Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջը, Վարդանանքը Եւ Բարեկենդանը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Փետրուար 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21115_khanamirian111 փետրուար 2015-ին իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ: Դուրսի ցուրտին կու գար հակադրուելու աշակերտներուն կայտառութիւնն ու բարձր տրամադրուածութիւնը, որոնք եթէ մէկ կողմէն արդիւնք էին քննութեան աւարտին, միւս կողմէն ալ ազգային-հայրենասիրական եւ եկեղեցական տօները, աւանդութիւնները միասնաբար նշելու անզուգական առիթին:

Առաւօտուն, հայկական աւանդութեան հաւատարիմ, մանկապարտէզի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի աշակերտները, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմը հաւաքուեցան դպրոցի շրջափակին մէջ նշելու Տեառնընդառաջը եւ վառելու աւանդական խարոյկը: Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան եւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեան յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքը յղեցին աշակերտութեան եւ մաղթեցին, որ գիտութեան լոյսը պարուրէ աշակերտութեան միտքն ու հոգին, ապա վառեցին խարոյկը, որուն շուրջ բոլորուած աշակերտները դարձան կրակին շուրջ` երգելով, ծափելով ու վրայէն ցատկելով: Ապա աւանդական աղաձէն վառեցին դպրոցին մոմն ու վերադարձան դասարան:

Մանկապարտէզի ու նախակրթարանի աշակերտները դպրոցի սրահին մէջ կրկին մէկտեղելու նպատակը այս անգամ Վարդանանց տօնի նշումն էր: Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ բացման խօսքով, զոր կատարեց 6-րդ դասարանէն Աբօ Գէորգեան: Ան խօսքին մէջ ըսաւ, որ Վարդան Զօրավարը հայ ազգի պարծանքն է, որովհետեւ իր արիւնը թափեց մեր հաւատքը պահելու համար: Ապա ըսաւ. «Մենք` խանամիրեանականներս, կ՛ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր հայրերու հաւատքին, տէր կանգնիլ ազգային արժէքներուն ու սրտի մօտիկ պահել մեր քաղցր մայրենին»:

21115_khanamirian2Վարդանանց ոգիով լեցուն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները հերթաբար բարձրացան բեմ ու ներկայացուցին Վարդանանքի նուիրուած ընթերցումներ, խմբերգներ, արտասանութիւններ ու պար: Իսկ միջնակարգի աշակերտները դիտեցին Վարդանանց ճակատամարտը ներկայացնող տեսերիզ մը: Աշակերտները իրենց ելոյթներով ապացուցեցին, որ դարեր ետք Քաջ Վարդանի ու իր զինակիցներուն հերոսամարտի ապրումները կը շարունակեն ոգեւորել ու դաստիարակել սերունդները, որպէսզի հաւատքով ու հայավարի կերտեն իրենց ապագան:

Վարդանանց խորհուրդով աշակերտները դուրս եկան դպրոցէն, որ կէսօրէ ետք նոյն սրահին մէջ հաւաքուին, բայց այս անգամ` Բարեկենդանի աւանդական խրախճանքը տօնելու: Լուռ սրահը հետզհետէ պայծառացաւ ու լեցուեցաւ աշակերտներու անսահման հրճուանքով ու ծիծաղով: Խանդավառութիւնը անսահման էր:

Բարեկենդանի հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեանը, որ շնորհաւորեց բոլորը Բարեկենդանի տօնին առթիւ ու յայտնեց, որ վարժարանին աշակերտները ոչ միայն կը շարունակեն նշել ազգային եկեղեցական տօները, ինչպէս` Վարդանանքը, Տեառնընդառաջը եւ Բարեկենդանը, այլ կը պահեն նաեւ անոնց գաղափարական իմաստը, որով կը շեշտուի մեր սովորութիւնները պահելու ու զանոնք օրին նշելու նախանձախնդրութիւնը: Օրուան հանդիսավարն էր Ալինա Յովսէփեան:

Աշակերտները դասարան առ դասարան բեմ բարձրացան ու ներկայացուցին մանկական աշխարհին յատուկ կերպարներ, արտայայտութիւններ ու միտքեր:

Խանամիրեան քոլեճի բարեկամներ` Գալին Հալլաճեան եւ Ալվարդ Գալոշեան, որպէս դատական կազմի անդամներ, յայտարարեցին իւրաքանչիւր դասարանի լաւագոյն ծպտուած աշակերտները, ապա` բացառիկ ծպտուած աշակերտը, որոնք հերթաբար բարձրացան բեմ ու ստացան իրենց նուէրները: Ուշագրաւ էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գաղափարը խորհրդանշող անմոռուկը, որ նոյնպէս մարմնաւորուած էր շատերու կողմէ:

21115_khanamirianՀանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած հիւրասիրութիւն, ապա` վիճակահանութիւն:

Խրախճանքի աւարտին բոլոր աշակերտները ստացան իրենց նուէրները ու հրաժեշտ տուին իրարու: Իսկ միջնակարգի աշակերտները նոյն սրահին մէջ երեկոյեան տօնեցին Բարեկենդանի առթիւ կազմակերպուած խրախճանքը, ուր նոյնպէս կը տիրէր խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ: Իւրաքանչիւր կարգէն լաւագոյն ծպտուած աշակերտները ստացան նուէր, ապա տեղի ունեցաւ ամենագեղեցիկ ու վայելուչ զոյգին ընտրութիւնը: Խրախճանքի ընթացքին աշակերտները խաղացին, զուարճացան, պարեցին եւ հիւրասիրուեցան:

Այս բոլոր ձեռնարկները կու գան ապացուցելու, որ ուսուցման գործընթացին անբաժան կը մնան` հայրենասիրութեան ու քրիստոնէական հաւատքի սերմանումը, մեր նախահայրերու կատարած քաջագործութիւններու արժեւորումը եւ հայկական աւանդութիւնները ամէն գնով պահելու նախանձախնդրութիւնը:

 

Նախորդը

Կրթական Միջազգային Ծրագիր` Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութիւն. Սրբոց Վարդանանց Հերոսամարտի Հանդիսաւոր Նշում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?