Թուրք Քարոզիչ. «Հիմա Թրքական Բանակը Կը Կռուի Հրեաներու Եւ Հայերու Դէմ»
Թուրք իսլամագէտ եւ քարոզիչ Ահմետ Մահմուտ Ունլուն «Վահտէթ» թերթին մէջ հրապարակած իր յօդուածին մէջ կը մեղադրէ քրիստոնեաները` ահաբեկչութիւն տարածելու մէջ: Յօդուածին մէջ Ունլուն գրած է. «Այս պահուն թրքական բանակը կը կռուի հրեաներու եւ հայերու դէմ: Կը կռուի նաեւ գերմանացիներու եւ յոյներու դէմ: Այսինքն ամբողջ աշխարհին դէմ կը կռուի»: Ունլուի կարծիքով, ահաբեկչութիւնները կազմակերպողները «անհաւատներ»-ն են: Ունլու յօդուածին մէջ կը նշէ. «Քրտական...

















