Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութիւն. Սրբոց Վարդանանց Հերոսամարտի Հանդիսաւոր Նշում

February 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21215_DER-SARKIS21215_AVEDAPER-YERTCHAKHOUMPԿազմակերպութեամբ Հայց. առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը, եղբայրակցութեան աղօթարանին մէջ:

«Հայր Մեր»-էն ետք հանդիսութեան բացումը կատարեց Աւօ Թորոսեան, որ ըսաւ. «Այսօր ալ Վարդանանց հերոսամարտը նոյնքան այժմէական է, կարեւոր է նոր սերունդին փոխանցել դարերէ ի վեր մեզի հասած աւանդը»: Ան աւելցուց, որ` «Աւարայրի հերոսամարտը մեր հաւատքի պատերազմն է, որուն մէջ Յիսուս Քրիստոս կը գրաւէ առաջին տեղը»:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայոց թեմի «Աւետաբեր» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Երուանդ Քէշիշեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ` Մարիա Յովսէփեան-Քէշիշեանի: Երգչախումբը փունջ մը վարդանաշունչ խմբերգներով ու մեներգներով, ինչպէս նաեւ ասմունքներով յաւելեալ փայլք տուաւ ձեռնարկին:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան Աւարայրի դէպքերու նշումով վերլուծական մը կատարեց հայութեան ժամանակակից պատմութեան անկիւնադարձային թուականներուն: Տէր հայրը աւելցուց, որ 451 թուականն ու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը իրարմէ անբաժանելի օղակներ են: Ան վեր առաւ Վարդանանցի ու Ցեղասպանութեան նահատակներու զոհաբերութեան ու հաւատքի մէջ հաստատ մնալու հանգամանքը: Քահանայ հայրը յիշեցուց Ղուկաս Աւետարանի համարը, որ կ՛ըսէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպաննեն, բայց հոգին չեն կրնար ջնջել»:

Տէր հայրը աւելցուց, որ այս տօնը Աստուծոյ հետ մեր ուխտը նորոգելու օր է, որովհետեւ եթէ Վարդաններն ու Ղեւոնդ Երէցները չըլլային, մենք շատ դիւրաւ ձուլուած պիտի ըլլայինք: Տէր հայրը եզրափակելով իր խօսքը` շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական բաժնի մասնակիցներուն, կոչ ուղղեց երիտասարդութեան եւ յորդորեց, որ անոնք տէր կանգնին մեր դարաւոր ժառանգութեան ու հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Պահպանիչ»-ով:

Նախորդը

Տեառնընդառաջը, Վարդանանքը Եւ Բարեկենդանը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Յաջորդը

Ջութակի Դասաւանդման Առանձնայատկութիւնները

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.