Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Քիմիական բաղադրութիւններ` պահածոներու մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեանը:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ ոչինչ կրնայ փոխարինել թարմ ուտելիքներուն սննդական արժէքը, սակայն արդի կեանքի պայմանները յաճախ մեզի կը ստիպեն, որ օգտագործենք սառած, շիշերու կամ թիթեղեայ տուփերու մէջ պահածոյ ուտելիքներ, որոնց վրայ զանազան քիմիական յաւելումներ եղած կ՛ըլլան` երկարելու ուտելիքի պահպանումի ժամկէտը, յաւելեալ համ ու հոտ տալու, ախորժաբեր դարձնելու եւ կամ` առաջքը առնելու զանազան մանրէներու ու ժահրերու բազմացումին: Ուտելիքներու մէջ քիմիական յաւելումներու երկարատեւ օգտագործումը դժբախտաբար կրնայ զանազան հիւանդութիւններ յառաջացնել, ինչպէս` քաղցկեղ, գիրութիւն, սրտանօթային հիւանդութիւններ եւ այլն: Ան աւելցուց, որ սառած ուտելիքները աւելի նուազ վնասակար են: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը, որպէսզի յաւելեալ բացատրութիւններ տայ յիշեալ քիմիական յաւելումներուն եւ օգտակար ուտելիքներուն մասին:
Սննդագէտ Մարիա Թէքէեանը դասախօսութիւնը սկսաւ` ըսելով, որ մեր նախնիները եւս կ՛օգտագործէին պահածոներ` բանջարեղէններուն վրայ աղ եւ քացախ աւելցնելով կամ պտուղներուն վրայ` շաքար: Սակայն ներկայիս, յիշեալ նիւթերուն կողքին, կ՛օգտագործուին նաեւ քիմիական յաւելումները:
Ան խօսեցաւ այն մասին, թէ ի՛նչ են քիմիական յաւելումները եւ ինչո՞ւ կ՛օգտագործուին:
Քիմիական յաւելումները`
– Կը կասեցնեն մանրէներուն աճը ուտելիքներուն մէջ,
– Կը պակսեցնեն խոնաւութիւնը,
– Կ՛երկարեն ուտելիքի պահպանման ժամկէտը,
– Համ, հոտ ու գոյն կու տան ուտելիքին:
Մ. Թէքէեանը յիշեց պահածոներ ունենալու երկու տեսակեր.
– Ֆիզիքական. պտուղները կամ բանջարեղէնները չորցնելով, երբ խոնաւութիւնը կը հանուի առանց որեւէ քիմիական յաւելումի:
– Քիմիական. ուտելիքներուն վրայ նիւթեր աւելցնելով, ըլլան անոնք բնական թէ քիմիական:
Քիմիական յաւելումները պահածոյ տուփերուն վրայ կը յիշուին E տառը կրող թուանշաններով, որոնք ցոյց կու տան այն յաւելումները, որոնք օգտագործուած են տուեալ սնունդի պատրաստութեան ընթացքին: Ան նշեց, որ այս յաւելումները ապահով են եւ նոյնիսկ` օգտակար, եթէ ճիշդ քանակութեամբ օգտագործուին:
Դասախօսը թուեց շարք մը յաւելումներ`
– Սոտիում նիթրայթ կը գործածուի պաղ միսերուն մէջ եւ վարդագոյն գոյն կու տայ:
– Սոտիում պենզովէյթ, որ միանալով Սէ. կեսանիւթին` կը վերածուի պենզինի:
– BHA եւ BHT կը գործածուին կարագին եւ աղի ախորժաբերներու մէջ:
– Փոֆիլկարէյթ կը գործածուի բուսական իւղերուն եւ պահածոյ ապուրներուն մէջ:
– Սուլֆայթ կը գործածուի գինիին եւ կարգ մը խմիչքներուն մէջ:
– Մոնոսոտիում կլութամէյթ կը գործածուի չինական ուտելիքներուն մէջ:
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ վերոյիշեալ նիւթերու երկարատեւ գործածութիւնը կը պատճառէ զանազան հիւանդութիւններ, ինչպէս` աղիքներու քաղցկեղ, սրտի հիւանդութիւններ… Ան շեշտեց, որ պահածոները պէտք է օգտագործել որոշ քանակութեամբ, որպէսզի ժխտական ազդեցութիւն չունենան մեր մարմնին վրայ: Բաղդատական մը կատարելով սառած ուտելիքներու եւ տուփերու միջեւ` ան հաստատեց, որ սառած ուտելիքները աւելի նուազ վնասակար են, քան` տուփեղէնները, իրենց պատրաստութեան եւ պահպանման միջոցները նկատի առած:
Վերջին բաժինով սննդագէտը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: