Երեքշաբթի, 20 մարտ 2018-ին, դոկտ. Նորա Արիսեանի նախագահութեամբ, Սուրիոյ խորհրդարանի Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեանին հետ:
Դոկտ. Նորա Արիսեան յանձնաժողովի անունով շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ընտրութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ կապերը աւելի կ՛ամրապնդուին` ակնարկելով Հայաստանի եւ Սուրիոյ պետական ամուր կապերուն:
Յանձնաժողովի անդամները գնահատական խօսքեր արտասանեցին Սուրիոյ հանդէպ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի փայլուն կեցուածքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի յատկութիւններուն մասին:
Իր կարգին, դեսպան Փոլատեան շեշտեց Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ կայացած յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը եւ անդրադարձաւ Հայաստանի պետականութեան 100-ամեակին:
Հանդիպումին առանցքը կազմեց նաեւ երկու խորհրդարաններու միջեւ յառաջիկայ համագործակցութիւնը: