Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Ուսուցչաց Տօնը

March 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեցին Ուսուցչաց տօնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 12-րդ դասարանէն Սէրլի Կարապետեանը հայերէնով եւ 11-րդ դասարանէն Կասիա Տէրտէրեանը անգլերէնով բացման խօսք արտասանելով` նշեցին, որ ուսուցիչի մը դերը շատ արժէքաւոր եւ անփոխարինելի է, եւ այսօր առիթը կ՛օգտագործենք արտայայտելու մեր սէրն ու շնորհակալութիւնը` մեր ուսուցիչներուն հանդէպ, որոնք տարիներ շարունակ մեզի տուին դաստիարակութիւն, հմտութիւն եւ գիտութիւն:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ մանկապարտէզի մանուկներուն բերնէն հնչող թեւաւոր խօսքերով, որոնց միջոցով անոնք լուսարձակի տակ առին ուսուցիչին նուիրական առաքելութիւնը եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին անոր անսակարկ ծառայութեան համար:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան 2-րդ դասարանի աշակերտները` երգով, դպրոցին պարախումբը ներկայացուց ռուսական եւ իտալական պարեր, 4-րդ կարգի աշակերտները հանդէս եկան «Ուսուցիչներուն» խմբային արտասանութեամբ, իսկ 3-րդ դասարանի աշակերտները` «Thank You Teachers» խմբային երգով: Ապա առաջին դասարանցիները ներկայացուցին «Ով ուսուցիչ» երգը, որուն յաջորդեց 7-րդ դասարանցիներ Աքասիա Ազատեանին եւ Ճիւլի Այվազեանին ասմունքը` «Teachers For All Seasons», այնուհետեւ 6-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Եօթը ազնիւ պատգամ» բանաստեղծութիւնը:  4-րդ դասարանցի Քարլա Ռուպէլեանը ասմունքեց «Դաստիարակին» քերթուածը: 11-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ իրենց յատուկ ձեւով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն` մէկ առ մէկ նշելով անոնց անունները եւ յատկութիւնները: Իսկ աւարտական բաժնի աշակերտները «Դպրոցի ճամբան» երգով իրենց վերջին յիշատակները կազմեցին, նախքան դպրոցին հրաժեշտ տալը քանի մը ամիս ետք:

Աւարտին, վարժարանի վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը պատրաստողներուն եւ ներկայացնողներուն եւ շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները: Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլոր կիները` կիներու միջազգային օրուան առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տիկնանց յանձնախումբին, որ իւրայատուկ ձեւով մասնակից դարձաւ` պատուելու վարժարանի ուսուցիչները:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ

Յաջորդը

Գինուց Քացախ Դարձուած Էրզրումն Ու Չորս Օրեկան Հայը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.