Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Ո՞ւր Կրնան Հարուածել Հայկական Բանակի Հեռահար Հրթիռները

October 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

harvadz_102715

«Ժամը» լրատուականը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու տրամադրութեան տակ գտնուող ամէնէն հեռահար հրթիռային համակարգն է ռուսական «Թոչքա-Ու»-ն, որ կրնայ հարուածել մինչեւ 120 քմ հեռաւորութեան վրայ, յաջորդ հեռահար հրթիռային համակարգն է «Սմերչ» համակարգը, որ կրնայ հարուածել մինչեւ 70 քմ հեռաւորութեան վրայ թիրախներ: Նախիջեւանէն հարուածներու պարագային, Ազրպէյճան կրնայ օգտագործել իսրայէլեան եւ թրքական արտադրութեամբ այլ հրթիռային համակարգեր, որոնք ամէնէն շատ կրնան վնասել Հայաստանի Արարատեան դաշտավայրին:

Հայկական բանակի զինանոցին մէջ, բացի «Թոչքա-Ու», «Թայֆուն» եւ «Սմերչ» համակարգերէն, գոյութիւն ունին «Ռ-17 Սքոտ» եւ «Իսքանտեր» արտաձգային հրթիռներ, որոնք կրնան ճշգրիտ հարուածներ հասցնել 300 քմ-էն աւելի հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներու: Այս վերջին համակարգերն են, որ կ՛ահաբեկեն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը, որովհետեւ Ազրպէյճանի հետ պատերազմի պարագային հայկական միջին հասողութեան «Թոչքա-Ու», «Թայֆուն» եւ «Սմերչ» հրթիռային համակարգերը կրնան խոցել շփման գիծէն ոչ հեռու գտնուող Ազրպէյճանի երկրորդ մեծագոյն եւ մէկ միլիոն բնակչութիւն ունեցող Գանձակ քաղաքը եւ յարակից բնակավայրերը, իսկ արտաձգային հրթիռները` Պաքուն եւ Կասպեան քարիւղի նաւթահորերը:

Հայկական զինուած ուժերուն մօտ գտնուող հրթիռները քանի մը վայրկեանի ընթացքին կրնան քանդել Ազրպէյճանի տարածքին գտնուող որեւէ ենթակառոյց: Այս հանգամանքը կը խանգարէ Ալիեւի վարչակարգին, յատկապէս երբ բնակչութիւնը կը սկսի չվստահիլ երկրի ղեկավարութեանն ու բանակին:

Ազրպէյճանցի լրագրող Մէօվսուն Հաճիեւ Պաքուի քարոզչամեքենայի մասին երկարաշունչ յօդուած մը գրելով` բացայայտած է, որ ո՛չ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, ո՛չ ալ բանակը պատրաստ են նոր պատերազմի: Հաճիեւ կը գրէ. «Ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կրնայ վերջ տալ ազրպէյճանական քարիւղի առեւտուրին: Հայերու հրթիռակոծութեան տակ կրնայ յայտնուիլ սրբութեան սրբոցը` Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը: Նոյնիսկ Ղարաբաղի վերջնական կորուստը Ազրպէյճանի ներկայ վարչակազմի համար նուազ սարսափելի է, քան` թալանուած նաւթատոլարներու հոսքի նուազումը»:

 

Նախորդը

1915 Թուականին Կին Լինել Պոնտոսում (Ա. Մաս)

Յաջորդը

Հող, Ոգի, Զէնք Խաչիկցիներ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.