Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
«Արցախի Հանրապետութեանը մատուցած ծառայութիւնների համար եւ ծննդեան 70-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախմբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին պարգեւատրել «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով», նշուած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի համապատասխան հրամանագիրին մէջ: