Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աշխատած Ենք Տարբեր Երկիրներու Հետ, Բայց Այսպիսի Բարձր Գնահատանքի Արժանացած Ենք Միայն Հայաստանի Մէջ», Կ՛ըսէ Մարիամ Զաքի

July 21, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Zaki_71816Hanafi_7181618 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող «Ո՞վ սպաննեց հայերը» արաբերէնով առաջին փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որուն հեղինակները պատկերասփիւռի եգիպտացի լրագրողներ Մոհամետ Հանաֆի եւ Մարիամ Զաքի ամուսիններն են:

Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են 20-րդ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող լուսանկարներ եւ արխիւային նիւթեր, ցեղասպանագէտներու, պետական եւ հոգեւոր գործիչներու տեսակէտներ: Նկարահանումները տեղի ունեցած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:

Ողջունելով ժապաւէնին հեղինակները` նախարարը նշեց, որ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը կը ցուցադրուի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծիրին մէջ, եւ յատկանշականը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան թեման հետաքրքրած է եգիպտացի հեռատեսիլի լրագրողները: Նախարարը նաեւ արժեւորեց վերջիններուն կատարած լայնածաւալ աշխատանքը, հարցի խոր եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւնը եւ բարձր գնահատեց ժապաւէնը, որով արաբական աշխարհին կը ներկայացնեն պատմական ճշմարտութիւնը:

«Կը կարծեմ, թէ հայաստանեան առումով ձեր ժապաւէնին մեծագոյն գնահատականը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Հայաստանի նախագահին կողմէ պարգեւատրուիլն էր, եւ դուք` իբրեւ հայ ժողովուրդի լաւագոյն բարեկամներ, արժանի էք այդ գնահատանքին», աւելցուց նախարարը:

Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արմէն Մազլումեանին եւ հայ գաղութին, որ կազմակերպած են լրագրողներուն Հայաստան այցելութիւնները: Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց այս նախաձեռնութիւնը, որ աւելի կը խորացնէ կապը Եգիպտոսի ու Հայաստանի միջեւ եւ կը նպաստէ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու զարգացման:

Կարեւոր նկատելով լրագրողներու աւանդը Հայոց ցեղասպանութեան մասին արաբական աշխարհը իրազեկելու իմաստով` սփիւռքի նախարարը զանոնք պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` ոսկիէ մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտելով ջերմ ընդունելութեան եւ այսպիսի բարձր պարգեւի արժանացնելու համար` Մոհամետ Հանաֆին նշեց, որ իրենց համար հոգեհարազատ դարձած է Հայաստանը, եւ իւրաքանչիւր այցելութիւն կը նպաստէ աւելի մօտէն ճանչնալու հայ ժողովուրդը եւ ընկալելու հայ մշակոյթը: Ան աւելցուց, որ ժապաւէնի ստեղծման համար ազդակ հանդիսացած են եգիպտահայերը, նշելով, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ ձգողական մեծ ուժ եւ ազդեցութիւն ունին, ու մեծ է անոնց ներդրումը  Եգիպտոսի կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ: Հանաֆի դիտել տուաւ, որ ժապաւէնը ցուցադրուած է Եգիպտոսի մէջ եւ մեծ ընդունելութեան արժանացած է: Ան նաեւ վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ անիկա հասանելի կ՛ըլլայ ամբողջ արաբական աշխարհին եւ բուն հասցէատիրոջ:

Մարիամ Զաքին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւին համար եւ ըսաւ, որ անիկա թէ՛ հաճելի է եւ թէ՛ պարտաւորեցնող: Ան նշեց, որ առաջին անգամն է, որ այս ձեւով արաբ հանդիսատեսին կը ներկայացուի Ցեղասպանութեան ամբողջական պատմութիւնը: «Պատմութիւնը պէտք է բացայայտուի, համապարփակ կերպով պէտք է խօսուի այդ մասին, եւ ոչ թէ` առանձին դէպքեր եւ իրադարձութիւններ ներկայացնելով: Մենք աշխատած ենք տարբեր երկիրներու եւ կառոյցներու հետ, բայց այսպիսի բարձր գնահատանքի արժանացած ենք միայն Հայաստանի մէջ: Շատ ուրախ եմ եւ հպարտ»,  աւելցուց ժապաւէնին հեղինակը:

Այնուհետեւ ժապաւէնին հեղինակները պատասխանեցին նախարարութեան աշխատակիցներու հարցումներուն:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Արտաքին Աշխարհը Դիւրին Է Վերաշինել, Բայց Քանդուած Ներաշխարհները Դժուար Կը Վերականգնին», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հալէպահայ Բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.