Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Երեսփոխանական 6 Մայիսի Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հանդիպումներ Լիոնի Մէջ

March 23, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան, որ կը գտնուի Ֆրանսա` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ֆրանսա ապրող լիբանանահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու եւ անոնց բացատրութիւններ տալու, 20 մարտին Լիոնի Տեսին քաղաքի Հայ մշակոյթի տունին մէջ հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայութեան հետ:

Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց, որ  մայիսի ընտրութիւնները լիբանանահայութեան համար պատմական առիթ են` վերականգնելու մեր իրաւունքները: Սոյն ընտրութիւններուն անհրաժեշտ է ամբողջ լիբանանահայութեան մասնակցութինը:

Ան յայտնեց, որ մայիս 6-ի ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան նոր մշակուած ընտրական օրէնքի պայմաններուն տակ: Այս օրէնքի մշակումը տեւած է 8 տարի, եւ այդ ամբողջ գործընթացին ՀՅԴ-ն մաս կազմած է աշխատանքային յանձնախումբին: Այս օրէնքը թէեւ կրնայ իտէալական չըլլալ, բայց ան մեծամասնականէն անցում կը կատարէ համամասնականի, եւ գէթ այդ իսկ պատճառով անիկա կը դառնայ աւելի արդար, ժողովրդավար եւ կենսունակ: Այս օրէնքը զուտ լիբանանեան արտադրութիւն է եւ կ՛ապահովէ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն` իւրաքանչիւր ուժի, քաղաքական կուսակցութեան եւ համայնքի:

Մելիք Գարագաւորեան հաստատեց, որ պատմական առիթ է վերականգնելու հայկական երեսփոխանական պլոքը` մեր սեփական ուժերով եւ մեր դաշնակիցներով:

Ան ըսաւ. «Մենք ունինք երեք ընտրատարածք` Պէյրութ, Մեթըն, Զահլէ, եւ` վեց թեկնածուներ: Այս ընտրութիւնները կրնան առիթ ընձեռել վերադարձնելու երկար ատենէ լիբանանահայութեան զլացուած արդար իրաւունքները: Այսօր ժամանակն է, որ լիբանանահայութեան տարածուածութիւնը վերածենք բարոյական եւ քաղաքական ընտրական ուժի, գործօնի` ի խնդիր լիբանանահայութեան եւ համահայկական օրակարգերու: Լիբանանահայութիւնը այսօր պէտք ունի ձեր զօրակցութեան, ձեր մասնակցութեան: Ոչ ոք մեզի մեր իրաւունքները արծաթեայ ափսէի վրայ պիտի հրամցնէ, ամէն ինչ կապ ունի մեր աշխատանքային թափէն»:

Ըստ անոր, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները առնուազն մեզի համար երբեք զուտ ներլիբանանեան քաղաքական ընտրական բնոյթ չեն ունեցած, այլ համահայկական խորք ունեցած են, որովհետեւ զօրաւոր լիբանանահայութիւն` կը նշանակէ զօրաւոր հայութիւն, կը նշանակէ զօրաւոր Հայաստան, զօրաւոր, Արցախ:

Մելիք Գարագաւորեան ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը միշտ համահայկական հարցերու մէջ առաջատար ազատամարտիկը եղած է` Հայ դատ, Հայաստան, Արցախ, սուրիահայ օժանդակութեան մարմին, Ջաւախք եւ այլն:

Անոր համաձայն, լիբանանահայութիւնը լիբանանեան քաղաքական դաշտին մէջ կը վայելէ բոլորին յարգանքը, բոլոր կողմերուն հետ ալ կապեր ունի:

«Այս ընտրութիւններուն մենք պէտք է վերածուինք զօրաւոր, միասնակամ հաւաքականութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակայել զանազան տեսակի դժուարութիւններ: Կը սպասենք, կ՛ակնկալենք եւ համոզուած ենք, որ բռունցքի պիտի վերածուինք բոլորս միասնաբար եւ պիտի ապահովենք Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթանակը», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Վերջին Հարիւրամեակի Ամէնէն Յայտնի Գիտնականներ` Հոքինկի Եւ Այնշթայնի Կեանքերէն Հետաքրքրական Փաստեր

Յաջորդը

Շուշիի Հայոց Եղեռն. 98-րդ Տարելից

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.