգը:
Շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը` «Թամզարա» պարով, Ա.- Բ. դասարաններու պարախումբ, պարուսոյց` Ժիրայր Քեչեճեան, ապա նախակրթարանի շրջանաւարտները ասմունքեցին Ժաք Ս. Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը, իսկ Գ.- Դ. դասարաններու պարախումբը հանդէս եկաւ «Իշխանապար»-ով:
Օրուան պատգամը տուաւ վարժարանի խնամակալներէն տոքթ. Խաժակ Այնթապեան, որ վարժարանի հիմնադրութեան հոլովոյթը ձուլելով Այնճարի հիմնադրութեան` յայտնեց, թէ Մուսա Լեռէն Այնճար ապաստանած ժողովուրդի հրամայական պահանջներէն ու իրագործումներէն եղած է այս վարժարանին ստեղծումը. «Հիմը դրած են ա՛յս դպրոցին ու որոշում տուած են միասնակամ ուժերով անխափանօրէն հսկել անոր երթին ու բարգաւաճումին»:
Գնահատելով 75-ամեայ կառուցողական ու բարգաւաճման աշխատանքները` տոքթ. Խաժակ Այնթապեան հաստատեց, որ արդիականացուած բոլոր փոփոխութիւններուն կողքին, վարժարանի ազգային, հայրենասիրական ու բարձր կրթութեան մթնոլորտը կը մնայ ամուր ու անփոփոխ` շնորհիւ տնօրէնութեան բծախնդիր հսկողութեան, յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքին:
Պատգամախօսը ուղղելով իր խօսքը շրջանաւարտներուն` թելադրեց, որ անոնք կերտեն այն ապագան, որ մի՛շտ երազած են, ընտրեն լաւագոյնները եւ ըլլան իրենց անձերուն խորհրդատուն, բարձր անհատականութեամբ զինուին ու դառնան հմուտ մասնագէտներ: Ապա եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով, որ` «Մեր վարժարանը նման է Սարդարապատի կոթողին, անոր յաղթական երթը կը շարունակուի, անոր զանգերը ամէն տարի կը շարունակեն ղօղանջել` շնորհիւ իր շրջանաւարտներուն»:
Գեղարուեստական յայտագիրի Բ. բաժինը նուիրուած էր Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին. Արարատ լերան փառաբանանքով հանդէս եկան` վարժարանի աշակերտներէն Շանթ Փալազեան (Ժ. դասարան), ԺԲ. շրջանաւարտներէն Շաղիկ Հապէշեան եւ Վարանդ Հաճեան «Ես իմ անուշ Հայաստանի» նուագով, որմէ ետք միջնակարգի ու երկրորդականի աղջիկներու պարախումբը ներկայացուց «Խաղողաքաղ»-ը, ապա նախակրթարանի երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ «Կարմիր գինին» ու «Աշխարհի հայերով» երգերով:
Տնօրէն Արմէն Թաշճեան շնորհակալական ու երախտագիտական յատուկ խօսքերով բարձր գնահատեց վարժարանին նեցուկ կանգնող բարերարները, որոնց ազնիւ ներդրումով վարժարանը կը շարունակէ 75-ամեայ երթի ընթացքին նուաճումներ արձանագրել տարբեր մակարդակներու վրայ: Այս առթիւ ԺԲ. դասարանէն Միրնա Գասամանեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի յղած 75-ամեակի առթիւ շնորհաւորական ուղերձը, որ հրապարակուած է նաեւ տեղեկատուական կայքերու մէջ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխումը` նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական բաժինի աշակերտութեանց:
ԺԲ. դասարանը իր մասնակցութիւնը բերաւ գեղարուեստական բաժինին` նահատակ գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի «Բագինին փառաբանութիւնը» խմբային ասմունքով, որմէ ետք երկրորդականի տղոց պարախումբը հանդէս եկաւ «Եարխուշտա» պարով:
Հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով յաջորդաբար ԺԲ. դասարանէն կարդացին երախտագիտութեան ու հրաժեշտի ուղերձներ` Արաքս Խօշեան, Քարլա Քենտիրճեան եւ Վարդ Զէյթլեան:
Ե.-Զ. դասարաններու պարախումբը ներկայացուց «Լեռնային պարերու շարան»-ը, որ իր եզրափակումը գտաւ վարժարանի «Յաղթական յաւերժութիւն» նշանակի կազմութեամբ:
Այնուհետեւ, տնօրէնը իր պատգամը տուաւ նախակրթարանի շրջանաւարտներուն` մանկութենէն երիտասարդութիւն ճանապարհող կամուրջը հաստատ քայլերով թեւակոխելու, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ հանգրուանին անոնցմէ ակնկալուած առաւել պատասխանատու գիտակցութիւնը` իսկական արժէքներու պահպանման, միտքի ու հոգիի պայծառատեսութեան եւ դառնալու պայքարող մէկ օղակը բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Իսկ երկրորդականի շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքով տնօրէնը բարի երթ մաղթեց անոնց` վարժարանի էութիւնը պարփակած ուժականութեամբ մեկնելու, նմանելու այն ծառին` արմատաւորուած, ճիւղաւորուած ու երկնահայեաց, «չմոռնալով, որ դուք` շրջանաւարտներդ, այն ծառն էք լերան կառչած, այս վարժարանին պատկերով, անոր անյաղթ էութեամբ, անոր խրոխտ ժառանգութեամբ, հերոսամարտի՛ ժառանգութեամբ»:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, օրուան պատգամախօսին, վարժարանի գլխաւոր բարերարներուն ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը տուաւ իր պատգամը` յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները եւ «Պահպանիչ»-ով կատարեց հանդիսութեան փակումը:
Զ. դասարանէն վկայական ստացան. Արիանա Սգայեան, Յովհաննէս Վասոյեան, Դուին Հերկելեան, Ժիրայր Գալեմքերեան, Րաֆֆի-Սեդրակ Հերկելեան, Սագօ Անտոնեան, Շանթ Ատաճեան, Վարագ Շաննագեան, Քրիսթել Միքայէլեան, Լոռի Պագգալեան, Մարի-Թերեզ Սեւերեկլեան, Մինաս Զաքարեան, Յարութ Գարաքէշիշեան, Յարութ Քենտիրճեան, Հրակ Սթանպուլեան, Յովիկ Աշգարեան, Երուանդ Զէյթունլեան:
ԺԲ. դասարանէն վկայական ստացան. Սարօ Տումանեան, Վարդ Զէյթլեան, Հայկազուն Գէորգեան, Պօղոս Զէյթլեան, Սարին Այնթէպլեան, Շաղեր Արուշեան, Շաղիկ Հապէշեան, Միրէյ Աշըգեան, Միրնա Գասամանեան, Նարօտ Աբրահամեան, Արաքս Խօշեան, Սիփան Մեթլեան, Վարանդ Քէօշէեան, Վարանդ Հաճեան, Քարլա Քենտիրճեան, Մարիա Քէօֆթէեան եւ Հեղնար Գազանճեան: