«Ազրպէյճանում Նենգափոխւում Է 1990թ. «Սեւ Յունուար»-ի Էութիւնը». ԼՂՀ Աժ
«ԱՐՑԱԽՓՐԷՍ» Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններն ու երեսփոխանները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած են Պաքու քաղաքին մէջ 25 տարի առաջ տեղի ունեցած հայ բնակչութեան ջարդերուն, զորս Ազրպէյճան կը փորձէ նենգափոխել: Յայտարարութիւնը ստորագրած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն», «Ժողովրդավարութիւն» եւ «Հայրենիք» խմբակցութիւնները եւ «Արցախատուն» պատգամաւորական խմբակցութիւնները: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «1990թ. յունուարի 13-19 Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքւում պետական մակարդակով...
















