Գաղութային

Հանրապետական Գեղանկարչական Ցուցահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 25-Ամեակին

Հանրապետական Գեղանկարչական Ցուցահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 25-Ամեակին

Սեպտեմբեր 16-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային Հայկական Քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան, Հայաստանի նկարիչներու միութեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ նկարիչներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ բացում կատարուեցաւ արդէն աւանդութիւն դարձած գեղանկարչական աշխատանքներու եւ քանդակներու հանրապետական ցուցահանդէսը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղտալեան, սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան, Ռուսիոյ Հայերու Միութեան փոխնախագահ...

Գիւմրիի Մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 25-Ամեակին Առիթով Պետական Պարգեւներ` Տարբեր Մարզերու Ներկայացուցիչներու

Գիւմրիի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 25-Ամեակին Առիթով Պետական Պարգեւներ` Տարբեր Մարզերու Ներկայացուցիչներու

Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ 22 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստ: Հանդիսաւոր նիստին ընթացքին Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներու ձեռքբերումներուն, կերտած արժէքներուն մասին նախ խօսեցաւ Շիրակի  թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան` կարեւոր նկատելով այն որոշումը, որ Հայաստանի քաղաքացին տուաւ 25 տարի առաջ: «Այսօր մենք ունինք 25-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Հիմա ժամանակն է, որ...

Հալէպի Մէջ Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւնը Տեղի Ոււնեցաւ Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան

Հալէպի Մէջ Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւնը Տեղի Ոււնեցաւ Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան

Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 25 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայաստանի  Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: Եկեղեցւոյ մուտքին հրաւիրեալները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներուն եւ փողերախումբին կողմէ, անոնք ընդունուեցան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին եւ հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Պալայեանին կողմէ: Հայաստանի 25-ամեակը շնորհաւորելու եկած էին Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի երեսփոխանները, Հալէպի նորանշանակ...

Կուտինայի Հայ Վարպետներու Ստեղծած Յախճապակիի Արուեստի Ցուցահանդէս Կոմիտասի Անուան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ

Կուտինայի Հայ Վարպետներու Ստեղծած Յախճապակիի Արուեստի Ցուցահանդէս Կոմիտասի Անուան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ

19 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը» ցուցահանդէսին բացումը` Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ: Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ էին Հայաստանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը եւ ուրիշներ: Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիքոլայ Կոստանդեան ներկաներուն ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղելէ ետք աւելցուց. «Ցուցահանդէսէն զատ, այսօր նաեւ սկիզբ պիտի դնենք ծրագրի մը...

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Մոնրէալի Զօրակցական Նուիրահաւաքին Գոյացաւ 170 Հազար Տոլար

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Մոնրէալի Զօրակցական Նուիրահաւաքին Գոյացաւ 170 Հազար Տոլար

Կիրակի, սեպտեմբեր 18-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցական նուիրահաւաքի ընդունելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայ դատի աւելի քան 150 գործիչներ, համակիրներ եւ զօրակիցներ: Օրուան հանդիսավար Սօսէ Պէօճեքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան զեկոյցն ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը համապարփակ ձեւով ներկայացուց ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ...

Նախագահը Ընդունած Է «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ներկայացուցիչները

Նախագահը Ընդունած Է «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ներկայացուցիչները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 սեպտեմբերին ընդունած է «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»-ի ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ հիմնարկութեան նախագահ Մայքըլ Յարութիւնեանի: Հանդիպման սկիզբը հանրապետութեան նախագահը նախ շնորհաւորած է «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»-ի 95-ամեակի յոբելեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ տարիներէ ի վեր կառոյցին իրականացուցած հայրենանուէր գործունէութեան համար: Ընդգծելով, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկ»-ը սփիւռքի առաջին կառոյցն էր, որ հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ`...

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան Յիշատակի Հիմնարկ»-ի Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան Յիշատակի Հիմնարկ»-ի Պատուիրակութիւնը

Սեպտեմբերի 17-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»-ի պատուիրակութեան անդամները, որոնք Հայաստան կը գտնուէին հաստատութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը նշելու: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հաստատութեան մասնաճիւղերու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ: Հրանուշ Յակոբեան հիւրերը ողջունելով` շնորհաւորեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան»-ի 95-ամեակը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այդ յոբելեանը պիտի նշուի Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի օրերուն, հետեւաբար պատուիրակութեան...

Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Ձա՛յն Տուր, Ծա՛ռ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Ձա՛յն Տուր, Ծա՛ռ» Գիրքի Շնորհահանդէս

16 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է սուրիահայ գրող, լրագրող Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Ձա՛յն տուր, ծա՛ռ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը: Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատած է հեղինակին բեղմնաւոր գրիչը, սփիւռքահայ մամուլին անոր աշխատակցութիւնը. զայն հերոս նկատած է, որովհետեւ կը շարունակէ ապրիլ Հալէպի մէջ եւ հայոց լեզու  դասաւանդել հայ մանուկներուն, նաեւ` ժամանակ...

«Երկիր Եւ Մշակոյթ»-ը Հայաստանի Մէջ Իրականացուց Իր 20-րդ Ծրագիրը

«Երկիր Եւ Մշակոյթ»-ը Հայաստանի Մէջ Իրականացուց Իր 20-րդ Ծրագիրը

2016-ի ամառը «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան համար եղաւ Հայաստանի մէջ վերականգնողական այլ ծրագիր մը յաջողութեամբ պսակելու առիթ: Արդարեւ, կամաւորներու կողմէ իրականացուած ամառնային երեք արշաւներէ եւ հնագէտներու, տեղացիներու եւ արուեստագէտներու աջակցութեամբ չորս տարիներու վրայ երկարող ջանքերուն շնորհիւ` կարելի եղած է ամբողջացնել Շիկահող գիւղի 16-րդ դարէն մնացած Ս. Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնն ու վերաօծումը: Հայաստանի հարաւային Սիւնիք մարզին մէջ եւ Արցախի մօտիկ...

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանին Բացումը` «Կրենտ» Զբօսայգիին Մէջ

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանին Բացումը` «Կրենտ» Զբօսայգիին Մէջ

Շաբաթ, սեպտեմբեր 17-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան վերապրումին նուիրուած յուշարձանին բացումը: Ներկայ էին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչ եւ հարիւրաւոր հայորդիներ: Յուշարձանը ծնունդ առած էր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով նոյն զբօսայգիին մէջ անցեալ տարի «iWitness» ծրագիրին իրականացուցած վերապրողներու հսկայ եւ եռակողմ լուսանկարներու ներկայացումէն: Արդարեւ, լուսանկարիչներ Արա Օշականի...

Յունահայութիւնը Հանդիսաւորապէս Տօնակատարեց Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակը

Յունահայութիւնը Հանդիսաւորապէս Տօնակատարեց Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակը

Յունահայութիւնը սեպտեմբերի երրորդ շաբաթավերջը նուիրեց Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի տօնակատարութեանց: Շաբաթ, 17 սեպտեմբերին երեկոյեան Քոմոթինիի մէջ Հիւսիսային Յունաստանի հայութիւնը, իսկ կիրակի, 18 սեպտեմբերի երեկոյեան Այոս Սոսթիի մէջ աթենահայութիւնը ընդառաջեցին ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած եւ հայկական զոյգ հանրապետութեանց հիմնադրութեան 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեանց: Զոյգ հանդիսութեանց ընթացքին օրուան պատգամը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի  եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի...

Հաղորդագրութիւն ՍԱՐՖ-ի

Հաղորդագրութիւն ՍԱՐՖ-ի

Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինը 2014-2016, գլխաւորութեամբ Ժան Թիթիզեանի, ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն ի տես սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեան. այս առթիւ ՍԱՐՖ-ը կազմակերպեց տեղեկատուական հանրահաւաքներ` Սուրիայէն ժամանած անհատներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացումներով , դասախօսութիւններ, պատկերասփիւռի միջոցով հարցազրոյցներ, հեռաձայնային անմիջական կապեր Սուրիոյ շտաբի հետ, դրամահաւաքի ընթրիք-երեկոներ, մենաթատրոն` Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի, համերգի երեկոներ: Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայութեան բնակարանային վարձքերու յատկացումներ եղան գործակցաբար Անի եւ Նարօտ...

Վրաստան. Ջիւանիի Օրը Նշուած Է Աննախընթաց Ու Բացառիկ Ձեռնարկներով

Վրաստան. Ջիւանիի Օրը Նշուած Է Աննախընթաց Ու Բացառիկ Ձեռնարկներով

Թիֆլիսի, Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղի եւ Ախալքալաք քաղաքին մէջ 26-27 օգոստոսին տեղի ունեցած են Ջիւանիի օրուան տօնակատարութիւնները: Այս մասին յայտնած են «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնարկէն` նշելով, որ ձեռնարկներուն շարքը բացառիկ էր ու աննախընթաց: Տրուած է այցելութիւն` Թիֆլիսի մէջ գտնուող Ջիւանիի շիրիմին, կատարուած է Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն եւ առաջին անգամն ըլլալով` աշուղական մրցոյթ: Ներկայ եղած են մտաւորականներ, հոգեւորականներ, արուեստագէտներ, երաժշտագէտներ,...

Զուիցերիա Բնակող Բարերարի Մը Աջակցութեամբ Գիւմրիի Մէջ Ընտանիք Մը Բնակարան Ունեցաւ

Հեռաւոր Զուիցերիոյ մէջ բնակող բարերարներուն աջակցութեամբ Գիւմրիի մէջ տնակի մը յարկին տակ բնակող Մակարեանները ստացան նոր բնակարանի բանալիներ: Աւելի քան 25 տարի Գիւմրիի կառատուն-թաղամասի 104/833 տնակին մէջ բնակող Մակարեանները յոյս ալ չունէին, որ օր մը կրնան տեղափոխուիլ քարաշէն բնակարան` քաղաքի նորակառոյց «Մուշ 2» թաղամասին մէջ: Այս մասին կը գրէ Արմէնուհի Մխոյեանը: Նախաձեռնութեան հեղինակ զուիցերիաբնակ Թերեզա Մխիթարեանի 24 օգոստոսին տրուած անակնկալ...

Ապրի՜ն Արցախի Փոքրիկները

Ապրի՜ն Արցախի Փոքրիկները

«Ա. Օ.» Սիրոս կղզիի իրենց հանգստավայրէն վաղը Աթէնք կը վերադառնան Արցախէն հիւրաբար Յունաստան այցի եկած 23 հայ տղաքն ու աղջիկները: Արդէն աւելի քան քսանամեայ աւանդութիւն է, որ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարութիւններու կազմակերպութեամբ, ամէն ամառ Յունաստան կը հրաւիրուին եւ Սիրոս կղզիի կողմէ կը հիւրընկալուին արցախեան հերոսամարտին զոհուած հայոց ազատամարտիկներուն երեխաները:...

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Զմմառի Մէջ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Զմմառի Մէջ

Համայն քրիստոնէութիւնը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեծ շուքով կը տօնախմբէ օգոստոս 15-ին: Իսկ հայ եկեղեցին` օգոստոս 15-ի մօտաւոր կիրակին, այսինքն 12-էն 18 օգոստոսի միջեւ: Տօն մը, զոր հայ եկեղեցւոյ հայրերը հինգ տաղաւար տօներէն մէկը համարած են, եւ կը տօնուի ինը օրեր շարունակ, եւ որուն ընթացքին շարականներու երգեցողութեան ընդմէջէն կ՛ոգեկոչուի Ս. Աստուածածնի երկինք փոխադրուիլը: Կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին,...

«Զսպումը Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Մէջ» Մենագրութեան Շնորհահանդէս` Ստեփանակերտի Մէջ

«Զսպումը Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Մէջ» Մենագրութեան Շնորհահանդէս` Ստեփանակերտի Մէջ

27 յունիսին Ստեփանակերտի «Վալլեքս կարտըն» պանդոկի համաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցած է Երեւանի «Կովկաս» հիմնարկի փոխտնօրէն եւ քաղաքագէտ Սերգէյ Մինասեանի` «Զսպումը ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ» մենագրութեան շնորհահանդէսը: Բացման խօսքին մէջ մենագրութեան գիտական խմբագիր, «Կովկաս» հիմնարկի տնօրէն, քաղաքագէտ Ալեքսանդր Իսկանդարեան նշած է, որ գիրքին մէջ ուսումնասիրուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան զսպումին ինչպէս քաղաքական-դիւանագիտական, նոյնպէս ալ ռազմական զսպումին մեքանիզմները: Ըստ խմբագիրին, մենագրութեան առանձնայատկութիւնը պէտք...

Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակի  Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակի Ոգեկոչում. Դաւիթ Գազանճեանի Արտասանած Խօսքը

Յարգա՛նք ձեզի, ընկերներ` Վաչէ Տաղլեան, Սագօ Աբրահամեան, Արա Քըրճլեան, Սեդրակ Աճեմեան եւ Սիմոն Եահնէեան: Մենք անգամ մը եւս հաւաքուած ենք ձեր շիրիմներուն կողքին, ո՛չ թէ սգալու, ո՛չ թէ սովորական հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելու եւ ո՛չ ալ ձեզ փառաբանելու կամ մեծարելու: Դուք այդ տղաքը չէիք: Դուք ձեր կեանքը մահի չվերածեցիք, այլ ձեր մահը` կեանքի: Դուք ձեր եսը արհամարհեցիք եւ առաջնահերթ դասեցիք հաւաքական...

Ազնաւուրի Հրապարակը Համալրուեցաւ Շարժապատկերի Գործիչներուն Յիշատակը Յաւերժացնող Երեք Յաւելեալ Աստղերով

Ազնաւուրի Հրապարակը Համալրուեցաւ Շարժապատկերի Գործիչներուն Յիշատակը Յաւերժացնող Երեք Յաւելեալ Աստղերով

«Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի միջագային փառատօնի ծիրին մէջ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, որպէս շարժապատկերի գործիչներուն մատուցուող յարգանքի տուրք, բացուեցան շարժապատկերի գործիչ Ալպերթ Եաւուրեանի եւ շարժապատկերի բեմադրիչներէն Էտմոն Քէօսայեանի եւ Տմիթրի Քեսայեանցի յիշատակը յաւերժացնող աստղեր: Աստղերուն բացումը կատարեցին «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը եւ Երեւանի թատրոնի ու շարժապատկերի պետական հիմնարկի վերատեսուչ, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Մուրադեանը: Հայ անուանի երաժշտահան,...

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին Ազգային Ժողով Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին Ազգային Ժողով Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 11 յուլիսին խորհրդարանին մէջ հիւրընկալեց «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ողջունելով հիւրերը Ազգային ժողովին անունով` Գ. Սահակեան նշեց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրին նպատակն է սփիւռքի հայրենակիցները հաղորդակից դարձնել հայոց լեզուին, հայ մշակոյթին եւ գրականութեան: Ան կարեւոր նկատելով նմանատիպ ծրագիրներու իրականացումը, համոզում յայտնեց, որ...

Page 46 of 68 1 45 46 47 68

Արխիւներ