Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 2, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրը` չորեքշաբթի, 8 յունիս 2016: Ժամադրուած ենք Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ` դիտելու եւ վայելելու Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:

Սրահը արդէն լեցուն է ծնողներով, հրաւիրեալներով, Ուսումնական խորհուրդի, Թաղական խորհուրդի, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներով, ինչպէս նաեւ` ուսուցչական կազմով, տնօրէնութեամբ ու հոգեւոր հայրերով:

Բեմին եզերքը զարդարուած էր աշակերտներու գծանկարներով, որուն թեման` «Երբ մեծնամ, ի՛նչ կ՛ուզեմ ըլլալ»:

Իւրաքանչիւր աշակերտ յայտնած էր իր երազը, թէ կ՛ուզէ ըլլալ` շինարար, բժիշկ, օդաչու, հայ ազգի զինուոր եւ այլն:

Ուշագրաւ էր երկու երազ. մէկը որ կ՛ուզէր դառնալ թիթեռնիկ, իսկ միւսը` հայոց թագաւոր:

Անհամբեր կը սպասէինք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար այս տարուան թեման: Յայտագրին մէջ արձանագրուած էր «Մենք` հայերս կանք ու պիտի մնանք»:

KM-(277)_60816

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք բացուեցաւ վարագոյրը, եւ ահա բեմին վրայ կը տեսնենք նաւ մը` զարդարուած կիլիկեան դրօշներով, որ կը յիշեցնէր «Կիլիկիա» առագաստանաւը:

KM-(62)_60816

Բացման խօսքը կատարեցին Ծաղիկ դասարանի աշակերտներ, որոնք բարի գալուստի խօսքէն ետք յայտնեցին, թէ մեզի պիտի ներկայացնեն «Կիլիկիա» նաւով պտոյտ մը, որ պիտի խարսխէ Միջերկրական ծովու վրայ գտնուող նաւահանգիստներու քարափին` ծանօթանալու հայ գաղութներուն, փաստելու համար, որ մենք` հայերս, կանք ու պիտի մնանք, հզօրանանք ու պիտի հաւաքուինք ամբողջական Հայաստանի մէջ:

Բացման խօսքէն ետք Ծիլ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար, որմէ ետք կրկին Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Կիլիկիա» նաւի կառուցման մասին, թէ ան շինուած է 12-րդ դարու առեւտրական նաւի օրինակով, որ տեւած է 11 տարի, իսկ նաւապետը` Կարէն Բալայեան:

Ահա կը լսուի նաւին սուլոցը, եւ կը սկսի նաւապտոյտը:

Առաջին հանգրուանը կ՛ըլլայ Լիբանան, ուր լիբանանցիները դրօշակներով կը դիմաւորեն նաւապետը եւ անոր առաջարկով կը ներկայացնեն Լիբանանի  հայկական գաղութի շրջանի մէջ հաստատուելուն եւ կայանալուն մասին տեղեկութիւններ, որմէ  ետք Կոկոն դասարանի աշակերտները ներկայացուցին լիբանանեան պար մը:

KM-(258)_60816

Ապա հերթով նաւը խարսխեց Եգիպտոսի, Յունաստանի, Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ վերջապէս Սպանիոյ նաւահանգիստներուն մէջ, ուր իւրաքանչիւր երկրի հայկական գաղութին ծանօթանալէ ետք, տեղւոյն ազգային պարերը ներկայացուցին Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներ: Բեմին  վրայ գեղեցիկ տեսարան մը պարզելով, նաւապտոյտի վերջին հանգրուանէն` Սպանիայէն ետք վերադարձան հայրենիք, ուր միասնութեան շուրջպարով բեմ բարձրացան Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, ապա խմբային երգով աւարտեցին հանդիսութիւնը:

Մանկապարտիզպանուհի` Իրմա Ճէրէճեան խօսք առնելով` ըսաւ, թէ 2015-2016 տարեշրջանը հասաւ իր լրումին:

Մանկապարտէզի  աշակերտները, չորս բաժիններով` Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ, իրենց ուսերուն պարտականութիւն դրուած հանդէսով մը ներկայացան` հրաժեշտ տալու այս տարուան եւ ամրան արձակուրդին հանգստանալէ ետք, կրկին վերադառնալու մանկապարտէզի աւելի բարձր դասարաններ եւ նախակրթարանի Ա. դասարան:

Այս տարեշրջանը եղաւ շատ հետաքրքրական ու աշխուժ, եւ կրնանք հաստատել, որ մեր մանկապարտէզին մէջ յաջողութեամբ աւարտեցինք մեր ծրագիրները:

Իրմա Ճէրէճեան թուելով տարուան ընթացքին կազմակերպած զանազան ձեռնարկներ` «Վարձքը կատար» ըսաւ բոլորին:

Ապա, տարիներու ընկալուած սովորութեան հիման վրայ, առջեւ հրաւիրեց Ծաղիկ դասարանի աշակերտներու հայրերը, եւ «հայրերու երգ»-ով աշակերտները յատուկ շնորհաւորեցին իրենց հայրերը, որմէ ետք շրջանաւարտները բարձրացան բեմ եւ Ծաղիկ դասարանէն դասընկերներու անունով ուղերձ կարդացին Աւօ Պալճեան եւ Ալեքս Խաչօ:

Ուղերձը կարդալէ ետք, մանկապարտիզպանուհին բեմ հրաւիրեց  տնօրէնը` Յովիկ Պերթիզլեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց ծնողները, շրջանաւարտները եւ «Վարձքը կատար» ըսաւ ուսուցչական կազմին, թաղականութեան, Ուսումնական խորհուրդին, առաջնորդ սրբազան հօր, հոգաբարձութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին յաջող տարի մը ամբողջացնելու համար:

Ապա բեմ հրաւիրեց Ս. Ք. Մանկանց եկեղեցւոյ քահանայ Տ. Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեանը, որ  միասնաբար բաշխեն վկայականները:

Հանդէսը փակուեցաւ շրջանաւարտներու երգով ու հրավառութեամբ:

Մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանէն վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Քապալան Լուսիկ, Դանիէլեան Քնար, Թոփճեան Փաթիլ, Մերկենեան Քարլա, Պալապան Արենի, Սարաֆեան Թիա, Սրմապիքեան Անի, Քէշիշօղլեան Նաթալի, Ատաս Ժաք, Առաքելեան Յարութ, Գուլաքսըզեան Մովսէս, Եագուպեան Հրակ, Խշուաճեան Սեւակ, Խաչօ Ալեքս, Կիւլեսերեան Յովսէփ, Պալճեան Աւետիս, Պէրպէրեան Սեւակ, Քէօսէեան Կարպիս եւ Քիւրքլեան Մանուէլ:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Նախակրթարանի Հանդէսը

KM-00-(28)_61716

2015-2016 կրթական տարեշրջանի աւարտին Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցան ուրբաթ, 17 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յ. Տ. Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ վարժարանի բարերարին, հրաւիրեալներու եւ ծնողներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, նախակրթարանի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին հայկական, հնդկական, յունական եւ ռուսական պարեր:

Զ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններ, իսկ նախակրթարանի երգչախումբը երգեց «Ազգ փառապանծ», «Երեւան-Էրեբունի», եւ «Բարձրիկ Հայաստան» խմբերգները:

Ուշագրաւ էր բեմայարդարումը, որ կը ներկայացնէր մեր հայկական մշակոյթը: Մեծ բծախնդրութեամբ ներկայացուած էին հայկական տարազները, նուագարաններ եւ առօրեայի մէջ գործածուող իրեր:

Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն:

Շրջանաւարտներու մուտքը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:  Սրահէն բեմ բարձրացան Դ. եւ Ե. դասարանի աշակերտները երգելով եւ պարելով` «Հայաստանը մենք ենք» երգը, ապա եռագոյն դրօշակին ետեւ թաքնուած բեմ մտան Զ. դասարանի շրջանաւարտները եւ կենդանի պատկերին աւարտին գրաւեցին իրենց տեղերը:

Շրջանաւարտներու անունով ուղերձ կարդաց վեցերորդ դասարանի աշակերտուհի Սիլվի Թաթոյեան: Ան իր եւ դասընկեր-դասընկերուհիներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց եւ խոստացաւ միշտ բարձր պահել Ազգ. Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանին անունը, որուն յարկին տակ անմոռանալի պահեր անցուցին եւ ստացան հայեցի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան. ան արժեւորելէ եւ բարձր գնահատելէ ետք աշակերտներուն ներկայացումները, անդրադարձաւ ազգային վարժարաններու առաքելութեան եւ ծանր պարտականութեան: Ան շրջանաւարտներուն մաղթեց կրթական, ուսումնական վերելք, ինչպէս նաեւ հեսազահ երթ` դէպի ապագայ:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, ուսումնական խորհուրդին, հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ թաղականութեան, բարերարներուն եւ միութիւններուն, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական ներդրումով սատարեցին վարժարանին: Ապա բեմ հրաւիրեց սրբազան հայրը եւ վարժարանի բարերարը, որպէսզի յանձնեն վկայականները:

Վկայականաց բաշխումէն ետք խօսք արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ հայ դպրոցն է, որ կը կերտէ հայու ինքնութիւնը, վառ կը պահէ հայ մշակոյթը եւ հայ լեզուն: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` թելադրեց միշտ հպարտ ըլլալ հայ դպրոցով եւ իրենց ուսումը շարունակել հայկական վարժարաններու մէջ: Շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ շրջանաւարտներու «Վերջին զանգը» երգով:

Վեցերորդ  դասարանէն վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Եուսեֆ Մէյրի, Թաթոյեան Սիլվի, Խաչատուրեան Իզապէլ, Մատարեան Շաղիկ, Մելքոնեան Փերլա, Շաղոյեան Քրիսթին, Ուաննէս Էլիզա, Ուաննէս Գարին, Սալիպեան Ռիթա, Փանօղուլեան Վանիա, Այվազեան Կարպիս, Գասամանեան Յակոբ, Գալայճեան Ժանօ, Գըլընճեան Տիգրան, Ժիրօղլեան Գէորգ, Խշուաճեան Աւետիս, Կիւլեսերեան Դրօ,   Համալեան Գարլօ, Մատաղճեան Գրիգոր, Պալապան Ճորճ, Պապիկեան Սերժ-Յարութ, Սանդուրեան Նազօ, Սանոսեան Լեւոն, Սեֆերեան Ժաք եւ Փարթամեան Փանօ:

Նախորդը

Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանէն Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք` Մասնակցութեամբ Առողջապահութեան Նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?