Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոտքի Ոսկորի Հարցեր» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Ոտքի ոսկորի հարցեր»-ը, զոր ներկայացուց բեկաբուժ - վիրաբուժ տոքթ. Փետրօ Նախլէ: Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, թէ ոտքերը մարմնի յենարաններն են:...


















