Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Գրողը Կ՛երազէ Անգարայի Մէջ Տեսնել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթող

October 23, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Yalcin_10-23-15

Քեմալ Եալչըն հաւաստեց, որ կու գայ օր մը, երբ Անգարայի մէջ նոյնպէս կը կառուցուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, ըստ «Նիուզ»-ի, հոկտեմբեր 14-ին Քեմալ Եալչըն նշած է, որ թուրքերուն` հայերու հանդէպ իրականացուցած ցեղասպանութիւնը հիմա ալ կը շարունակուի, քանի դեռ Թուրքիան զայն չէ ընդունած:

«Այժմ կու գամ Ծիծեռնակաբերդէն, շատ յուզուած եմ, յստակօրէն կը գիտակցիմ, որ հայերուն ցաւը նաեւ իմ ցաւս է: Հայոց ցեղասպանութեան մասին քանի մը գիրք գրած եմ, բայց գիտեմ, որ ատիկա ոչինչ է այն ցաւին դէմ, ինչ որ դուք կը զգաք: Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ, ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, հակառակ պարագային` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ», ըսած է Քեմալ Եալչըն:

Թուրք գրողին խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Թուրքիան աշխարհի մէջ մինակ մնացած է` կրկնելով 1915 թուականէն ետք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ միշտ հնչեցուած նոյն «երգը»` Օսմանեան կայսրութիւնը հայերու հանդէպ ցեղասպանութիւն չէ իրականացուցած:

«Էրտողանը, երբ նոր եկաւ իշխանութեան, խոստացաւ, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ Հայկական հարցը դրական ընթացք ունենայ, սակայն ան ալ խաբեբայ դուրս եկաւ: Հրանդ Տինքի շնորհիւ 1990-ին սկսած Թուրքիոյ մտաւորականները Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնել սկսան, որ Թուրքիոյ մէջ մինչ այդ չտեսնուած երեւոյթ էր, սակայն մտաւորականները կը հալածուին, ինչպէս որ եղաւ Հրանդ Տինքի պարագային: Սակայն կրնամ ըսել, որ վերջին տարիներուն այս առումով Թուրքիոյ մէջ բաւական դրական փոփոխութիւններ կը նկատուին, մտաւորականները, արուեստի ներկայացուցիչները կրնան բացէիբաց ներկայացնել իրենց կարծիքը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ», ըսած է Քեմալ Եալչըն:

Թուրք գրողը կը կարծէ, որ Հայկական հարցի լուծման համար Թուրքիան պէտք է Հայաստանին տարածքային, նիւթական եւ մշակութային փոխհատուցում տայ: Ըստ անոր, միայն այդ ճանապարհով հնարաւոր է երկու երկիրներու միջեւ վերականգնել բարեկամութիւնն ու խաղաղութիւնը: «Եղբայրութեան ձգտող ժողովուրդի համար խաղաղութիւնը ամէն ինչէ կարեւոր է, ես կը կարծեմ, որ Հայկական հարցին պէտք է այնպիսի լուծում տալ, ինչպէս որ հայերը կ՛ուզեն», ըսած է ան:

Նախորդը

Քիրվայի Սովորութիւնը Քրտերի Ու Հայերի Յիշողութիւններում

Յաջորդը

Քեմալ Եալչըն. «Ձեր Ցաւը Կը Համարեմ Իմ Ցաւս»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.