Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութիւնը Եւ Արխիւի Խնդիրը

Հոկտեմբեր 21, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

archives_10-21-15

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Թուրքիոյ մէջ միշտ օրակարգի բերուած է այն հարցը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ արխիւները որքա՛ն առողջ են ու այդ արխիւները ի՞նչ չափով կը դրուին պատմաբաններու քննարկումին տակ: Միշտ պնդուած է, որ Թուրքիա ընդհանրապէս մաքրագործած է արխիւները, կամ` զտումի կ՛ենթարկէ պատմաբաններու կողմէ եղած դիմումները:

Այս տեսակէտէ հետաքրքրական յօդուած մը գրի առած է Աթթիլա Թույկան «Տեւրիմճի Գարատենիզ» կայքէջի վրայ: Յօդուածին խորագիրն է` «Ցեղասպանութիւն եւ արխիւի խնդիրը»: Յօդուածագիրը կը գրէ, որ իրականութիւն ըլլալէ շատ հեռու է այն պնդումը, թէ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ արխիւները բաց եւ հասանելի են: Արխիւները բաց են թէեւ, բայց` միայն այն պատմաբաններուն համար, որոնք թուրք պետութեան շահերուն համար կ՛աշխատին: Արա Սարաֆեան մէկն է այն սակաւաթիւ պատմաբաններէն, որոնք կրցած են հետազօտել թրքական արխիւները: Բայց ան ալ շատ սահմանափակ կերպով կրցած է տեսնել արխիւները: Մնաց որ, Սարաֆեան այս արխիւները քննելէ ետք ըսած է, որ այս փաստաթուղթերուն մէջ գործածուած թիւերն ու տուեալները կասկածելի են:

Սարաֆեան իր մէկ յօդուածին մէջ գրած է հետեւեալը. «Արխիւի պաշտօնեաները իրաւասու են ձեռք դնելու այն փաստաթուղթերուն վրայ, որոնք պէտք չէ տեսնուին ուրիշներու կողմէ, անոնք արտօնութիւն կու տան միայն սակաւաթիւ փաստաթուղթեր տեսնելու, պատմաբաններու դիմումէն ետք արխիւի պաշտօնեաներն են, որ պիտի որոշեն, թէ փաստաթուղթերը յանձնուի՞ն պատմաբանին, թէ՞ ոչ: Արխիւները քննելու համար դիմում կատարող պատմաբաններուն դիմումները կրնան մերժուիլ սա մակերեսային պատճառաբանութիւններով, թէ`

Պահանջուած փաստաթուղթը քննարկումի նիւթէն դուրս կը մնայ,
Կամ` պահանջուած փաստաթուղթերը չեն գտնուած,
Կամ` պահանջուած փաստաթուղթերը նուրբ ու զգայուն են,
Կամ թէ պահանջուած փաստաթուղթերը մասնաւոր վերաբերման ենթակայ են եւ այլն»:

Յօդուածագիրը կը յիշեցնէր, որ արդէն Արա Սարաֆեան «անբաղձալի» հռչակուեցաւ, երբ մեկնեցաւ արխիւները քննելէ ետք: Ջնջուեցաւ անոր Թուրքիա մուտքի այցեգիրը: Նոյն վերաբերումը ցոյց տրուեցաւ Հիլմար Քայզըրի: Բացի ատկէ, քննարկումները ցոյց կու տան, որ Իթթիհատականները քաջ գիտնալով, որ պատերազմի պարտութեան պարագային իրենց գլխուն ինչեր կրնան գալ, մասնաւոր պատգամաբերներ գործածած են ամէնուրեք Ցեղասպանութեան փաստաթուղթերէն որեւէ հետք չձգելու նպատակով: Այս մասին հետաքրքրական տեղեկագիր մը պատրաստած է շուէտացի Էյնար Աւ Վիրսեն:

Գալով Հայաստանի արխիւներուն` յօդուածագիրը հարց կու տայ, թէ Հայաստան ինչպէ՛ս կրնար ունենալ փաստաթուղթեր` Ցեղասպանութիւնը շարունակ ուրացող դրացի երկրի մը կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան մը մասին: Մնաց, որ, մինչեւ 1918 Հայաստանի պետութիւն մըն ալ գոյութիւն չունէր:

Յօդուածագիրը ապա կը հարցնէ, թէ ուրեմն ինչպէ՞ս այսքան շատ բան գիտենք Ցեղասպանութեան մասին, եթէ թրքական արխիւները փակ են շատերու: Պատասխանն այն է, որ կան գերմանական, աւստրիական, Հունգարիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Ամերիկայի ու այլ երկիրներու արխիւները, որոնք լայն չափով փաստաթուղթեր ունին այս նիւթի մասին:

Պատմաբան Վահագն Տատրեան թերեւս նկատի առնելով այս մանրամասնութիւնները` նախընտրած է իր աշխատանքը կեդրոնացնել թրքական, գերմանական, աւստրիական ու հունգարական աղբիւրներու վրայ: Ասոնցմէ դուրս տակաւին կան Շուէտի նման անկողմնակալ երկրի մը արխիւները, կ՛ըսէ յօդուածագիր Աթթիլա Թույկան:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Թաներ Աքչամ. «Ցեղասպանութիւնը Հայկական Բարենորոգումների Հարցին Տրուած Վերջին Պատասխանն Է» ( Բ. Մաս )

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?