Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարան. «Կրօնին Մէջ Ջուրին Խորհրդապաշտութիւնը» Նիւթով Սեմինար

March 19, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ կրօնին բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն նպատակն էր ուսումնասիրել տարբեր կրօններու մէջ ջուրին մարմնաւորած խորհրդանիշն ու իմաստը:

Իր բացման խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը յայտնեց, որ կրօնին մէջ ջուրը խորհրդանիշ է կեանքի եւ բիւրեղութեան: Ան հրաւիրեց բոլորը` փոխելու մարդկային մտայնութիւնը եւ շեշտը դնելու ոչ թէ քանակին, այլ որակին վրայ: Անոր համաձայն, սովորաբար հարցականներէ հեռու կը մնայ որակը, ինչպէս նաեւ` անհրաժեշտ ռազմավարութիւնը, խոհեմութիւնը եւ տեղական ու տարածաշրջանային ռազմավարութիւնները, զորս կարելի է մշակել, ֆինանսաւորել եւ իրականացնել:

Առաջին բանախօսն էր դոկտ. Ռեն Եուսեֆ, Հայկազեան համալսարանի մէջ կենսոլորտային գիտութեան դասախօս, որուն նիւթին խորագիրն էր` «Մեր ջուրը, մեր ոսկին»: Ան լուսարձակի տակ առաւ քանի մը հիմնական մարտահրաւէրներ, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի մէջ ջուրի սակաւութեան եւ որակին:

Յաջորդական երեք ներկայացումներ լուսարձակի տակ առին ջուրին կարեւորութիւնը եւ անոր խորհրդապաշտութիւնը կրօնին մէջ:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ գրականութեան դասախօս դոկտ. Հոսն Ապուտը  ներկայացուց հետեւեալ նիւթը. «Քուրանին մէջ ջուրը` կեանքի աղբիւր». ան ուրուագծեց Քուրանին մէջ ջուրին իմաստը` եզրակացնելով, որ կեանքի տարբեր երեւոյթներու համար ջուրը  Աստուծոյ կողմէ տրուած սուրբ նուէր կը նկատուի:

Շէյխ դոկտ. Սեմի Ապիլմոնան` ԻՐՖԱՆ հիմնարկի ընդհանուր քարտուղար, լուսարձակի տակ առաւ իսլամական կրօնին մէջ ջուրին աստուածաբանութիւնը` տիւրզիներուն տեսանկիւնէն դիտուած: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ մարդոց պատասխանատուութեան, զոր անոնք ունին ջուրը պահպանելու առումով` զայն նկարագրելով իբրեւ «երկրագունդին շնորհուած պարգեւ, դրախտէն տրուած նուէր եւ անոնց միջեւ կամուրջ»:

Ապա ներկայացուեցաւ ուսումնասիրութիւն մը` «Քրիստոնէական հաւատքին մէջ ջուրը իբրեւ հաշտութեան խորհրդանիշ» նիւթով, որուն մէջ վերլուծուած է ջուրին նկատմամբ քրիստոնէական մօտեցումը: Ուսումնասիրութիւնը ներկայացուցին Քալեպ Հաչըրսոնը (Արաբական մկրտչական աստուածաբանական դպրոցի պատմական աստուածաբանութեան դասախօս) եւ Վիլիպերթ Վան Սաանը  (Հայկազեան համալսարանին մէջ կրօնի դասախօս): Երկու դասախօսներն ալ լուսարձակի տակ առին քրիստոնէական մկրտութեան մէջ ջուրի պատկերացումը` նշելով, որ հաւասարակշռուած, ամբողջական հոգեւոր մկրտութեան աստուածաբանութիւնը կարեւոր է:

Սեմինարին երկրորդ բաժինով անդրադարձ կատարուեցաւ ջուրին վերաբերող գործնական երեւոյթներու:

«Ռոշա ինթըրնաշենըլ» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քրիս Նայլըրը հաստատեց, որ կենդանի էակներու խնամքը եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւններէն է: Նայլըրը ներկայացուց Պեքաայի «Աամիք» ծրագիրի հիմնական մասերը:

Իր կարգին, Պիոն Զիմփրիչը յայտնեց, որ յորդանանեան տարբեր նախարարութիւններու եւ կրօնական ղեկավարներու միջեւ գործակցութիւնը առաջնորդեց ջուրի նկատմամբ զգաստութեան յաւելման եւ արդիւնաւէտութեան: Զիմփրիչը օրինակները տուաւ ուրբաթի նամազին եւ դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ կրօնական դաստիարակութեան, ուր ջուրի նկատմամբ գիտակցութեան հարցը մեծապէս շեշտուած է:

Ապա երկու զեկուցաբերներ մասնակցեցան զրոյցի մը, որուն ընթացքին բարձրացուցին ջուրի պահպանման հարցը Լիբանանի մէջ: Զրոյցը կը վարէր Հայկազեան համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Արտա Էքմեքճին:

Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի դասախօս դոկտ. Տեզիրէ Քազզին բարձրացուց ջուրի սակաւութեան հարցը` իբրեւ ժխտականօրէն զարգացող խնդիր, յատկապէս` աճող բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն համար, երկրորդ հիմնական հարցը նկատելով բնապահպանական պաշարներու կառավարման ռազմավարութիւններու բացակայութիւնը:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հանրային քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու «Իսամ Ֆարես» հիմնարկի կենսոլորտային փոփոխութեան եւ բնական միջավայրի պահպանման ծրագիրի տնօրէն դոկտ. Նատիմ Ֆարաժալլան յայտնեց, որ կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է Լիբանանի մէջ ջուրի յանձանձման աւելի լաւ ձեւեր գտնել` շեշտելով, որ պէտք է ջուրի մսխումը նուազագոյնի հասցնել եւ բարելաւել ջուրի մատակարարումը:

Աւարտին ներկաները ուղղեցին հարցումներ, ստացան պատասխաններ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան քննարկումներ:

 

 

Նախորդը

Ստեր` Առանց Սահմանների

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Հատուցման Խնդիրները` Համահայկական Օրակարգի Նիւթ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.