3 մարտ 2018-ին Պիէլի համալիրին մէջ եւ ներկայութեամբ Ֆրանսախօս հանրային թէ սեփական դպրոցներու աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, տեղի ունեցաւ «Էնսթիթիւ ֆրանսէ տի Լիպան»-ի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի եւ «Էքոլ տէ թրատիւքթէօր է տ՛էնթերփրեթր տը-Պէյրութ»-ի կողմէ կազմակերպուած «Փրի լիսէէս տըվա թրատիւսիոն ֆրանքոֆոն 2018»-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն մասնակցած էին ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 181 աշակերտներ: Մրցոյթին նպատակն էր արաբերէն, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներով գրութիւններ թարգմանել: Կազմակերպիչները բացատրեցին, որ թարգմանական աշխատանքներու սրբագրութեան աւարտին կարելի եղած էր առանձնացնել 14 աշխատանք, որոնցմէ տասը` իբրեւ աւարտականներ, իսկ չորսը` մրցանակակիրներ: Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին անունը բարձրաձայն յայտարարուեցաւ երկու անգամ` շնորհիւ Նարօտ Մերտխանեանին (ԺԱ. գիտական), որուն աշխատանքը դատական կազմին գնահատանքով մաս կը կազմէր տասը աւարտականներուն, եւ Մհեր Փելթեքեանին, (ԺԲ. գիտական), որ երրորդ հանդիսացած էր ընդհանուր դասաւորման մէջ: Նշենք, որ Ճեմարանը միակ դպրոցն էր, որ ունէր երկու մրցանակակիր:
Կը շնորհաւորենք Նարօտն ու Մհերը, որոնք թարգմանական այս մրցանքին 181 մասնակցողներուն մէջ իրենց ապահոված արդիւնքներով անգամ մը եւս հաստատեցին, որ հայ դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, հայեցի կրթութիւն ջամբելու կողքին, աշակերտին տալով կրթական բարձրագոյն մակարդակ: