Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթի Խմբագրապետ Արա Գոչունեանի Այցելութիւնը Պէյրութ

Մարտ 9, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին հրաւէրով Պէյրութ այցելեց պոլսահայ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրապետ Արա Գոչունեանը` նշելու թերթին 110-ամեակը:

Հինգշաբթի, 1 մարտի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած  հրապարակային հանդիսութեան ընթացքին Արա Գոչունեանը ներկայացուց Ի. դարու առաջին տասնամեակին հիմնուած օրաթերթը, անոր անցած ուղին, կատարեց անոր պատմականը, անդրադարձաւ հիմնախնդիրներուն, շեշտեց կարեւորութիւնը թերթին թուայնացման, տարածման հարցերը, նկարագրեց բովանդակութիւնը, թերթին յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը սփիւռքահայ մամուլին հետ: Ամփոփ, սակայն ընդգրկուն նկարագրականէն ետք, բանախօսին ուղղուեցան Պոլսոյ պատրիարքութեան, պոլսահայ կեանքին, մամուլին եւ դպրոցներուն վերաբերեալ հարցումներ:

Հանդիսութիւնը բացառիկ եւ աննախադէպ առիթ էր, որ ներկայ հանրութիւնը` լիբանանահայ կրթական, մշակութային, գրական եւ մամուլի նախանձախնդիր խմբագիրներն ու գրիչի մարդիկ անմիջական շփման մէջ մտնեն բանախօսին հետ, մօտէն եւ անմիջականօրէն ծանօթանան պոլսահայ երիտասարդ ներկայացուցիչին հետ, ունենան լուսաբանական բացատրութիւններ եւ նկատումներ:

Լիբանան իր այցելութեան օրերուն Արա Գոչունեանը այցելութիւններ տուաւ լիբանանահայ կրօնական, կրթական, մամուլի, գրատպական հաստատութիւններու, հարցազրոյցներ ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ի եւ «Ռատիօ Սեւան»-ի հետ, հանդիպում ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողութեան եւ հայ պաշտօնէութեան հետ:

Այս այցելութիւնը որոշակի շօշափելիութիւն մը հաղորդեց պոլսահայ իրականութեամբ շահագրգռուած լիբանանահայ մտաւորականութեան ըմբռնումներուն, վերաձեւեց զանոնք, առարկայականացուց եւ հիմնաւորեց տեսակէտեր, ինչպէս եւ բարեփոխեց այլ պատկերացումներ:

Նման այցելութիւններ կը ծառայեն հայօճախներու աւելի ճշգրիտ փոխճանաչումին, կը նպաստեն պատկերացումներու յստակացումին, որ կրնայ դուռ բանալ դրական հեռանկարներու:

Նախորդը

Գրախօսական. Եըլտըզի Պոմպան

Յաջորդը

Ուսուցչաց Տօնին Նուիրուած. Հոգիներու Ճարտարապետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?