
Հոկտեմբեր 13-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս թուրք յայտնի գրող Քեմալ Եալչընի` «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» համանուն գիրքի ներկայացման վերաբերեալ:
Բանախօսներն էին` թուրք գրող Քեմալ Եալչըն, ներկայացման բեմադրիչ Կարինէ Քոչարեան, դերասաններ Յովհաննէս Ոսկերչեան եւ Արթուր Կարապետեան:
Ողջունելով ներկայացման ստեղծագործական խումբը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան արժեւորեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս իրականացուող այս ձեռնարկը եւ նշեց. «Հայ հասարակութիւնը շատ երկար է սպասել, որ թուրք մտաւորականները իրենց ձայնը բարձրացնեն եւ դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչը յոյս է արթնացնում, որ թուրք ժողովուրդը մի օր կը ճանաչի Ցեղասպանութիւնը եւ կ’առերեսուի սեփական պատմութեան հետ: Այս պարունակում կարեւոր է Քեմալ Եալչընի դիրքորոշումն ու հասարակական գործունէութիւնը: Վերջինս 18 գիրք է հրատարակել, որից 8-ը նուիրուած է հայերի, յոյների, ասորիների ցեղասպանութեանը: Ողջունում եմ թատերախմբին` այս ծրագիրը կեանքի կոչելու, համար, եւ լիայոյս եմ, որ ներկայացումը կը ցուցադրուի տարբեր երկրներում` աշխարհին եւս մէկ անգամ ապացուցելով, որ այսօր արդէն բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ սկսել են բարձրաձայն խօսել քսաներորդ դարի առաջին ցեղասպանութեան մասին»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրին աջակցելուն համար` ներկայացման բեմադրիչ Կարինէ Քոչարեան նշեց. «Մենք շատ խօսած ենք Ցեղասպանութեան մասին, բայց երբ թուրք գրողը կը խօսի այդ մասին, այն ալ` փաստերու լեզուով, ատիկա արդէն ձեռքբերում է: Քեմալ Եալչըն անձամբ հանդիպած է ծպտեալ, կրօնափոխ հայերու, Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հետ, որոնք պատմած են այդ տարիներուն եւ ատկէ ետք իրենց հանդէպ իրականացուած հալածանքներուն մասին: Քեմալ Եալչընի գիրքը հետաքրքրական է եւ` բացառիկ անով, որ փաստագրական է եւ չափազանց զգացական: Ներկայացումը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2015 թ. յունիսին, Նիւ Եորքի մէջ: Թատրերգութիւնը ներկայացուեցաւ անգլերէն համաժամանակեայ թարգմանութեամբ, որուն ներկայ էին բազմաթիւ օտարազգի հանդիսատեսներ, որոնք չափազանց տպաւորուած էին»:
Կարինէ Քոչարեան աւելցուց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ներկայացումները տեղի կ’ունենան հոկտեմբեր 14-ին, ժամը 19:00-ին Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի, հոկտեմբեր 15-ին, ժամը 19:00-ին` Վանաձորի Հ. Աբէլեանի, հոկտեմբեր 17-ին, ժամը 19:00-ին` Երեւանի Կ. Սթանիսլաւսքիի անուան թատրոններուն մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայացման ողջ անձնակազմին ներդրած մեծ աւանդին համար` թուրք գրող Քեմալ Եալչըն մասնաւորապէս նշեց. «Առաջին անգամ կ’այցելեմ Հայաստան, շատ հպարտ եւ երջանիկ եմ ատոր համար: Արդէն 25 տարի է, որ կը զբաղիմ հայկական հարցով եւ այդ թեմայով արդէն 5 հազար էջէ աւելի հրապարակում ունիմ, որ կը փաստէ հայ ժողովուրդին կրած ցաւն ու տառապանքը: Ձեր ցաւը կը համարեմ իմ ցաւս եւ ատիկա է պատճառը, որ գիրքը ստացած է «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» անուանումը: Գիրքը հայերէնով առաջին անգամ հրապարակուած է Երեւանի մէջ, իսկ երկրորդ տպագրութիւնը եղած է Երուսաղէմի մէջ»:
Թուրք գրողը վստահութիւն յայտնեց, որ իր գիրքերը եւ այս ներկայացումը քայլեր են երկու ժողովուրդներու փոխըմբռման, ճշմարտութեան բացայայտման ճանապարհին:
Բարձր գնահատելով Քեմալ Եալչընի համարձակութիւնը` Արթուր Կարապետեան նշեց. «Երբ որ հայը կը խօսի իր ցաւին մասին, աշխարհ կարծես կը փակէ իր ականջները, բայց երբ ոճիր գործած ազգի մտաւորականը խօսի, ատիկա արդէն այլ է: Նիւ Եորքի մէջ ներկայ էին տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք շատ զարմացած էին եւ` յուզուած: Կը կարծեմ, որ հարիւր տարի անց թուրք մտաւորականին ներողութիւն հայցելը կ’ըլլայ առաջին քայլերէն մէկը, որ կը նպաստէ խնդրի լուծման»:
Ասուլիսի աւարտին բանախօսները պատասխանեցին լրագրողներու հարցերուն:

