Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հայաստանի Գիւղական Շրջաններու Կիներու Իրավիճակին Նուիրուած Քննարկում ՄԱԿ-ի Մէջ

April 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, ՄԱԿ-ի Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովին իրականացուցած երկշաբաթեայ գիտաժողովի ծիրին մէջ մարտ 12-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ կիներու իրավիճակին նուիրուած քննարկում մը, որուն ներկայ եղան ՄԱԿ-ի շարք մը բաժանմունքներէ, ինչպէս նաեւ` ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ անհատներ: Ներկաներուն մէջ կային ՀՕՄ-ի առնուազն 55 անդամներ` Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Յունաստանէն եւ Հայաստանէն:

Քննարկումին բացումը ՀՕՄ-ի անունով կատարեց դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանը, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք բեմ հրաւիրեց ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Զոհրապ Մնացականեանը:

Դեսպանը շեշտեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց կարելին կ՛ընեն կիները, յատկապէս` գիւղական շրջաններէն, ներգրաւելու երկրի տնտեսութեան զանազան մարզերուն մէջ, ներդրումի ու մասնակցութեան յաւելեալ կարելիութիւններ ընձեռելով անոնց:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ, Միացեալ ազգերու մանուկներու անմիջական օգնութեան միջազգային Ֆոնտին, (UNICEF) կողմէ, դոկտ. Թոպի Ուիքսը, որ խօսեցաւ ճշգրիտ տեղեկութիւններու հաւաքման ու քննարկման անհրաժեշտութեան մասին, առանց որուն` կարելի չէ ճշգրիտ եզրակացութիւններու յանգիլ ու կիներու եւ մանուկներու իրավիճակի բարելաւում իրականացնել: Այս ուղղութեամբ, ան շեշտեց տուեալներու ընդարձակման կարեւորութիւնը` մասնաւորաբա՛ր սեռերու հաւասարութեան համար տարուող ներկայ աշխատանքներու ընթացքին:

Ապա Հայաստանի գիւղերուն մէջ ձեռային աշխատանքներու արտադրութիւնը խթանող եւ անոնց առեւտուրը դիւրացնող «Հայրենիքի զարգացման» նախաձեռնութենէն Արազ Չիլոյեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան մասին:

Իր կարգին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանը ներկայացուց Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ ՀՕՄ-ի շարք մը ծրագիրները` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» առողջապահական կեդրոնի եւ ծննդատան իրագործումները, որոնցմէ օգտուած են աւելի քան 150 հազար քաղաքացիներ` 1998-էն ի վեր: Ան ներկայացուց նաեւ ՀՕՄ-ի ջերմոցներու եւ ոռոգման ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին ՄԱԿ-ի հետ գործակցաբար:

Նշենք, որ սոյն երկշաբաթեայ գիտաժողովին ընթացքին ՀՕՄ-ը նաեւ համահովանաւորած էր գիւղական շրջաններու մէջ ապրող կիներու առողջապահութեան նուիրուած քննարկում մը:

Երկու շաբաթ տեւող Կիներու կարգավիճակի յանձնաժողովի 62-րդ նիստերու ընթացքին ՀՕՄ-ը նաեւ համահովանաւորեց առողջապահութեան հերթական նիստը: «Գիւղաբնակ կիներու եւ աղջիկներու իրավիճակի եւ ներուժի զարգացման պատասխանատու հոգատարութեան կառուցումը» խորագրով այս հերթական նիստը կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Առողջապահութեան յանձնախումբին կողմէ:

Կիներու կարգավիճակի յանձնաժողովի 62-րդ նիստերու մասնակից ՀՕՄ-ի անդամները իրենց ներդրումը ունեցան զանազան ոչկառավարական կազմակերպութիւններու եւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու ու բաժանմունքներու կողմէ կազմակերպուած նիստերուն միասնաբար սատար կանգնելու գիւղաբնակ կիներու եւ աղջիկներու իրաւասութիւններու անսակարկ արժեւորման եւ իրականացման:

Հիմնուած` 1910 թուականին, ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը 26 երկիրներուն մէջ` մարդասիրական ծառայութիւններ մատուցելով թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ օտար շրջանակներէ ներս: Իր ծառայութեան ուխտին ու մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով միութիւնը սատարած է կիներու հզօրացման, որոնք իրենց կարգին նպաստած ու մասնակցած են իրենց համայնքներու բարելաւման` նպաստելով նոյն ատեն դաստիարակչական, առողջապահական, ընկերային եւ անմիջական օգնութեան աշխատանքներուն:

Նոյն ատեն, ՀՕՄ-ը, տասնամեակներէ ի վեր կը գործէ ՄԱԿ-ի մէջ եւ անդամ է անոր Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին (ECOSOC):

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կը խնդրենք այցելել www.ars1910.org:

 

 

Նախորդը

Արցախեան Ազատագրական Պայքարին Նուիրուած Աշակերտական Ձեռնարկ

Յաջորդը

Ուխտի Ճանապարհներ. Արամ Մանուկեանի Գերեզմանը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.