Երկուշաբթի, 19 մարտին, «Արմինիա Թի.Վի.»-էն (Armenia TV) Նորա Սեւակեանը կը հաղորդէ, որ Դիմատետրով եւ «Արմինիա ռատիօ»-ի (Armenia Radio, FM 99.3) ուղիղ եթերով, Ազնիւ Ինկիլիզեանի հաղորդավարութեամբ, երեկոյեան ժամը 7:00-10:30 հեռարձակուեցաւ Արցախի զօրակցական թելեթոնը: Հաղորդավարներուն օժանդակեցին խումբ մը օգնականներ, իսկ յայտագիրին հարցազրոյցներով մասնակցեցան համայնքի ղեկավարներ:
Յաջորդաբար, հեռատեսիլով թէ ռատիոյով, հարցազրոյցի մասնակցեցան` Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանը, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեանը, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան խորհրդատու Հանրիէթ Անդրիասեանը, «Գօլստըն» Ճեմարանի տնօրէն Էտի Տեմիրճեանը եւ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեանը:
Նախարար Յարութիւնեանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ կատարուածին մասին եւ մաղթեց, որ այս մէկը օրինակ ծառայէ այլ համայնքներու:
«Մենք Արցախի մէջ ազգ է, որ կը կերտենք եւ ընտրած ենք ժողովրդավարութեան ուղին` հասնելու համար խաղաղութեան, որուն արժանի է մեր ժողովուրդը: Գովելի է աւստրալիահայ համայնքը` իր կազմակերպուածութեան եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութեան համար», ըսաւ նախարարը:
Արցախի «Ապառաժ» թերթի խմբագիրներէն Արմինէ Նարինեանը, որ ներկայ էր նախաձեռնութեան, հարցազրոյց ունեցաւ Նորա Սեւակեանին հետ:
«Արցախի մէջ մենք կը զարմանայինք, երբ լսէինք, որ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ հանգանակութիւններ կը կատարուին Արցախի բարօրութեան համար: Իսկ հիմա երբ աչքովս կը տեսնեմ այս խանդավառութիւնն ու խրախուսիչ մթնոլորտը, հպարտ կը զգամ աւստրալիահայ գաղութով», ըսաւ Նարինեանը:
Հարիւրաւոր աւստրալիահայեր, հայ եւ ոչ հայ գործատէրեր կատարեցին իրենց նուիրատուութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններ` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցը, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութիւնները, ՀՅԴ Երիտասարդաց դաշնակցութեան, Մաքուարի համալսարանի ուսանողական մարմինը, Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան վարչութիւնները, Հայ դատի յանձնախումբը, Միջին Արեւելքէն ներգաղթողներու օժանդակ յանձնախումբը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աւստրալիոյ շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը:
«Կ՛ուզեմ շնորհաւորել սոյն թելեթոնի մասնակից կազմակերպութիւնները, կամաւորները եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերին յաջողցնելու համար այս ծրագիրը: Սիտնիի Հայ մշակութային կեդրոնին եւ Մելպուրնի Հայ կեդրոնին մէջ մեր գաղութի զաւակներու ներկայութիւնն ու ելեկտրոնային միջոցներով թելեթոնին հետեւող հանրութեան թիւը կու գան ցոյց տալու, որ մեր գաղութը գիտակից գաղութ է, գիտէ եւ քաջատեղեակ է իր ազգային առաջնահերթութիւններուն մասին ու պատրաստակամութիւն յայտնած է կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու Արցախի պաշտպանութեան սուրբ աշխատանքին մէջ», ըսաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:
«Արմենիա Միտիա» ընկերակցութիւնը յայտարարեց, որ 22.873 անձեր Դիմատետրի միջոցով դիտած են այս թելեթոնը, եւ որ` յաջորդող օրերուն կը սպասուի թիւերու յաւելում:
Արցախի մշտական ներկայացուցիչին` Քայլար Միքայէլեանի հովանաւորութեամբ, թելեթոնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Աւստրալիոյ, «Արմենիա Միտիա»-ի, Հայ դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի կողմէ: