Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոսի «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին) Գիրքին Ֆրանսերէն, Գերմաներէն Ու Արաբերէն Թարգմանութիւնները Ամբողջացան

Արամ Ա. Կաթողիկոսի «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին) Գիրքին Ֆրանսերէն, Գերմաներէն Ու Արաբերէն Թարգմանութիւնները Ամբողջացան

Շուրջ երկու տարիներ առաջ անգլերէն լեզուով գրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին «The Armenian Church» (Հայ եկեղեցին) գիրքին ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն թարգմանական աշխատանքները ամբողջացան: Վերջին օրերու ընթացքին Ժընեւի մէջ վեհափառ հայրապետը անձնապէս հետեւեցաւ յիշեալ գիրքին ֆրանսերէն ու գերմաներէն թարգմանութեան աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Պէաթրիս Պենկթըսոնի (Ֆրանսա) կողմէ, որ աստուածաբանութիւն ուսանած ըլլալով` փորձառութիւն ունի նման գիրքերու թարգմանութեան:...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Նախակրթարան Բաժին

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Նախակրթարան Բաժին

«Աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու ապրող, բայց նոյն ազգային երազներով դաստիարակուող հայ աշակերտներ»: Նոր տարուան մթնոլորտը կրկնակի նշանակութիւն ունեցաւ այս տարի Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն համար: Ընթացիկ տօնակատարութիւններու կողքին,  անոնք խնամքով ու սիրով նուէրներ ու բացիկներ պատրաստեցին` ուղարկելու Արցախի տարեկից ընկերներու: Ծանօթացումը աւելի շօշափելի ու հարազատ դարձնելու համար նկարահանուեցան դպրոցն ու դպրոցին առօրեան: Չուշացաւ մեր աշակերտներուն սպասած պատասխան-նամակը,...

Հալէպահայ Համայնքապետները Հայ Ծերանոցին Մէջ

Հալէպահայ Համայնքապետները Հայ Ծերանոցին Մէջ

Սուրիական տագնապին եւ պատերազմին մէջ հայ համայնքին կրած կորուստներուն եւ վնասներուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւէ Հայ ծերանոցը: Արդարեւ, Հալէպ քաղաքի ամբողջական ազատագրումէն ետք եւ Հայ ծերանոցի շրջանը պետութեան հակակշռին տակ մտնելէն ետք, հայ երեք համայնքապետները եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները յատուկ այցելութիւն մը տուին Հայ ծերանոց եւ «Արեւիկ» կեդրոնի քանդուած շէնք, կիրակի, 25 փետրուար 2018-ի կէսօրին:

Իրաք.  «Գարեգին Նժդեհ» Շարժապատկերի Ցուցադրութիւնը` Իրաքի Մէջ

Իրաք. «Գարեգին Նժդեհ» Շարժապատկերի Ցուցադրութիւնը` Իրաքի Մէջ

Իրաքի մէջ ՊՀԵԵ միութիւնը, հովանաւորութեամբ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ միութեան գրական յանձնախումբին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ «Գարեգին Նժդեհ» շարժապատկերի ցուցադրութեամբ, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 փետրուարին: Այս մասին «Հայերն Այսօր»-ին Պաղտատէն կը յայտնէ Գայեանէ Սահակեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին` Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանը, դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեանը, Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեանը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, քահանայ...

Յունաստան.  Տեղեկատուական Տաղաւարներ

Յունաստան. Տեղեկատուական Տաղաւարներ

ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրեց տեղեկատուական տաղաւար, ուրբաթ,  23 փետրուարէն մինչեւ կիրակի,  25 փետրուար, Արցախի ազատագրական շարժումի 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Միութեան անդամները տեղեկութիւններ կու տային բոլոր անցորդներուն` Արցախի եւ Հայ դատի շուրջ: Նաեւ կը ծախէին Հայ դատի վերաբերեալ գիրքեր, երգի խտասալիկներ, պլուզներ եւ այլն:

«Համազգայինը Գիրքին Ընդառաջ». Հանդիպում-Զրոյց` Համազգայինի Հայաստանի Գրասենեակին Մէջ

«Համազգայինը Գիրքին Ընդառաջ». Հանդիպում-Զրոյց` Համազգայինի Հայաստանի Գրասենեակին Մէջ

Կ՛ըսեն` հանդիպումը լաւ գիրքի հետ կրնայ փոխել մարդու ճակատագիրը: Ճիշդ այդ` լաւ գիրքի հետ հանդիպման ակնկալութեամբ ալ գիրք նուիրելու օրուան առիթով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայաստանի գրասենեակը փետրուար 20-ին կազմակերպած էր  «Համազգայինը գիրքին ընդառաջ» հանդիպում-քննարկումը: Հանդիպումին կը մասնակցէին` անուանի գրողներ, գրականագէտներ, գրահրատարակիչներ, գեղանկարիչներ, մշակութասէր երիտասարդներ եւ ուսանողներ, պարզապէս` Համազգայինի լաւ բարեկամներ: Հանդիպումի մեկնարկին Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Նարէ...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած` Քաշաթաղի Իշխանաձոր Համայնքին Մէջ Ձեռնարկ Կազմակերպուած Է

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած` Քաշաթաղի Իշխանաձոր Համայնքին Մէջ Ձեռնարկ Կազմակերպուած Է

Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւի Իշխանաձոր գիւղին մէջ արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ տեղի ունեցած է: Այս մասին «Արցախփրես»-ին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի «Մերան» պաշտօնաթերթէն` աւելացնելով, որ ձեռնարկի ներկաները, շրջվարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեանի գլխաւորութեամբ, գիւղի` արցախեան ազատամարտին մարտիրոսուած քաջորդիներուն նուիրուած նորակերտ յուշակոթողին քով ծաղիկներ խոնարհեցուցած են, ապա տնկած 30 սօսիի ծառ` հիմնելով արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած պուրակ:...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետութեան Երկամեայ Ծրագիրի Մշակման Հանդիպում

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետութեան Երկամեայ Ծրագիրի Մշակման Հանդիպում

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Շրջանային խմբապետութեան երկամեայ ծրագիրի մշակման հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 25  փետրուար 2018-ին, Զահլէի հայ կեդրոնին մէջ: Երկամեայ ծրագիրի մշակման մեկնակէտը եղաւ 100-ամեակը: Առաջին հերթին խօսք առաւ Շրջանային  վարչութեան անդամ  Յակոբ Չպլաքեան,  որ ներկայացուց աշխատանքը ընդհանուր գիծերու մէջ,ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը Վաչէ Նաճարեանը` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որպէսզի ներկայացնէ օրուան նիւթը` ՀՄԸՄ Շրջանային սկաուտական կառոյցը...

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութեան Հեռանկարները` Մշակութային Եւ Տնտեսական Բնագաւառներուն Մէջ» Խորագիրով Լսարան

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութեան Հեռանկարները` Մշակութային Եւ Տնտեսական Բնագաւառներուն Մէջ» Խորագիրով Լսարան

20 փետրուարին Արեւելքի բազմազանութեան համախմբումը, Ռազմավարական համագործակցութեան եւ հետազօտութիւններու խորհրդատուական կեդրոնին հետ գործակցութեամբ, իր կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպեց լսարան` «Լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները` մշակութային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ» խորագիրով: Ներկայ էին` Լիբանանի մէջ Իրանի առեւտրական կցորդ Հուսէյն Սաժատ Նաժատ, քաղաքական խորհրդատու Իրաժ Ալահի, մշակութային խորհրդատու` Մոհամետ Մահտի Շարիհթամտար, ինչպէս նաեւ այլ դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, ակադեմականներ: Լսարանին բացումը կատարեց Արեւելքի բազմազանութեան...

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Տօնը

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Տօնը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը` վերանորոգելով իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին: Մեսրոպեանի աշակերտները, ըստ բաժանմունքներու, առանձին չորս հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը` անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով, յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը` նոր սերունդին համար: Տօնին նուիրուած աշակերտական կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, ուր...

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան Պատասխանատուներու Հետ

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան Պատասխանատուներու Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը փետրուար 19-ին  հիւրընկալած է Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Կարէն Սարգսեանը եւ  ծառայութեան որոշ աշխատակիցներ: Հանդիպումին սկիզբը պատգամաւոր Ալիոշա Գաբրիէլեանը նշած է, որ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան պատասխանատուներու հետ հանդիպումի անհրաժեշտութիւնը ծագած է համայնքներու մէջ բնակչութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին բարձրացած շարք մը հարցերէն: Հանդիպումի հիմնական թեման հանրապետութեան տարածքին վրայ քաղաքացիական պաշտպանութեան ապաստարաններու...

Դասախօսութիւն` «Տնտեսագիտութիւն» Նիւթով

Դասախօսութիւն` «Տնտեսագիտութիւն» Նիւթով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 19 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը` «Տնտեսագիտութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուց Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան 1985-1990 թուականներու փոխկառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Ազատուհի Սարգիսեանը: Ան անդրադարձաւ նորօրեայ նիւթական դժուարութիւններուն, արդիականացած պարտաւորութիւններուն, որոնք ժխտական ազդեցութիւն կը...

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը` ԸԵՄՄ Համաշխարհային Համագումարին

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը` ԸԵՄՄ Համաշխարհային Համագումարին

2018 թուականի փետրուար 15-18 Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ, Մոնթենեկրոյի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան հիւրընկալմամբ, կայացաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) Համաշխարհային համագումարը: Բացմանը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` ԸԵՄՄ գլխաւոր քարտուղար Ալեսանտրօ Պիրիսին, Մոնթենեկրոյի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Միլօ Տիւկանովիչը, ԸԵՄՄ տարածաշրջանային փոխնախագահները եւ այլք: Համագումարին մասնակցեցան աւելի քան 230 ներկայացուցիչներ` ԸԵՄՄ անդամ 115 կազմակերպութիւններէն: ՀՅԴ Երիտասարդականը համագումարին մասնակցեցաւ հինգ ներկայացուցիչով` Կարապետ...

Միջեկեղեցական Կարեւոր Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միջեկեղեցական Կարեւոր Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հինգշաբթի, 15 փետրուարէն շաբաթ, 17 փետրուար 2018 Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Յիշեալ եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցէին դոկտ. Հարըլտ Ռէյն եպիսկոպոսը, որ եպիսկոպոսն է Զուիցերիոյ Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու միաժամանակ ընդհանուր պատասխանատուն` նոյն եկեղեցւոյ պատկանող Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանի աստուածաբանական բաժնին,...

Երկու Հայկական Պետութիւններու Մշակոյթի Նախարարութիւններու Միջեւ Ստորագրուած Է Փոխըմբռնման Յուշագիր

Երկու Հայկական Պետութիւններու Մշակոյթի Նախարարութիւններու Միջեւ Ստորագրուած Է Փոխըմբռնման Յուշագիր

Փետրուար 3-ին  Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի` Արցախ կատարած այցի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան միջեւ ստորագրուեցաւ  պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին  փոխըմբռնման յուշագիր: Յուշագիրը կարեւոր կը նկատէ մասնագիտական փորձի փոխանակումը եւ մեթոտական օժանդակութիւնը, համագործակցութիւնը` պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական հաշուառման, պահպանութեան, ուսումնասիրման ոլորտներուն մէջ, Արցախի Հանրապետութեան...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Լուսնոտութիւն» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Լուսնոտութիւն» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լուսնոտութիւն» (Epilepsy) նիւթով դասախօսութիւնը, որ ներկայացուց տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ներկայացուց օրուան դասախօսութեան նիւթը եւ ըսաւ, որ «Լուսնոտութիւն»-ը նեարդային համակարգի քրոնիք...

Վարդանանցի, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նշում Այնճարի Մէջ

Վարդանանցի, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նշում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ 9 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանցի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան ժողովրդային տօնակատարութիւն: Բացման խօսք արտասանեց Առուակ Շաննաքեանը, որ ըսաւ. «Վարդանանց պատերազմի նաhատակներու արեան կանչը արձագանգեց, լսուեցաւ Սասուն, հասաւ Արագած` պոռթկալով վերաբնակուած ըմբոստ ժողովուրդի ընդմէջէն, որոնց վճռական բռունցքները միանալով Արցախի մէջ` ետ քշեցին ոսոխը բիրտ:...

Թրիփոլիի Ազգային Վարժարանի Ճաշկերոյթը

Թրիփոլիի Ազգային Վարժարանի Ճաշկերոյթը

Անգիր օրէնք, թէ գեղեցիկ սովորութիւն: Իւրաքանչիւր տարուան գարնանամուտի սեմին Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը կազմակերպէ տարեկան ձեռնարկ-ճաշկերոյթ մը: Թրիփոլիի Ազգ. վարժարանը` հիւսիսային Լիբանանի հայկական միակ կրթականը, ինչպէս որ ի մի կը խմբէ հայ թէ լիբանանցի աշակերտներ, նոյն ձեւով ալ ճաշկերոյթ-ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 փետրուար 2018-ի կէսօրին, համախմբած էր հիւսիսային Լիբանանի թէ՛ հայ եւ թէ՛ տեղացի անձնաւորութիւններ,...

«Արուեստը Կեանք Է» Խորագրեալ Աշակերտական Ցուցահանդէս

«Արուեստը Կեանք Է» Խորագրեալ Աշակերտական Ցուցահանդէս

Նախագահութեամբ լիբանանահայ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանի, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, շաբաթ, 17 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արուեստը կեանք է» խորագիրը կրող աշակերտական գործերու ցուցահանդէս: Սրահին մէջ ներկայացուած էին վարժարանի աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն, 5-21 տարեկան, արուեստի 90 պաստառները: Վարժարանի վարչական տնօրէն Արամ Գարատաղլեանը բարի գալուստի իր խօսքին մէջ...

«Երիտասարդութիւնը Ըսելիք Ու Ընելիք Ունի` Մեր Կեանքին Իր Մասնակցութեամբ, Եւ Այդ Մէկը Պէտք Է Կատարէ Պատասխանատուութեամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Երիտասարդութիւնը Ըսելիք Ու Ընելիք Ունի` Մեր Կեանքին Իր Մասնակցութեամբ, Եւ Այդ Մէկը Պէտք Է Կատարէ Պատասխանատուութեամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ ու Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական պատարագ:   Երիտասարդներու հոծ բազմութեան ներկայութեան վեհափառը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Ողջունելէ ետք երիտասարդներուն ներկայութիւնը, ան  յայտնեց, որ այս հոգեպարար...

Page 23 of 68 1 22 23 24 68

Արխիւներ