Վանի Բերդը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկին Մէջ Ներառելու Դիմում Ներկայացուած Է
Թուրքիա դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` Վանի բերդը համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու համար, կը յայտնէ News.am: Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին համաձայն, Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուզաֆեր Աքթուղ յայտնած է, որ եթէ Վանի բերդը մտնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ապա ատիկա Վանին մեծ ճանաչում եւ օգուտ պիտի բերէ: Նշենք, որ Թուրքիան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ուղղուած դիմումին մէջ շեշտած է Վանի բերդը եւ...


















